Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արամ Ա. Կաթողիկոսի Հովուապետական Այցելութիւնը` Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ

Մայիս 10, 2016
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ապու Տապիի Մէջ
Ազգային «Արա Խանոյեան» Վարժարանին
Բացումը Կատարեց

Vehapar_UAE_opening

Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց թեմին կատարած իր հովուապետական այցելութեան ծիրին մէջ, ուրբաթ, 6 մայիս 2016-ի երեկոյեան ժամը 5:00-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը, Ապու Տապիի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ համալիրին մէջ, պաշտօնական բացումը կատարեց Ազգային «Արա Խանոյեան» վարժարանին եւ «Սուրէն Գոճաքեան» սրահին:

Հանդիսութեան ներկայ էին երկրին մշակոյթի, երիտասարդութեան եւ գիտութեանց զարգացման նախարար շէյխ Նահեան Պըն Մուպարաք Ալ Նահեան, թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Մեսրոպ վրդ. Սարգիսեան, հոգեւորական եւ պետական բարձրաստիճան պաշտօնեաներ, զանազան երկիրներու դեսպաններ, ազգային պատասխանատուներ եւ մեծաթիւ ժողովուրդ:

Հանդիսութեան սկիզբը, արաբերէնով բարի գալուստի բացման խօսքով հանդէս եկաւ կաթողիկոսական փոխանորդ հայր սուրբը: Ան իր խօսքին ընդմէջէն յանուն թեմի ժողովականութեանց եւ ժողովուրդին, շնորհակալութիւն յայտնեց վեհափառ հայրապետին թեմին շնորհած այցելութեան համար, ինչպէս նաեւ ուրախութիւն յայտնեց նախարարին` հանդիսութեան անձամբ ներկայ գտնուելուն:

Ապա, խօսք առաւ նախարար շէյխ Նահեան Պըն Մուպարաք Ալ Նահեանը, որ գնահատանքով խօսեցաւ Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց մէջ հայ ժողովուրդին ունեցած ներդրումին մասին եւ շնորհաւորեց հայ համայնքը նորակառոյց ազգային վարժարանին կառուցման գծով:

Աւարտին, իր հայրապետական պատգամին ընդմէջէն վեհափառ հայրապետը երախտագիտութեամբ յիշեց հանգուցեալ շէյխ Զայէտ Պըն Սուլթան Ալ Նահեանը, որ 1998-ին խոստումը կատարած էր եկեղեցւոյ եւ անոր համալիրին համար հող տրամադրելու, շէյխ Խալիֆա Պըն Զայէտ Ալ Նահեանը, որուն օրով տրամադրուեցաւ հողաշերտը եւ գահաժառանգ շէյխ Մոհամետ Պըն Զայետ Ալ Նահեանը, հայ համայնքին նկատմամբ իր ցուցաբերած բարեացակամ վերաբերմունքին համար: Իր խօսքին մէջ վեհափառ հայրապետը բարձրօրէն գնահատեց Արա Խանոյեանը, որուն բարերարութեամբ կառուցուած էր Ապու Տապիի Ազգային վարժարանը, եւ Սուրէն Գոճաքեանը, որ ստանձնած էր վարժարանի սրահին բարերարութիւնը: Եզրակացնելով իր խօսքը` Արամ Ա. կաթողիկոս ըսաւ. «Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն թեմը առաւել ծաղկումի գործընթացին մէջ է: Դուք, ձեր նուիրեալ ծառայութեամբ ու ներդրումով, անցնող քանի մը տարիներուն, կառուցեցիք նոր եկեղեցի եւ Ազգային առաջնորդարան, եւ անսահման ուրախութիւն է մեզի համար, որ սա պահուն բացումը կը կատարենք մեր նոր վարժարանին, որ գաղութի հայ մանուկներուն եւ պատանիներուն հայեցի դաստիարակութեան կեդրոնը պիտի դառնայ»: «Այն գաղութը, որ գմբէթ ու հայկական վարժարան ունի, փայլուն ապագայ եւ գոյատեւելու լուսաւոր հորիզոններ ունի», շեշտեց վեհափառ հայրապետը:

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Հիւրընկալուեցաւ
Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու Մշակոյթի,
Երիտասարդութեան Եւ Գիտութեանց
Զարգացման Նախարարին Կողմէ

Vehapar_UAE--50616

Ուրբաթ, 6 մայիս 2016-ի կէսօրին, Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց մշակոյթի, երիտասարդութեան եւ գիտութեանց զարգացման նախարար շէյխ Նահեան Պըն Մուպարաք Ալ Նահեան իր բնակարանին մէջ պաշտօնական ընդունելութիւն մը կազմակերպեց ի պատիւ Արամ Ա. կաթողիկոսին: Հանդիպումին եւ պաշտօնական ճաշկերոյթին վեհափառ հայրապետին կողքին ներկայ էին նաեւ թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Մեսրոպ վրդ. Սարգիսեան, պատուիրակութեան անդամ հոգեւորականները եւ գաղութի ներկայացուցիչները:

Այս առիթով Արամ Ա. կաթողիկոս խօսք առնելով գնահատեց հայ համայնքին նկատմամբ պետութեան ցուցաբերած հոգածու վերաբերումը: Վեհափառ հայրապետը յիշեց իր նախորդ այցելութիւնը եւ ունեցած հանդիպումը երկրի նախագահին հետ, ինչպէս նաեւ վեր առաւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն ունեցած դրական մօտեցումը միջկրօնական գործակցութեան եւ ժողովուրդներու միջեւ համերաշխութեան գոյութեան նպաստող աշխատանքներուն: Ապա, նախարարը իր կարգին գնահատանքի իր խօսքը յայտնեց Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն մէջ հաստատուած հայերու աշխատասիրութեան եւ պարկեշտութեան գծով, ինչպէս նաեւ երկրին զարգացման բերած անոնց կարեւոր նպաստին համար:

«Եկեղեցին Ժողովուրդին Ներկայութեամբ
Կը Շնչաւորուի Եւ Սուրբ Հոգւով Կը Հզօրանայ»

Հաստատեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

Vehapar_UAE2_50616

Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին հանդիսապետութեամբ ուրբաթ, 6 մայիս 2016-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Ապու Տապիի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ մէջ դպրեվանքի տեսուչ Թորգոմ վրդ. Տօնոյեանի ձեռամբ մատուցուեցաւ Ս. եւ անմահ պատարագ:

Նախքան քարոզը, թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Մեսրոպ վրդ. Սարգիսեան բարի գալուստի եւ երախտագիտական խօսքեր արտասանեց ուղղուած վեհափառ հայրապետին եւ հրաւիրեց զինք, որպէսզի իր հայրապետական պատգամը փոխանցէ ներկաներուն:

Վեհափառ հայրապետը խօսեցաւ մեր հաւաքական կեանքին մէջ եկեղեցւոյ ունեցած օրհնեալ դերակատարութեան եւ հայկական վարժարանին ընձեռած բարեբեր ազդեցութեան մասին: Վեհափառ հայրապետը ըսաւ. «Եկեղեցին եւ դպրոցը զիրար ամբողջացնող սրբազան կառոյցներ են: Անոնք մեր կեանքը կը հարստացնեն եւ մեր ժողովուրդին ապագան կը դարձնեն կայուն ու հաստատ: Եկեղեցին սիրտն է մեր ազգին, իսկ վարժարանը` մարդուժի պատրաստութեան նուիրական կեդրոն»: Շարունակելով իր պատգամը` Արամ Ա. կաթողիկոս խօսեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան առաքելութեան մասին եւ զայն որակեց «հաւատքի սրբազան առաքելութիւն»: Ան ըսաւ. «Մեր սուրբ աթոռը ինքզինք ծառայութեամբ կ’իրագործէ եւ իր առաքելութիւնը ժողովուրդին համար աշխատելով կը սրբացնէ: Այս եղած է մեր հայրապետական աթոռին նշանաբանը: Իսկ դպրեվանքը` իբրեւ սիրտը մեր կաթողիկոսութեան, ա՛յս որակի մարդ է, որ կը պատրաստէ եւ կ’ընծայէ մեր եկեղեցւոյ ու ազգին»:

Ապա, վեհափառ հայրապետը բարձրօրէն գնահատեց դասընկերներ եւ օծակիցներ կաթողիկոսական փոխանորդ Մեսրոպ վրդ. Սարգիսեանը եւ դպրեվանքի տեսուչ Թորգոմ վրդ. Տօնոյեանը, որոնք բծախնդրութեամբ լծուած են իրենց աշխատանքին եւ ծառայութեամբ կը թարգմանեն դպրեվանքէն ստացած իրենց անթիլիասական կրթութիւնը:

Սրբազան արարողութեան աւարտին, ներկայ բազմութիւնը մօտեցաւ վեհափառ հայրապետի եւ աջահամբոյրի ճամբով ստացաւ հայրապետական օրհնութիւններ: Աւելի ուշ, թեմի կեանքին մէջ իր ունեցած վաստակին ու մատուցած ծառայութեանց համար, ինչպէս նաեւ Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ շինարարական աշխատանքներուն իր բերած նիւթական նպաստին համար, Ազգային առաջնորդարանին մէջ, Արամ Ա. կաթողիկոս «Կիլիկեան ասպետ»-ի շքանշանով պարգեւատրեց թեմի ազգայիններէն Վահէ Թուխմանեանը:

Ընդունելութիւն Ի Պատիւ Արամ Ա. Կաթողիկոսին`
Լիբանանի Եւ Հայաստանի Դեսպանատուներուն Մէջ

Vehapar_UAE-Ambassadors

Շաբաթ, 7 մայիս 2016-ի կէսօրին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը, ընկերակցութեամբ թեմի կաթողիկոսական փոխանորդին, իր պատուիրակութեան անդամներուն եւ գաղութի պատասխանատուներուն, այցելեց Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց մօտ Լիբանանի դեսպանատուն, ուր ընդունուեցաւ դեսպան Հասան Սաատի եւ դիւանագիտական պատասխանատուներուն կողմէ: Վեհափառ հայրապետին եւ դեսպանին զրոյցին գլխաւոր նիւթը դարձան ընդհանրապէս Լիբանանը յուզող հիմնական հարցերը եւ յատկապէս Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց մէջ հաստատուած Լիբանանի համայնքին հետ աղերս ունեցող խնդիրներ: Ապա, դեսպանը պաշտօնական ճաշով պատուեց վեհափառ հայրապետը:

Իսկ կիրակի, 8 մայիս 2016-ի կէսօրին, վեհափառ հայրապետը իր շքախումբին հետ այցելեց Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն մէջ Հայաստանի դեսպանատուն, ուր հանդիպում ունեցաւ դեսպան Գեղամ Ղարիբջանեանի հետ: Այս առիթով Արամ Ա. կաթողիկոս յիշեցուց դեսպանին, թէ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը, իր աշխարհասփիւռ թեմերով, միշտ զօրակցած է Հայաստանին ու Արցախին եւ նո՛յն ոգիով պիտի շարունակէ զանազան մարզերու մէջ իր բերած օժանդակութիւնները: Ապա, դեսպանը պաշտօնական ճաշ մը տուաւ ի պատիւ վեհափառ հայրապետին, որուն մասնակցեցան նաեւ համայնքի ազգային պատասխանատուները:

Արամ Ա. Կաթողիկոս Հանդիպում Ունեցաւ
Ապու Տապիի Համայնքի Ներկայացուցիչներուն Հետ

Vehapar_UAE_Arm

Ապու Տապիի Ազգային առաջնորդարան իր կեցութեան ընթացքին, շաբաթ, 7 մայիս 2016-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը «Սուրէն Գոճաքեան» սրահին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ հայր սուրբին, հոգեւոր հովիւին, Ապու Տապիի Ազգային երեսփոխաններուն, Ազգային վարչութեան, նորակառոյց Ազգային «Արա Խանոյեան» վարժարանի տնօրէնութեան եւ ուսուցչական կազմին, եկեղեցւոյ թաղականութեան, տիկնանց յանձնախումբի եւ դպրաց դասի անդամներուն ու յարակից մարմիններու ներկայացուցիչներուն հետ:

Վեհափառ հայրապետը բարձր գնահատեց անոնց գործունէութիւնը եւ հրաւիրեց զանոնք, որ նոյն գիտակցութեամբ ու նուիրումով շարունակեն իրենց եկեղեցանուէր ու ազգային ծառայութիւնները: Այս առիթով վեհափառ հայրապետը ըսաւ. «Ազգային առաջնորդարանին շուրջ ձեր համախմբուածութիւնը, ինչպէս նաեւ ձեր ներքին կազմակերպուածութիւնը եւ զանազան ձեւերով գաղութի աշխատանքներուն ձեր բերած մասնակցութիւնը պատեհութիւնը պիտի շնորհեն ձեզի, որ ընդմիշտ ծաղկուն գործունէութիւն եւ մնայուն վերելք ունենաք»: Վեհափառ հայրապետին պահպանիչով հանդիպումը հասաւ իր աւարտին:

Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Տուպայի
Եւ Քաթարի Ազգային Վարչութիւնները

Տուպայի իր իջեւանած պանդոկին մէջ, Արամ Ա. կաթողիկոս կիրակի, 8 մայիս 2016-ի երեկոյեան, թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ հայր սուրբին գլխաւորութեամբ, ընդունեց Տուպայի եւ Հիւսիսային Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց Ազգային վարչութիւնը, իսկ երկուշաբթի, 9 մայիսի առաւօտուն` Քաթարի Ազգային վարչութիւնը: Սոյն հանդիպումները առիթ դարձան, որ Արամ Ա. կաթողիկոս մօտէն հաղորդ դառնայ անոնց յառաջիկայ ծրագիրներուն եւ շարք մը խնդիրներու գծով իր հայրական թելադրութիւնները կատարէ: Զոյգ հանդիպումներուն աւարտին, վեհափառ հայրապետը բարձրօրէն գնահատեց անոնց աշխատանքները եւ հրաւիրեց, որ նոյն բծախնդրութեամբ շարունակեն իրենց առաքելութիւնը:

 

 

Նախորդը

Ճանաչե՞լ, Թէ՞ Չճանաչել Արցախը

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Տմիթրիեւ. «Փութինի Եւ Թրամփի Ժողովը Պիտի Գումարուի, Եւ Ուքրանիոյ Տագնապը Դիւանագիտական Լուծում Ունի»
Գլխաւոր լուրեր

Տմիթրիեւ. «Փութինի Եւ Թրամփի Ժողովը Պիտի Գումարուի, Եւ Ուքրանիոյ Տագնապը Դիւանագիտական Լուծում Ունի»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Հայէ. «Մեր Զէնքը Կապուած Է Բռնագրաւումին Եւ Նախայարձակումին»
Գլխաւոր լուրեր

Հայէ. «Մեր Զէնքը Կապուած Է Բռնագրաւումին Եւ Նախայարձակումին»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Հայ-Ուրուկուէյական Յարաբերութիւններու Հետագայ Զարգացման Ուղիներու Քննարկում
Գլխաւոր լուրեր

Հայ-Ուրուկուէյական Յարաբերութիւններու Հետագայ Զարգացման Ուղիներու Քննարկում

Հոկտեմբեր 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?