Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայ Դատի Յանձնախումբերը Նոր Թափով Պիտի Յաղթահարեն Արցախ – Հայաստանի Ու Հայութեան Դիմագրաւած Մարտահրաւէրները

May 13, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

logo_ARF_40316

8-11 մայիսին Երեւանի եւ Ստեփանակերտի մէջ գումարուեցաւ ՀՅԴ Հայ դատի յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու համաժողովը:

Խորհրդաժողովին մասնակցեցան Հայ դատի աւելի քան 25 յանձնախումբերէն եւ գրասենեակներէն, եւ ՀՅԴ կուսակցական մարմիններէն մօտ 65 ներկայացուցիչներ:

Խորհրդաժողովի օրակարգին հիմնական կէտերն էին.

. Արցախի իրաւական միջազգային ճանաչումին համար եւ Ազրպէյճանի հակահայ քաղաքականութեան դէմ պայքար.

. Աշխատանքներ Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումին եւ պահանջատիրական պայքարին ուղղութեամբ.

. Հայաստանի արտաքին քաղաքականութիւն եւ մարտահրաւէրներ.

. Ջաւախքի հայութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան ուղղութեամբ նախաձեռնութիւններ:

Խորհրդաժողովը քննարկեց Հայ դատի աշխատանքներու ընթացքը 2015-ի յունուարէն առ այսօր:

Հայ դատի աշխարհասփիւռ գրասենեակներն ու յանձնախումբերը` աւարտելով իրենց գումարած քառօրեայ խորհրդաժողովը, կը յայտարարեն.

– Իրենց ամբողջական ու անվերապահ աջակցութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ու ժողովուրդին` ընդգծելով, որ յաւելեալ վճռակամութեամբ պիտի շարունակեն Արցախի անկախութեան միջազգային ճանաչման, բարգաւաճման ու անվտանգութեան ապահովման ուղղուած իրենց ջանքերը:

– Կը դատապարտեն Ազրպէյճանի կողմէ մայիս 1994-ի զինադադարի եռակողմ համաձայնութեան շարունակական խախտումներն ու ապրիլի 2-ին շղթայազերծած յարձակումը եւ անընդունելի նկատելով անոնց առնչութեամբ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն ու ընդհանրապէս միջազգային ընտանիքին` նախայարձակն ու անոր զոհը նոյն նժարին վրայ դնող յայտարարութիւնները` կը պահանջեն որդեգրումը յստակ ու արդար գնահատանքի, ինչ որ կրնայ միայն նպաստել ղարաբաղեան հիմնախնդիրի խաղաղ կարգաւորման:

– Կը վերանորոգեն Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման, փոխհատուցման ու հայ ժողովուրդի պահանջատիրութեան նկատմամբ իրենց յանձնառութիւնը:

– Իրենց աջակցութիւնը կը յայտնեն Հայաստանի Հանրապետութեան բարգաւաճման, անվտանգութեան ապահովման ու միջազգային հեղինակութեան զարգացման ջանքերուն:

– Իրենց զօրակցութիւնը կը յայտնեն Ջաւախքի հայութեան` իր քաղաքական, կրթական-մշակութային եւ հոգեւոր իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ ընկերային-տնտեսական վիճակի բարելաւման ուղղութեամբ քայլերուն:

– Առաւել թափով պիտի շարունակեն քաղաքական յարաբերութիւններու ճամբով անվտանգութեան եւ իրաւունքներու պաշտպանութեան, ինչպէս նաեւ` Սուրիոյ եւ Հայաստանի մէջ գտնուող սուրիահայութեան մարդասիրական միջազգային աջակցութիւն ապահովելու նպատակով աշխատանքները:

ՀԱՅ ԴԱՏԻ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿՆԵՐ ԵՒ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԵՐ
ՀՅԴ ՄԱՄԼՈՅ ԴԻՒԱՆ

Ստեփանակերտ, 11 մայիս 2016

 

Նախորդը

Սարգսեան – Ալիեւ Հանդիպո՞ւմ

Յաջորդը

Մարդկային Իրաւունքներու Միութիւնը Թուրքիոյ Խորհրդարանէն Պահանջեց Քննել Կարօ Փայլանի Դէմ Յարձակումը

RelatedPosts

Խմբագրական.  Հայկական Աշխարհին Մէջ Լսելի՛ Ձայնը («Վանայ Ձայն»-ի 40-Ամեակին Առիթով)
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Հայկական Աշխարհին Մէջ Լսելի՛ Ձայնը («Վանայ Ձայն»-ի 40-Ամեակին Առիթով)

October 17, 2026
Հաղորդագրութիւնղ  («Վանայ Ձայն»-ի Հիմնադրութեան  40-Ամեակին Առիթով)
Գաղութային

Հաղորդագրութիւնղ («Վանայ Ձայն»-ի Հիմնադրութեան 40-Ամեակին Առիթով)

October 17, 2026
Թրամփ. «Իրանի Դէմ Հիւլէական Զէնք  Պիտի Չօգտագործենք, Եւ Ատոր Ստիպուած Չենք»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանի Դէմ Հիւլէական Զէնք Պիտի Չօգտագործենք, Եւ Ատոր Ստիպուած Չենք»

October 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.