9 մայիսին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նիստերու դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ Հայ դատի յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու խորհրդաժողովի երկրորդ նիստը, զոր վարեց ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի «Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան ղեկավար Դաւիթ Իշխանեան:
Նիստին սկիզբը ներկաները մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգեցին ապրիլեան պատերազմի նահատակներուն յիշատակը:
Ողջունելով ներկաները` Դաւիթ Իշխանեան նշեց, որ, ինչպէս 25 տարի առաջ, այնպէս ալ ապրիլեան պատերազմին յաջորդող այս օրերուն, հայութեան ներուժը կեդրոնացաւ Արցախին մէջ` ծառայելով Արցախի ժողովուրդին բովանդակ շահերուն:
«Այս օրերուն Երեւանի մէջ սկսած Հայ դատի կեդրոնական եւ շրջանային գրասենեակներու եւ յանձնախումբերու խորհրդաժողովին հիմնական մասը Արցախի մէջ կատարելը իր մէջ կ՛ամփոփէ մեծ պատգամ: Ինչպէս եւ նախորդ տասնամեակներուն, այսօր եւս մենք այստեղ ենք միասին ու միասնական, համոզուած ու հաստատակամ մեր գաղափարներուն եւ ծրագիրներուն, պատրաստակամ` դիմագրաւելու ամէն տեսակի մարտահրաւէրները», ըսաւ Դաւիթ Իշխանեան` աւելցնելով. «Մեր գիտակցումը այն է, որ Հայ դատի ուղղութեամբ տարուող աշխատանքներուն յաջողութիւններու բանալին կը գտնուի Արցախի սահմաններուն մէջ եւ ամփոփուած է հայ զինուորի ոգիին մէջ»:
Ան շնորհաւորեց ներկաները` կարեւոր ու պարտաւորեցնող Եռատօնին առիթով եւ վստահութիւն յայտնեց այն մասին, որ ասկէ ետք եւս յաղթանակները պիտի ըլլան հայ ժողովուրդին ընկերակիցները:
ՀՅԴ Հայ դատի Կեդրոնական խորհուրդի նախագահ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան ողջունելով ներկաները նշեց, որ Դաշնակցութեան համար հպարտութիւն է այս խորհրդաժողովի կազմակերպումը Արցախի մէջ:
«Մենք` իբրեւ հայ ժողովուրդի երկրորդ բանակ, Հայ դատի բանակ, քաղաքական գործերու մէջ մեր պայքարը տանող բանակ, պէտք է գայինք այստեղ եւ մեր աջակցութիւնն ու զօրակցութիւնը յայտնէինք Արցախի ժողովուրդին: Ասիկա նուազագոյնն է, որ կրնանք ընել եւ պէտք է առաւել մեծ թափով շարունակենք մեր աշխատանքները:
«Հայ դատի աշխատանքը կարելի է ամփոփել չորս կէտերու մէջ. առաջին կէտը Արցախի առնչուող մեր կատարած աշխատանքներն են` աշխարհով մէկ, ըլլայ ատիկա ազգային ինքնորոշման իրաւունքի շեշտադրում, ըլլայ Ազրպէյճանի յարձակողական եւ առհասարակ հակահայ քարոզչութեան դէմ պայքար: Այս ուղղութեամբ մեր աշխատանքները աւելի մեծ թափ ստացան մանաւանդ քառօրեայ պատերազմէն ետք, որովհետեւ անհրաժեշտ էր մէկ բռունցքի մէջ հաւաքուիլ: Հայ դատը` իբրեւ Արցախի թիկունք, քաղաքական առումով ասկէ ետք եւս պիտի շարունակէ պաշտպանել Արցախը», հաստատեց Յակոբ Տէր Խաչատուրեան:
«Երկրորդ ուղղութիւնը, զոր որդեգրած են ՀՅԴ Հայ դատի գրասենեակները, Հայաստանի միջազգային հեղինակութեան բարձրացումն է եւ պաշտպանութիւնը միջազգային ատեաններու մէջ: Երրորդը Ցեղասպանութեան ճանաչման հոլովոյթի շարունակութիւնն է, որ արդէն բաւական երկար ճամբայ կտրած է եւ մանաւանդ` բացումը նոր էջի, որ պահանջատիրութեան էջն է: Հայ դատի վերջին` չորրորդ խնդիրը, մեր քաղաքական ուժի բարձրացումն է աշխարհով մէկ, մեր երիտասարդութեան եւ ժողովուրդին քաղաքականացման խնդիրն է, մանաւանդ սփիւռքի մէջ», եզրափակեց ան:
Ներկաներուն ուղղուած ողջոյնի խօսք արտասանեց Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեանը` կարեւոր նկատելով նման նախաձեռնութեան մը կայացումը Արցախի մէջ:
Լեռնային Ղարաբաղի արտաքին գործոց նախարար Կարէն Միրզոյեան իր խօսքին մէջ շեշտեց, որ Արցախի հարցը Հայ դատի բաղկացուցիչ եւ կարեւորագոյն մասն է:
«Եթէ մենք բանակցային հոլովոյթին մէջ ունենայինք Լեռնային Ղարաբաղի լիարժէք կարգավիճակ, այսօր թերեւս նման իրավիճակի մէջ չէինք յայտնուեր եւ Ազրպէյճանն ալ նման յանդուգն պահուածք չէր դրսեւորեր: Առանց Լեռնային Ղարաբաղի` բանակցային հոլովոյթին իբրեւ լիարժէք կողմի մասնակցութեան հոլովոյթի կայուն ու մնայուն կարգաւորումը պարզապէս իրատեսական չէ: Մեր աշխատանքները պէտք է ուղղուած ըլլան Լեռնային Ղարաբաղի միջազգային ճանաչման նպատակին, ինչ որ կ՛ըլլայ անվտանգութեան հզօր երաշխիք արցախահայութեան համար», ըսաւ Միրզոյեան:
Նախարարը շեշտեց, որ Հայոց ցեղասպանութեան հերքումը եւ ճանչցուած չըլլալը առիթ կու տայ նոր ցեղասպանութիւններու գործադրութեան:
«Այն, ինչ որ կը փորձէին Ազրպէյճանի իշխանութիւնները կատարել ապրիլին, այն վայրագ պահուածքը մեր զինուորներուն եւ մեր քաղաքացիական բնակչութեան նկատմամբ, ռմբակոծութիւնները խաղաղ բնակավայրերուն նկատմանբ այլ բառով բնութագրել, քան` ցեղասպանութեան փորձ, կարելի չէ: Ապրիլեան այս օրերուն նոր ցեղասպանութիւն կանխուեցաւ», հաստատեց ան:
Նախարար Կարէն Միրզոյեան դրական նկատած է Հայ դատի կառոյցներուն հետեւողական ջանքերը` Արցախի շահերուն պաշտպանութեան եւ խթանման ի խնդիր տարուող:
Աւարտին Կարէն Միրզոյեան պատասխանեց խորհրդաժողովի մասնակիցներուն հարցումներուն, որոնք կը վերաբերէին Լեռնային Ղարաբաղի արտաքին քաղաքական խնդիրներուն, շրջանային զարգացումներուն, Հայաստան-Արցախ-սփիւռք համագործակցութեան: