ՀՅԴ Մամլոյ դիւանը կը հաղորդէ, որ նախագահութեամբ Հայ դատի Կեդրոնական խորհուրդի նախագահ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի, կիրակի, 8 մայիս 2016-ին, Երեւանի մէջ սկսաւ ՀՅԴ Հայ դատի յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու խորհրդաժողովը:
Ժողովավար Տէր Խաչատուրեանի բացման խօսքէն ետք յաջորդաբար ողջոյնի խօսքով թէ զեկուցումներով ելոյթ ունեցան` ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան, ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան, որ առաւելաբար կեդրոնացաւ Հայաստանի ներքաղաքական իրավիճակին եւ ՀՅԴ աշխատանքներուն վրայ:
Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին քաղաքականութեան մարտահրաւէրներուն մասին խօսեցաւ արտաքին գործոց փոխնախարար Շաւարշ Քոչարեան:
Ապա զեկուցաբերները պատասխանեցին ներկաներու բազմաթիւ հարցումներուն:
Խորհրդաժողովի յաջորդական նիստերը պիտի գումարուին 9-11 մայիսին, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մայրաքաղաք Ստեփանակերտի մէջ: