Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանի Մէջ Հայաստանի Դեսպանատունը Հիւրընկալեց Հայոց Ցեղասպանութեան Նուիրուած Կլոր Սեղան Մը

Մայիս 12, 2016
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

glor_seghan_51116

Հովանաւորութեամբ մշակոյթի նախարար Ռեմոն Արաքժիի եւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանի, ներկայութեամբ նախկին եւ ներկայ նախարարներու, երեսփոխաններու, ակադեմականներու, Մարդկային իրաւանց պաշտպանութեան կազմակերպութեան (MoHR) Լիբանանի շրջանի նախագահին, հայկական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներու, մտաւորականներու եւ հայկական մամուլի ներկայացուցիչներու, երեքշաբթի,10 մայիս 2016-ի առաւօտեան, Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպանատան մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած կլոր սեղան մը, կազմակերպութեամբ` ՀԲԸՄ ՀԵԸ-ի Կեդրոնական վարչութեան:

Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան  Սամուէլ Մկրտչեան անգլերէնով բարի  գալուստի իր խօսքին մէջ նշեց, որ  Հայաստան կը շարունակէ հետապնդել Ցեղասպանութեան ճանաչումը, որովհետեւ  ճանաչումը  համայն մարդկութիւնը յուզող հարց մըն է, որ կը միտի կանխարգիլել աշխարհի վրայ գործուելիք այլ ցեղասպանութիւններ: Ան շեշտեց, որ    Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման պայքարը կ՛ենթադրէ հաւաքական աշխատանք: Ապա դեսպան Մկրտչեան ներկայացուց կլոր սեղանի մասնակիցները:

Առաջին խօսք առնողը եղաւ Խաղաղութեան եւ իրաւանց ծրագիրներու տնօրէն, Քոլումպիայի համալսարանի դասախօս, քաղաքական-վերլուծաբան գիրքերու հեղինակ, յօդուածագիր Տէյվիտ Ֆիլիփսը: Ամերիկացի դիւանագէտը   շնորհակալութիւն յայտնեց երկօրեայ ձեռնարկներուն մասնակցելու նպատակով իրեն յղուած հրաւէրին համար:

Ֆիլիփս յայտնեց, որ աւելի քան  քսանհինգ տարիներու հարուստ փորձառութիւն մը ունեցած  է հայ-թուրք յարաբերութիւններուն մարզին մէջ: Ան համառօտ կերպով նկարագրեց հայ-թուրք փոխյարաբերութիւնները բարելաւելու ուղղութեամբ Միացեալ Նահանգներու եւ մարդկային իրաւանց կազմակերպութիւններու բանեցուցած  ճիգերը` շեշտելով, որ դժբախտաբար անոնք մնայուն կերպով բախած են  Թուրքիոյ եւ յատկապէս Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի ժխտական կեցուածքներուն: Վկայութիւն մը  կատարելով 10 հոկտեմբեր 2009-ին Ցիւրիխի մէջ ստորագրուած հայ-թրքական արձանագրութիւններուն ձախողութեան պատճառներուն մասին` Տէյվիտ Ֆիլիփս նշեց, որ Էրտողան միտումնաւոր կերպով մեկնած է Պաքու եւ Ազրպէյճանի խորհրդարանին մէջ արտասանած իր խօսքին ընդմէջէն հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորումը Լեռնային Ղարաբաղէն հայկական ուժերու հեռացումով պայմանաւորած է:

Ֆիլիփս պատմեց, թէ ինչպէ՞ս ներգրաւուած է հայ-թրքական յարաբերութիւնները  բարելաւելու աշխատանքներուն մէջ, անդրադառնալով ամերիկեան վարչամեքենային մէջ` դիւանագէտներու հետ իր շփումներէն կարգ մը դրուագներու: «Ինծի համար, պատմութիւնը ունի միայն մէկ դիմագիծ, ճշմարտութեան դիմագիծն է այդ: Հայոց ցեղասպանութեան  ճշմարտութեան տարբերակն է այդ», ընդգծեց Ֆիլիփս: Ան ըսաւ, թէ  Ցեղասպանութիւնը անհերքելի փաստ մը ըլլալով, ինք շատ լաւ կը  նախազգար պատմութիւնը խեղաթիւրելու  թրքական մօտեցումները եւ թուեց Ցեղասպանութիւնը ժխտելու Թուրքիոյ փորձերը:

Ան դրուատեց հայ-թրքական յարաբերութիւններու բնականոնացման  ճիգերուն մէջ Հայաստանի իշխանութիւններուն վարած ճկուն  քաղաքականութիւնը եւ Էրտողանին վերագրեց անոր ձախողութիւնը:  Եզրակացնելով իր ելոյթը` Տէյվիտ Ֆիլիփս  նշեց, որ հայ-թրքական յարաբերութիւններու բնականոնացումը  պիտի ըլլայ դժուար, սակայն անհրաժեշտ է վերականգնել երկու պետութիւններուն  միջեւ փոխադարձ վստահութիւնը:

Ֆիլիփս իր խօսքը ուղղելով հայերուն մաղթեց, որ անոնք չիյնան անցեալի սխալներուն մէջ եւ համբերութեամբ գործեն: Ան մաղթեց, որ Միացեալ Նահանգներու յաջորդ նախագահը յառաջիկայ 24 ապրիլին պաշտօնապէս ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը:

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ երեսփոխան Ղասսան Մուխայպեր ըսաւ. «Պատիւ ունիմ դառնալու  խորհրդարանի մը անդամը, որ 2000 թուականին դատապարտեց եւ ճանչցաւ հայ ժողովուրդին դէմ գործադրուած  Ցեղասպանութիւնը: Անոր ճանաչումը նաեւ երաշխիք մըն է կանխարգիլելու նման ողբերգութիւններ»:

Մուխայպեր կարդաց Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող եւ լիբանանեան խորհրդարանին մէջ վաւերացուած  բանաձեւը: Ան ըսաւ, թէ պատիւ ունէր մաս կազմելու Ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով Հայաստան մեկնած լիբանանեան պատուիրակութեան: Ան նաեւ նշեց, որ Արցախի խորհրդարանին մէջ ունեցած իր ելոյթին պատճառով, Ազրպէյճանի խորհրդարանէն բողոքի  նամակ մը յղուած է լիբանանեան կառավարութեան: Ան նշեց, որ Թուրքիա զանազան միջոցներով կը փորձէ ականահարել հայ ժողովուրդի  պահանջատիրական արշաւը: Մուխայպեր կարեւոր նկատեց, որ Ցեղասպանութեան  ճանաչումին կողքին  շարունակուին  հատուցման աշխատանքները` ծրագրաւորելով անոր յաջորդ փուլերը:  Մուխայպեր ըսաւ, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը անհրաժեշտ է դիտել եւ ներկայացնել մարդկութեան դէմ ոճիրի  տեսանկիւնէն, միաժամանակ  լիբանանցիներուն եւ համայն  մարդկութեան սեփականութիւնը դարձնել Ցեղասպանութեան փաստը: Ան  առաջարկեց ցեղասպանութեան թանգարաններ բանալ: Պատմութեան գիրքերուն մէջ յիշատակել Հայոց ցեղասպանութիւնը: Դպրոցներուն մէջ խօսիլ անոր մասին: Ցեղասպանութիւնը  «մատչելի» դարձնել լիբանանեան հասարակութեան, զայն ընկերային դիտանկիւնէ ներկայացնել  լիբանանցիներուն: Ան դերակատարութիւն մը վերապահեց լիբանանեան խորհրդարանին` մաղթելով, որ արաբական խորհրդարաններ հետեւին լիբանանեան խորհրդարանի օրինակին եւ ճանչնան Հայոց ցեղասպանութիւնը` գիտակցելով հանդերձ Թուրքիոյ հաւանական հակադարձութիւններուն: «Քաղաքական  եւ տնտեսական գործօններ պէտք չէ խոչընդոտեն  ճանաչումի, արդարութեան եւ ճշմարտութեան կանչը», շեշտեց Մուխայպեր:

Երեսփոխանը պահանջեց խորացնել  արդարութեան մարզին մէջ իրաւական  աշխատանքները եւ մերժեց   Ցեղասպանութեան մասին 1948-ի Ուխտին յետադարձ ուժ չունենալու վարկածը: Անոր կարծիքով, Հայաստանի իշխանութիւնները   իրաւունք ունին արդարութեան տեսանկիւնէն ներկայացնելու Հայոց ցեղասպանութեան հարցը: Մուխայպեր արծարծեց նաեւ հայութեան բռնագրաւուած հողերն ու կալուածները իրենց սեփականատէրերուն վերադարձնելու հարցը:

Մուխայպեր Ցեղասպանութիւնը չկրկնելու  երաշխիքներ պահանջեց միջազգային  ընտանիքէն եւ ցաւ յայտնեց, որ եթէ Հայոց ցեղասպանութեան յանցագործները պատժուած ըլլային, այսօրուան Միջին Արեւելքին մէջ տեղի պիտի չունենային եզիտիներու եւ այլ քրիստոնեայ փոքրամասնութիւններու կոտորածները:

«Ի՞նչ կը կատարենք կասեցնելու մերօրեայ ցեղասպանութիւնները», հարց տուաւ Մուխայպեր եւ թելադրեց, որ հայ ժողովուրդը դառնայ Ցեղասպանութիւններ կանխող շարժումի մը առաջամարտիկը:   Իր խօսքին աւարտին Մուխայպեր դիտել տուաւ, որ Լիբանանի խորհրդարանը կրնայ դառնալ ցեղասպանութիւնները կանխող համաշխարհային միջխորհրդարանական շարժումի մը  նախաձեռնողը:

Զեկուցումներուն յաջորդեց կարծիքներու  փոխանակում:

Մարդկային իրաւանց պաշտպանութիւն կազմակերպութեան (MoHR) Լիբանանի նախագահ Ռէյնա Սարգիս թելադրեց  ժամանակակից ընկերային զարգացումներուն մէջ ներգրաւել Հայոց ցեղասպանութիւնը: Ան շեշտեց, որ  Ցեղասպանութիւնը հայութեան հարցը չէ միայն, այլեւ` համայն մարդկութեան: Ան թելադրեց աւելի լայն շրջանակներու մէջ տարածել Ցեղասպանութեան փաստը.

«Ցեղասպանութիւնը մարդկութեան դէմ կատարուած յանցագործութիւն մըն է,  հետեւաբար անհրաժեշտ է առաւելագոյն  չափով օտար հանրութեան սեփականութիւնը դարձնել զայն, ինչպէս նաեւ մարդկային իրաւանց տեսանկիւնէ հետապնդել Ցեղասպանութեան ճանաչումը: Ինչ կը վերաբերի հայ-թուրք երկխօսութեան, կը խորհիմ, թէ բաւական դժուար պիտի ըլլայ խօսիլ խուլ, կոյր եւ չար ցանկութիւններով լեցուն կողմի մը հետ: Ժողովուրդ մը, որ կեղծած է իր անցեալը, շատ դիւրաւ պիտի մերժէ իր յանցագործութիւնը», յայտնեց Ռէյնա Սարգիս:

Սարգիսի կարծիքով, մերժել Հայոց  ցեղասպանութիւնը, կը նշանակէ նոր  ցեղասպանութիւններ կատարել: Ռէյնա Սարգիս խորհուրդ տուաւ թուրք մտաւորականութեան դիմել` քաջ գիտնալով, որ անոնց եւս կը սպառնայ վտանգ, սակայն անհրաժեշտ է մտաւորականութեան միջոցով թափանցել հանրային կարծիքին: Սարգիս ըսաւ, որ Թուրքիա հսկայական գումարներ կը մսխէ ժխտումի կողմնակիցներ հաւաքագրելու նպատակով:

Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի դասախօս Քաթիա Փելթեքեան դիտել տուաւ, թէ հայ ժողովուրդին դէմ  Ցեղասպանութիւնը սկսած է 19-րդ դարու վերջին տասնամեակին: Վկայութիւններ կարդալով բրիտանական օրաթերթերու մէջ լոյս տեսած յօդուածներ` ան ընդգծեց, որ Թուրքիա կը շահագործէ 1915 թուականը, կարծէք թէ միայն այդ տարեթիւին` Համաշխարհային Ա. պատերազմի ընթացքին տեղի ունեցած ըլլային կարգ մը դէպքեր…

Քաթիա Փելթեքեան ցաւ յայտնեց, որ մեծ պետութիւնները կ՛անտեսէին հայ  ժողովուրդին տառապանքը եւ կը խուսափէին յարաբերութիւնները սրելէ Սուլթանին հետ:

Ելոյթներէն ետք դարձեալ տեղի ունեցաւ կարծիքներու փոխանակում: Կլոր սեղանի աւարտին, դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան բարձր գնահատեց զեկուցաբերներուն եւ  խօսք առնող ներկաներուն բարեխիղճ մօտեցումները: Ան ըսաւ, որ լուսարձակի տակ պիտի առնուին կլոր սեղանի  ընթացքին արտայայտուած միտքերը եւ առաջարկները` շնորհակալութիւն յայտնելով կլոր սեղանը կազմակերպողներուն  եւ բոլոր  մասնակիցներուն:

 

Նախորդը

Հաղորդագրութիւն

Յաջորդը

Յատուկ Աղօթքով Եւ Թափօրով Բացումը Կատարուեցաւ Հռիփսիմեանց Կոյսերու Աղօթքի Շաբթուան

RelatedPosts

Ակնարկ.  Լիբանանը` Երրորդ Օրակարգ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Լիբանանը` Երրորդ Օրակարգ

Հոկտեմբեր 30, 2025
Բողոքի Ցոյց` Ի Պաշտպանութիւն Հայաստանի  Քաղաքական Բանտարկեալներուն  Եւ Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Գերիներուն
Գլխաւոր լուրեր

Բողոքի Ցոյց` Ի Պաշտպանութիւն Հայաստանի Քաղաքական Բանտարկեալներուն Եւ Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Գերիներուն

Հոկտեմբեր 30, 2025
Ուաշինկթըն. «Հըզպալլայի Հետ Ուղղակի Հաղորդակցութիւն Չունինք, Սակայն Շրջանին Մէջ Ունինք Գործընկերներ, Որոնք Կուսակցութեան Հետ Կը Խօսին»
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներ Մինչեւ Տարեվերջ Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Հետ Առաջին Աշխատանքային Խումբերը Պիտի Ստեղծեն

Հոկտեմբեր 30, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?