
Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 10 մայիսին ընդունած է ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ, դեսպան Անճէյ Քասփրչիքը: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ազրպէյճանի զինուած ուժերու շփման գիծին վրայ տիրող իրավիճակին վերաբերող հարցեր: Քասփրչիք նաեւ հանդիպում ունեցաւ Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Լեւոն Մնացականեանի հետ:
Մինչ այդ, Լեռնային Ղարաբաղի արտաքին գործոց նախարարութեան տեղեկատուական գրասենեակը յայտնած էր, որ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան իշխանութիւններուն հետ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութեան համաձայն, ԵԱՀԿ-ի առաքելութիւնը 11 մայիսին Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ազրպէյճանի զինուած ուժերու շփման գիծի զօրաւոր դիտարկում պիտի կատարէ Լեռնային Ղարաբաղի Մարտակերտ շրջանի Թալիշ գիւղի հիւսիսարեւմտեան ուղղութեամբ:
Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան բանակի դիրքերէն դիտարկումը պիտի կատարէ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ դեսպան Անճէյ Քասփրչիք եւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչի գրասենեակի աշխատակից Փեթեր Սուետպկրկ (Շուէտ), ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի ներկայացուցիչ Թոմաս Լենք (Գերմանիա):
Լեռնային Ղարաբաղի իշխանութիւնները պատրաստակամութիւն յայտնած են աջակցելու դիտարկման կայացման եւ ապահովելու ԵԱՀԿ-ի առաքելութեան անդամներուն անվտանգութիւնը:


