«Ի լուր աշխարհի կը յայտնենք. Արցախը անկախ է, զոհուած հերոսները` անմահ»: Այս կարգախօսին հաւատացող բազմաթիւ երիտասարդներ` ՀՅԴ Հայաստանի երիտասարդական, «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութիւններու եւ Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութեան անդամները 9 մայիսին նուիրուած քայլարշաւ մը կատարեցին:
Եռաբլուրի մէջ զոհուած հայորդիներուն յիշատակին յարգանքի տուրք մատուցելէ ետք անոնք Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակէն երթով ուղղուեցան դէպի Հիւսիսային պողոտայ:
Քայլարշաւը ինքնատիպ «ֆլեշ մոպ» էր` նուիրուած եռատօնին ու մայիսեան միւս յաղթանակներուն:
Դաշնակցական Երիտասարդները Եռատօնը
Դիմաւորեցին Պատուոյ Պահակութեամբ
ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական միութիւնը, աւանդութեան համաձայն, այս տարի եւս 8 մայիսէն 9 մայիս լուսցող գիշերը պատուոյ պահակութիւն կատարեց Շուշիի հրասայլ յուշարձանին մերձակայքը:
Աւանդական խարոյկին շուրջ համախմբուեցան Արցախի երիտասարդական միութեան ու ՀՅԴ Արցախի կառոյցի անդամներ, Հայաստանէն ու սփիւռքէն Արցախ գտնուող տասնեակ երիտասարդներ:
Պատուոյ պահակութեան միացան նաեւ Լեռնային Ղարաբաղ գտնուող Հայ դատի տարբեր յանձնախումբերու ներկայացուցիչներ, որոնք հայրենասիրական երգերով դիմաւորեցին Մայիսեան եռատօնը: