Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պէյրութահայութիւնը Անգամ Մը Եւս Իր Զօրակցութիւնն Ու Վստահութիւնը Յայտնեց ՀՅԴ-ին. ՀՅ Դաշնակցութեան Եւ Իր Ցանկակիցներուն Բոլոր Թեկնածուները` Յաղթական

Մայիս 9, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կիրակի, 8 մայիս 2016-ը լիբանանահայութեան պատմութեան մէջ յիշարժան ըլլալու կոչուած է, որովհետեւ, հակառակ այս ընտրութիւններուն նկատմամբ երկրին մէջ տիրած անհաւատութեան եւ անոնց կայացման առնչուող կասկածին, միա՛յն կամաւորներէ բաղկացած Դաշնակցութեան ընտրական մեքենան, իսկ երէկ` գետնի վրայ աշխատող դաշնակցական ընտանիքին հաւատարիմ փաղանգը եկան անգամ մը եւս փաստելու, որ երբ ուղղուի կոչը, հնչէ ահազանգը, իրենք ներկայ են ու մասնակից, իրենք վճռակամ են ըլլալու բարձրագոռ ձայնը լիբանանահայութեան եւ ցոյց տալու, թէ Լիբանանի մէջ հայութիւնը ներկայութիւն է ու դերակատար: Առաւօտեան կանուխ ժամերէն մինչեւ երեկոյ` քուէատուփերուն փակումը, լիբանանահայութիւնը, ՀՅԴ-ի ակումբներէն ստացած ընտրացանկերը ձեռքին, հաւատարմութեամբ եւ աւելի լաւ ապագայի մը ակնկալութեամբ ուղղուեցաւ քուէակեդրոն, տուաւ իր արժէքաւոր քուէն, որպէսզի Պէյրութի քաղաքապետական «Պէյրութցիներուն ցանկ»-ին մէջ ՀՅԴ¬ի երկու թեկնածուները` Յակոբ Թերզեանն ու Սահակ Քէշիշեանը, ինչպէս նաեւ 13  թաղապետները` Մըտաուարէն Յակոբ Քէշիշեանը, Րաֆֆի Մարկարոսեանը, Յակոբ Ազնաւուրեանը, Ռոպեր Գայսերլեանը, Յակոբ Գաւլագեանը, Պետրոս Թոփճեանը, Յովսէփ Գասպարեանը, Արմէն Սեֆէրեանը (ՍԴՀԿ) եւ Հրաչ Թաշճեանը (ՌԱԿ), Էշրեֆիէէն Րաֆֆի Մարգարեանը եւ Հայկ Տէրտէրեանը, Ռըմէյլէն Փիեռ Գուլաճեանը եւ Սագօ Գրաճեանը ընտրուին` հաւատալով, որ հետագային բոլորն ալ պիտի լծուին լիբանանահայութեան ծառայութեան, պիտի օժանդակեն անոր հարցերուն լուծման եւ տէրը ըլլան հայութեան իրաւունքներուն:

Այդպէս ալ եղաւ, լիբանանահայութեան վստահութիւնը արդարացաւ, անոր յոյսը ի դերեւ չելաւ, կամաւոր տղոց աշխատանքը ի սպառ չկորսուեցաւ, որովհետեւ Դաշնակցութեան առաջադրած բոլոր թեկնածուները յաղթեցին:

Լիբանանահայութեան ուրախութիւնը արդէն իսկ ամբողջացած էր Այնճարի քաղաքապետական խորհուրդի ՀՅԴ-ի թեկնածուներուն` Վարդգէս Խօշեանի (քաղաքապետ), Նազօ Անտէքեանի (փոխքաղաքապետ), Միսաք Պոյաճեանի, Խաժակ Այնթէպեանի, Պետիկ Փանոսեանի, Գաբօ Ադամեանի, Հրակ Սթամպուլեանի, Յակոբ Այնթապլեանի, Մարկոս Երէցեանի, Աթանաս Գասամանեանի, Ժանօ Փամպուքեանի, Յարութ Զէյթլեանի, Պետիկ Ֆեսլեանի, Ցոլակ Գէորգեանի եւ Յակոբ Գառնէշեանի, ինչպէս նաեւ Այնճարի թաղապետներուն` Սարգիս Էքիզեանի, Սերոբ Սըգայեանի, Պարոյր Տուտագլեանի, Մովսէս Չափարեանի, Յարութ Լաքիսեանի, Վազգէն Գալոշեանի առանց մրցակիցի գոյութեան ընտրութեամբ:

«Իւրաքանչիւր Հայու Քուէ Կը Ծառայէ
Հաւաքականութեան Գերագոյն Շահերուն,
Հայ Համայնքի Ամուր Ու Հաստատ Պահպանման»

 Հաստատեց Յակոբ Բագրատունի

pakradouni-1_50816

«Ազատամարտ»-ի ՀՅԴ ընտրական կեդրոնին մէջ երէկ կէսօրին «Ազդակ-ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի ողջունեց Պէյրութի քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւններուն մասնակցելու նպատակով քուէարկութեան կեդրոն ուղղուող այն հայրենակիցները, որոնք` քաղաքացիի եւ հայու իրենց պարտականութեան գիտակից, անգամ մը եւս իրենց զօրակցութիւնը կը յայտնեն ՀՅ Դաշնակցութեան: Ան շատ կարեւոր նկատեց  «Պէյրութցիներու ցանկ»-ին եւ թաղապետական համախոհական ցանկերուն քուէարկութիւնը առանց ոեւէ անուն ջնջելու, որովհետեւ միշտ ալ այդպէս եղած է Դաշնակցութեան որդեգրած ուղին, երբ համախոհութիւն կը կնքէ այս կամ այն կողմին հետ, ուստի, իր խոստումը յարգելով ՀՅԴ-ն ցանկակիցներուն եւ հակառակորդներուն յարգանք պարտադրած է միշտ` փաստելով, որ տէր է իր խոստումին: Երեսփոխան Բագրատունի յիշեցուց, որ լիբանանահայուն քուէն այն քուէն է, որ հայուն սրտէն ու խիղճէն կը բխի, արժանապատուութեան քուէ է, չի վաճառուիր եւ վարձու չի տրուիր, այլ իւրաքանչիւր հայու քուէն է` ի նպաստ հաւաքականութեան գերագոյն շահերուն, հայ համայնքի ամուր ու հաստատ պահպանման:

«Հայու այդ քուէներով մենք միասնաբար պիտի կարենանք ըսել` մենք հո՜ս ենք, հո՜ս պիտի մնանք իբրեւ հաւասար քաղաքացիներ, իբրեւ մեր պարտականութիւններուն քաջածանօթ եւ տէր քաղաքացիներ: Մենք Պէյրութի մէջ մեր ըսելիքն ու ընելիքը ունինք, քաղաքապետական խորհուրդին մէջ ունինք երեք հայ թեկնածու, 13 հայ թաղապետներ, որոնք մեր արժանապատուութիւնն են, այդ պատճառով ալ մեր ժողովուրդը առանց տրտնջալու կամ դժգոհելու կը շարունակէ անցեալին սկսած իր պայքարը` յանուն հայկական շահերու պաշտպանութեան:

«Վարձքը կատար բոլոր քուէարկողներուն, վարձքը կատար մեր բոլոր տղոց ու աղջիկներուն, տարեց, երէց թէ երիտասարդ մեր հայրենակիցներուն, ընկերներուն, համակիրներուն, բոլորին անխտիր,  Այնճարէն, Զահլէէն, Թրիփոլիէն, Ժիպէյլէն, Լեռնալիբանանի եւ Պէյրութի զանազան շրջաններէն եկող ու քուէարկող մեր հայորդիներուն եւ մեր ընտրական մեքենայի 3 հազար աշխատողներուն, որոնք այսօր եւս իրենց պարտականութիւնը կը կատարեն: Այսօր մեր ընտրապայքարի առաջին հանգրուանն է, յառաջիկայ կիրակի պիտի ըլլայ երկրորդ հանգրուանը, այսօր եւ յառաջիկայ շաբաթ պիտի յաղթենք շնորհիւ մեր ժողովուրդին», հաստատեց երեսփոխան Բագրատունի:

«Էն. Պի. Էն.»-ի Հետ

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի քուէարկելէ ետք «Էն. Պի. Էն.» պատկերասփիւռի կայանին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին շեշտեց, որ ինք քուէարկած է նախ եւ առաջ կատարելու համար իր քաղաքացիական պարտականութիւնը, «երկրորդ, ընտրութիւնը ժողովրդավարական քայլ մըն է, որ յոյսով ենք` կը յանգի երեսփոխանական ընտրութիւններուն կայացման», ըսաւ ան:

Յ. Բագրատունի մաղթեց, որ բոլոր քաղաքացիները խիտ շարքերով մասնակցին ընտրութիւններուն, նոյնիսկ եթէ քաղաքապետական աշխատանքին կամ ընտրական ցանկին առումով գոյութիւն ունին որոշ դիտողութիւններ:

«Մենք` իբրեւ ՀՅ Դաշնակցութիւն, ամբողջական յանձնառութիւն ունինք քուէարկելու «Պէյրութցիներու ցանկ»-ին: Կը մաղթենք, որ բոլոր պէյրութցիները մասնակցին ընտրութիւններուն եւ իրենց քուէներով կարենան բարգաւաճեցնել մայրաքաղաքը, որուն զաւակները ըլլալով մենք բոլորս կը հպարտանանք», եզրափակեց ան:

Պէյրութի Եւ Պեքաայի Մէջ Կատարուած
 Ընտրութիւններուն Ընդհանուր Պատկերը

Առաւօտեան ժամը ճիշդ 7:00-ին Պէյրութի, Պեքաայի, Ռաշայայի եւ Պաալպեք-Հերմելի մէջ քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւններուն յատուկ քուէատուփերը բացուեցան:

Պէյրութի եւ Պեքաայի մէջ տեղի ունեցած քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւնները երէկ ցոյց տուին, որ լիբանանցին կորսնցուցած է ժողովրդավարական այս հոլովոյթին նկատմամբ իր հաւատքն ու խանդավառութիւնը:

Պէյրութի մէջ ընտրութիւններուն մասնակցութեան համեմատութիւնը հասաւ 18 առ հարիւրի` հիմնական ընտրապայքարը կեդրոնացնելով «Պէյրութցիներու ցանկ»-ին, «Պէյրութը` քաղաքս» ցանկին եւ «Պետութեան քաղաքացիներ» ցանկին միջեւ:

saad_hariri_50816

Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի առաւօտեան ուղղուեցաւ ընտրական կեդրոն, ուր կատարեց իր քաղաքացիական պարտականութիւնը: Սակայն Հարիրի սխալեցաւ, երբ քաղաքապետական ընտրութիւններուն յատուկ «Պէյրութցիներու ցանկ»-ը նետեց թաղապետական ընտրութիւններուն յատուկ քուէատուփին մէջ, որուն իբրեւ հետեւանք քուէակեդրոնի նախագահը չեղեալ նկատեց Հարիրիի թաղապետական ընտրութիւններու քուէն: Ապա ան սրբագրեց իր սխալը «Պէյրութցիներու ցանկ»-ը նետելով քաղաքապետական ընտրութեան քուէատուփին մէջ:

Կենսոլորտի նախարար Մոհամետ Մաշնուք երեկոյեան յայտարարեց «Պէյրութցիներու ցանկ»-ին յաղթանակը: Այդ յայտարարութեան զուգահեռ Մուսթաքպալ հոսանքի անդամ մեծ թիւով երիտասարդներ եւ ուսանողներ ուղղուեցան Հարիրիի բնակարանը, ուր տիրեց տօնակատարութեան մթնոլորտ: Հարիրի երիտասարդներուն խոստացաւ վաղուընէ սկսեալ աշխատիլ ի նպաստ Պէյրութի:

Իր կարգին, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ «Պէյրութցիներու ցանկ»-ին ուղղելով իր խօսքը ըսաւ. «Յաղթանակը կարեւոր չէ, այլ կարեւոր է անոր յաջորդող հանգրուանը»:

deryan_vote_50816

Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան քուէարկելէ ետք կոչ ուղղեց մայրաքաղաքի բոլոր բնակիչներուն մասնակցելու ընտրութիւններուն` պահպանելու համար Պէյրութի համերաշխութիւնն ու համախոհութիւնը:

salam_vote_50816

Նշենք, որ վարչապետ Թամմամ Սալամ քուէարկելէ ետք յոյս յայտնեց, որ քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւնները դրականօրէն ազդեն նաեւ այլ հոլովոյթներու վրայ, որոնցմէ առաջինը կը նկատուի նախագահական ընտրութիւնը:

shbib_50816

Իր կարգին, Պէյրութի նահանգապետ Զիատ Շպիպ ընտրական կեդրոնները կատարած իր այցելութեան ընթացքին շեշտեց, որ իրենք պիտի գործակցին յաղթանակ արձանագրող քաղաքապետական խորհուրդին հետ:

Հարկ է աւելցնել, որ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Սիկրիտ Քաակ ընտրական կեդրոններ այցելութեան ընթացքին շեշտեց, որ քաղաքապետական ընտրութիւնները ժողովրդավարութեան առումով կարեւոր քայլ կը նկատուին, սակայն կարեւորը նախագահական ընտրութիւն կատարելն է:

Զահլէի մէջ տիրեց սուր մրցակցութիւն Ժողովրդային պլոք կուսակցութեան, նախկին նախարար Նիքոլա Ֆաթթուշի եւ քրիստոնեայ կուսակցութիւններուն կողմէ առաջադրուած ընտրական ցանկերուն միջեւ:

Զահլէի մէջ քուէներ գնելու մասին ամբաստանութիւնները շատցան, իսկ Հաուշ Ումարայի մէջ լարուածութիւնը հասաւ ծեծկռտուքի եւ խոշտանգումի մակարդակին:

miriam_skaf_50816

Զահլէի մէջ ընտրութեան մասնակցութեան ընդհանուր համեմատութիւնը հասաւ 43 առ հարիւրի: Երեկոյեան Ժողովրդային պլոք կուսակցութեան նախագահ Միրիամ Սքաֆ ուշ երեկոյեան յայտնեց, որ նախնական արդիւնքներուն համաձայն, «Զահլէի աւանդը» ընտրական ցանկը յաջողութիւն արձանագրած է:

«Զահլէի քաղաքապետական ընտրութիւններուն ընթացքին մեր զէնքը ժողովուրդին սէրն էր եւ մեզի հանդէպ ցուցաբերուած զօրակցութիւնը», ըսաւ ան:

Սքաֆ շեշտեց, որ քաղաքական այլ ուժերուն կողմէ իրենց նկատմամբ ցուցաբերուած վարուելակերպը անարդար էր, որովհետեւ մենք բոլորին գործակցութեան ձեռք երկարած ենք:

Ան շեշտեց, որ ի՛նչ ալ ըլլան ընտրութեան արդիւնքները, իրենք պատրաստ են գործակցելու բոլոր անոնց հետ, որոնք կը փափաքին իրենց հետ գործակցիլ:

mashnouk_arsal_50816

Ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք Զահլէէն յայտնեց, որ ոչինչ կը փաստէ, որ Զահլէի մէջ քուէներու վաճառքի դէպքեր արձանագրուած են:

Ռաշայայի մէջ քուէարկութեան համեմատութիւնը գերազանցեց 40 առ հարիւրը, իսկ Արեւմտեան Պեքաայի մէջ անիկա հասաւ 35 առ հարիւրի:

Արեւմտեան Պեքաայի մէջ ընտրապայքարը հիմնականին մէջ կեդրոնացաւ Սաղպինի, Մաշղարայի եւ Ժըպ Ժըննինի շրջաններուն մէջ:

Կէս գիշերին Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութիւնը հաստատեց Ռաշայայի մէջ իր արձանագրած ամբողջական յաղթանակը:

Իսկ Պաալպեքի եւ Հերմելի մէջ տեղի ունեցած ընտրութիւններուն արդիւնքներուն եւ լուսաբանումներուն անդրադառնալու նպատակով, Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ այսօր կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին հրաւիրած է մամլոյ ասուլիսի մը:

beirut_my_city_50816

Ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք երեկոյեան ժամը 8:00-ին հրաւիրեց մամլոյ ասուլիսի մը, որուն ընթացքին ան յայտնեց, որ քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւններուն առաջին հանգրուանը խաղաղ կերպով կարելի եղած է իրականացնել` առանց ճշդուած ժամկէտը խախտելու: Ան շեշտեց, որ լիբանանցիները պատրաստ են յաջորդ գործընթացներուն` աւելցնելով, որ անոնք արժանի են ժողովրդավարութեան եւ ազատութեան:

Մաշնուք շեշտեց, որ երէկուան ընտրական լաւագոյն կեդրոնը Արսալն է, որ ամբաստանուած է պետութեան կամքէն դուրս գտնուելու յանցանքով:

Մաշնուք ողջունեց ապահովութեան ուժերն ու բանակը, որոնք ամէն ջանք ի գործ դրին երաշխաւորելու համար ընտրական գործընթացին եւ քուէարկող քաղաքացիներուն ապահովութիւնը:

Պէյրութի մէջ քուէարկութեան մասնակցութեան ցած համեմատութեան մասին Մաշնուք ըսաւ. «Թէեւ այդ համեմատութիւնը ցած կը նկատուի, սակայն անիկա նախորդ ընտրութիւններէն շատ աւելի բարձր է: Իսկ Լիբանանի մէջ նախ եւ առաջ պէտք է կատարուին նախագահական ընտրութիւններ»:

Մաշնուք ներում հայցեց քաղաքացիներէն հաշմանդամներուն համար քուէարկութեան յատուկ դիւրութիւններ չորդեգրելու առնչութեամբ` աւելցնելով սակայն, որ ներքին ապահովութեան ուժերը ամէն ջանք ի գործ դրին անոնց օժանդակութեան իմաստով:

 

Keshishian_Terzian_50816

«Պէյրութցիներու Ցանկ»-ին ՀՅԴ-Ի Ընտրուած Անդամները

 

Mekhtar_50816

Էշրեֆիէի, Ռըմէյլի Եւ Մըտաուարի Շրջաններուն ՀՅԴ–Ի Ընտրուած Թաղապետները

 

Ainjar_Kaghakabed_50416

Այնճարի Քաղաքապետական Խորհուրդի ՀՅԴ-ի Ընտրուած Անդամները

 

Ainjar_Taghabed_50416

Այնճարի ՀՅԴ-ի Ընտրուած Թաղապետները

Քաղաքապետական Եւ Թաղապտեկան
Ընտրութիւններ – 2016

IMG_0231

arakadz-2_50816

arakadz_50816

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

serop-aghpur_50816

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

masasken-1_50816

IMG_0197

IMG_0201

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

nigol-touman_50816

serop-aghpur-2_50816

 

 

 

 

 

 

sis_50816

srp_50816

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

tehlirian_50816

 

 

 

Նախորդը

«Դրօշակ»-ի Խմբագրական. Շուշիի Ազատագրումը Տարիների Հեռուից

Յաջորդը

Խմբագրական. Շուշիի Ազատագրումը` Երկօրեայ Կայծակնային Գործողութիւն

RelatedPosts

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը  Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է  Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Իսրայէլէն Ակնկալութիւններ Եւ Չապահովուած Երաշխիքներ

Օգոստոս 20, 2025
Թրամփ. «Կ՛ուզենք Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Հետ  Եռակողմ Ժողով Գումարել, Եւ Մոսկուան Պիտի Ընդունի  Քիեւին Համար Ապահովական Երաշխիքները»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կ՛ուզենք Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Հետ Եռակողմ Ժողով Գումարել, Եւ Մոսկուան Պիտի Ընդունի Քիեւին Համար Ապահովական Երաշխիքները»

Օգոստոս 20, 2025
Սալամ Յորդանան Այցելեց
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ Յորդանան Այցելեց

Օգոստոս 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?