
Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան 10 մայիսին ընդունած է Եւրոպական Միութեան Հարաւային Կովկասի եւ Վրաստանի ճգնաժամի հարցերու յատուկ ներկայացուցիչ Հերպըրթ Զալպերը:
Նախագահ Սարգսեան ներկայացուցած է իր տեսակէտը Ազրպէյճանի ապակառուցողական եւ ռազմատենչ կեցուածքին իբրեւ հետեւանք իրավիճակի լարման եւ բանակցային հոլովոյթը խոչընդոտելու այդ երկրի դրդապատճառներուն մասին:
Անդրադառնալով Ազրպէյճանի զինուած ուժերուն կողմէ ապրիլեան իրադարձութիւններուն ընթացքին գործադրուած ռազմական յանցագործութիւններուն փաստերուն` նախագահը ընդգծած է նման անթոյլատրելի եւ դատապարտելի երեւոյթներուն միջազգային հանրութեան եւ մասնագիտական կառոյցներուն կողմէ համարժէք արձագանգելու անհրաժեշտութիւնը:
Հանդիպման ընթացքին նշուած է զինադադարի խախտման դէպքերու հետաքննութեան մեքանիզմի ներդրման եւ վստահութեան ամրապնդման նախաձեռնութիւններու դիմելու անհրաժեշտութիւնը: Կողմերը երկուստեք ընդգծած են, որ տագնապի խաղաղ լուծումը այլընտրանք չունի:
Հանդիպում Նախարար Միրզոյեանի Հետ

10 մայիսին աշխատանքային այցելութեամբ Երեւան գտնուող Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Կարէն Միրզոյեան եւս հանդիպում ունեցած է Եւրոպական Միութեան Հարաւային Կովկասի եւ Վրաստանի ճգնաժամի հարցերու յատուկ ներկայացուցիչ Հերպըրթ Զալպերի հետ:
Կարէն Միրզոյեան անոր տեղեկատուութիւն փոխանցած է ապրիլի սկիզբը Լեռնային Ղարաբաղի դէմ Ազրպէյճանի կողմէ սանձազերծուած ռազմական յարձակումին եւ անոր հետեւանքներուն մասին` ընդգծելով, որ ասիկա 1994-ի զինադադարի դրութեան եռակողմանի համաձայնագիրի աննախընթաց խախտում էր: Ան նշած է, որ` ձգտելով տապալել բանակցային հոլովոյթը եւ մերժելով իրավիճակի կայունացման վերաբերող բոլոր նախաձեռնութիւնները, Ազրպէյճան փորձած է ազրպէյճանական-ղարաբաղեան տագնապը լուծել ռազմական ուղիով:
Նախարարը Հերպըրթ Զալպերի ուշադրութիւնը հրաւիրած է այն փաստին վրայ, որ Լեռնային Ղարաբաղի դէմ Ազրպէյճանի կատարած յարձակումին զուգահեռ այդ երկրի բանակը գործած է պատերազմական բազմաթիւ յանցագործութիւններ, պատերազմի օրէնքներու եւ սովորութիւններու, ինչպէս նաեւ միջազգային մարդասիրական իրաւունքի եզրերու կոպիտ խախտումներ:
Լեռնային Ղարաբաղի արտաքին գործոց նախարարը յիշեցուցած է, որ իրենք բազմիցս նախազգուշացուցած են միջազգային հանրութիւնը, որ վճռական եւ հասցէական քննադատութեան բացակայութիւնը Պաքուի մօտ պիտի ստեղծէ ամենաթողութեան կեղծ զգացում եւ ճամբայ հարթէ նորանոր արկածախնդրութիւններու: Ան ընդգծած է դիւանագէտներու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու Արցախ այցելութեան կարեւորութիւնը` ստեղծուած իրավիճակին մասին առարկայական պատկերացում կազմելու եւ ազրպէյճանական յարձակումին պատճառներուն ու հետեւանքներուն մասին բազմակողմանի տեղեկատուութիւն ստանալու համար:
Կողմերը անդրադարձած են իրավիճակի ապակայունացման հետագայ փորձերը բացառելու եւ տագնապի խաղաղ լուծման հոլովոյթին վերսկսելու ջանքերուն կարեւորութեան:
Զրուցակիցները միտքեր փոխանակած են նաեւ փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող շարք մը հարցերու շուրջ:


