Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէի  Ներկայացուցիչը Հանդիպում Ունեցած Է  Ֆրանսայի Շարք Մը Քաղաքապետներու Հետ

ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէի Ներկայացուցիչը Հանդիպում Ունեցած Է Ֆրանսայի Շարք Մը Քաղաքապետներու Հետ

Ֆրանսա եւ Արեւմտեան Եւրոպա այցելութեան ծիրին մէջ 15-16 մարտին ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային ժողովի «Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան ղեկավար Դաւիթ Իշխանեան հանդիպում ունեցած է Լիոն քաղաքի առաջին փոխքաղաքապետ Գէորգ Քեփենեքեանի, Վիլորպանի քաղաքապետ Ժան Փոլ Պրետի, Տեսիմի քաղաքապետ Օրանս Ֆոթրայի եւ Վիենի քաղաքապետ Քիրի Քովաքսի հետ: Հանդիպումներուն ընթացքին քննարկուած են համագործակցութեան վերաբերող հարցեր: Յիշեցնենք, որ Վիլորպան եւ Վիեն քաղաքները...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Հայրապետական Օրհնութեան Գիրով Գնահատեց Հրայր Ծերունեանը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Հայրապետական Օրհնութեան Գիրով Գնահատեց Հրայր Ծերունեանը

Հինգշաբթի, 17 մարտ 2016-ի երեկոյեան, վեհարանի դահլիճին մէջ, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը «Ծառայութեան տարուան» առիթով Հայրապետական օրհնութեան գիրով գնահատեց Հրայր Ծերունեանը, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի, միաբան հայրերու, ազգայիններու, թաղական խորհուրդներու ներկայացուցիչներու եւ հարազատներու ներկայութեան: Վեհափառ հայրապետը խօսեցաւ Ծերունեանի նկարագրային երեք կարեւոր արժէքներուն մասին` աշխատասիրութիւն, համեստութիւն եւ պարկեշտութիւն: Ան նաեւ անդրադարձաւ Ծերունեանի շուրջ յիսուն տարիներու եկեղեցանուէր անսակարկ ծառայութեան`...

Փրոֆ. Դոկտ. Միհրան Տապպաղ Այցելեց «Ազդակ»

Փրոֆ. Դոկտ. Միհրան Տապպաղ Այցելեց «Ազդակ»

Այս առաւօտ «Ազդակ»-ի խմբագրատուն այցելեց եւ տնօրէնութեան հետ տեսակցեցաւ Պոխումի համալսարանի Սփիւռք-ցեղասպանութիւն գիտահետազօտական կեդրոնի տնօրէն դոկտ. Միհրան Տապպաղ։ Դոկտ. Տապպաղ խօսեցաւ ներթրքական վերջին զարգացումներուն, քրտական գործօնի աշխուժացման եւ ցեղասպանագիտութեան արդի խնդիրներուն մասին։ Դոկտ. Տապպաղ թէ՛ մամլոյ լսարանի ճամբով եւ թէ՛ յատուկ հարցազրոյցով պիտի արծարծէ այժմէական ու հրատապ գիտական եւ քաղաքական այս հարցերը։

Նախագահ Սարգսեան  Տեսակցութիւն Ունեցած Է  Համայն Կիպրոսի Արքեպիսկոպոս  Խրիզոսթոմոս Բ.-ի Հետ

Նախագահ Սարգսեան Տեսակցութիւն Ունեցած Է Համայն Կիպրոսի Արքեպիսկոպոս Խրիզոսթոմոս Բ.-ի Հետ

Պաշտօնական այցելութեամբ Կիպրոս գտնուող Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան 16 մարտին հանդիպում ունեցած է Համայն Կիպրոսի արքեպիսկոպոս Խրիզոսթոմոս Բ.-ի հետ: Նախագահ Սարգսեան շատ կարեւոր նկատած է միջկրօնական համերաշխութիւնն ու իւրաքանչիւրին դաւանած հաւատքին նկատմամբ յարգանքը, ինչ որ, ըստ անոր, հայ-կիպրական անխախտ բարեկամութեան հիմնասիւներէն է, եւ այսօր ալ երկուստեք բարձր մակարդակի վրայ կը պահեն այս մէկը: Ընդգծելով, որ հայ եւ կիպրացի ժողովուրդներուն միջեւ...

Մամլոյ Ասուլիս` Ֆլամանտական  Խորհրդարանականներուն Մասնակցութեամբ

Մամլոյ Ասուլիս` Ֆլամանտական Խորհրդարանականներուն Մասնակցութեամբ

ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի նախաձեռնութեամբ Արցախ գտնուող Պելճիքայի Ծերակոյտի առաջին փոխնախագահ Քարլ Ֆոնլաուվեն, Ֆլանտրիոյ խորհրդարանի անդամներ Քարիմ ֆոն Օվերմէյըր, Վարտ Քեննես, Մարք Հենտրիքս եւ փրոֆ. Փոլ Միրթս 17 մարտին տուած են մամլոյ միացեալ ասուլիս մը «Փարք Հոթել Արցախ»-ի մէջ: Ներկայ էին նաեւ ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի նախագահ Գասպար Կարապետեան, Հայաստանի Ազգային ժողովի պատգամաւոր Թեւան Պօղոսեան եւ ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ...

Պուրճ Համուտի Թափօններու Թաղման  Վայրին Գծով Հանդիպում`  Վարչապետ Սալամի Հետ.  Կառավարութիւնը Ամբողջութեամբ  Որդեգրեց ՀՅ Դաշնակցութեան Առաջարկները

Պուրճ Համուտի Թափօններու Թաղման Վայրին Գծով Հանդիպում` Վարչապետ Սալամի Հետ. Կառավարութիւնը Ամբողջութեամբ Որդեգրեց ՀՅ Դաշնակցութեան Առաջարկները

Շաբաթներու վրայ երկարող եւ մասնագէտներու օժանդակութեամբ կատարուող քննարկումներու լոյսին տակ կառավարութեան հետ կատարուող բանակցութիւններու վերջին նիստը տեղի ունեցաւ երէկ առաւօտ, վարչապետարանին մէջ: ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունիի գլխաւորութեամբ պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կը կազմէին Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Անդրանիկ Մսըրլեան, Կեդրոնական կոմիտէի անդամներ Աւետիս Կիտանեան, Րաֆֆի Աշքարեան, Յակոբ Սիմոնեան եւ Կարօ Յարութիւնեան, այցելեց վարչապետարան եւ հանդիպում ունեցաւ վարչապետ Թամմամ...

Ակնարկ.  Ռուսական Օդուժի Հեռացումը`  Քաղաքական Նոր Մեկնարկ

Ակնարկ. Ռուսական Օդուժի Հեռացումը` Քաղաքական Նոր Մեկնարկ

Ռուսիոյ նախագահին որոշումը` օդուժը աստիճանաբար հեռացնելու Սուրիայէն, տարաբնոյթ մեկնաբանութիւններու դուռ բացած է. բնականաբար միանշանակ չեն վերլուծումները. իրենց ձեւին մէջ իսկ հակոտնեայ ընկալումներ կան որոշումին նկատմամբ. որոշ կողմերու համար յանկարծակի, ուրիշներու համար` ակնկալելի: Պէտք է մտաբերել այն, որ պաշտօնական Մոսկուան ժամկէտային սահմանափակուածութեամբ բացատրած էր իր օդուժի ներգրաւման քայլը: Թէեւ յստակ ժամկէտներ չկային ռուսական օդուժի դուրս բերման ուղղութեամբ, այսուհանդերձ որոշ առաքելութիւն իրականացնելու...

Տեղի Ունեցած Են Հայ-Կիպրական  Բարձր Մակարդակի Բանակցութիւններ

Տեղի Ունեցած Են Հայ-Կիպրական Բարձր Մակարդակի Բանակցութիւններ

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը պաշտօնական այցելութեամբ կը գտնուի Կիպրոս: Կիպրոսի նախագահին նստավայրին մէջ տեղի ունեցած է նախագահներ Նիքոս Անասթասիատեսի եւ Սերժ Սարգսեանի առանձնազրոյցը, որուն աւարտին տեղի ունեցած են երկու երկիրներու պաշտօնական պատուիրակութիւններուն մասնակցութեամբ ընդլայնուած կազմով բանակցութիւնները: Անոնց իբրեւ արդիւնք ստորագրուած են տարբեր ոլորտներու մէջ հայ-կիպրական համագործակցութեան զարգացման ու խորացման վերաբերող փաստաթուղթեր, մասնաւորաբար` Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան եւ Կիպրոսի կրթութեան...

Արծուիկ Մինասեան  Կը Խոստանայ Որդեգրել  Հակամենաշնորհային  Աւելի Գործօն Քաղաքականութիւն

Արծուիկ Մինասեան Կը Խոստանայ Որդեգրել Հակամենաշնորհային Աւելի Գործօն Քաղաքականութիւն

Հայաստանի Ազգային ժողովի նիստին կառավարութեան հետ կայացած հարցուպատասխանի ատեն Հայաստանի տնտեսութեան նախարար Արծուիկ Մինասեան` պատասխանելով Բարգաւաճ Հայաստան  խմբակցութեան պատգամաւոր Տիգրան Ուրիխանեանի հարցումին, ըսած է, որ Հայաստանի մէջ նոր սահմանադրութեան կիրարկումով յառաջացած է տնտեսական մրցակցութեան պաշտպանութեան նոր մօտեցումներ որդեգրելու անհրաժեշտութիւն: «Ընկերային-շուկայական տնտեսութեան համապատասխան Հայաստանի մէջ պէտք է որդեգրուի աւելի աշխուժ մրցակցային պաշտպանութեան եւ հակամենաշնորհային քաղաքականութիւն: Այս դրոյթը ամրագրուած է նաեւ Հայաստանի...

Համազգայինի «Վահէ Սէթեան»  Հրատարակչատուն.  «Ֆրէտ Հարթման Եւ Տատա Ռօսթէմ»  Գիրքի Մրցանքի Մրցանակաբաշխութիւն

Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» Հրատարակչատուն. «Ֆրէտ Հարթման Եւ Տատա Ռօսթէմ» Գիրքի Մրցանքի Մրցանակաբաշխութիւն

Երէկ` չորեքշաբթի, 16 մարտ 2016-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Լեւոն Մեսրոպի «Ֆրէտ Հարթման եւ Տատա Ռօսթէմ» գիրքի մրցանքի մրցանակաբաշխութիւնը: Ներկայ էին Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան, Պէյրութի Հայ կաթողիկէ պատրիարքական թեմի օգնական եպիսկոպոս Գէորգ եպս. Ասատուրեան, «Սեպուհ Շահպազեան» ֆոնտի հիմնադիր տէր եւ տիկին Յարութ եւ Մանուշակ Շահպազեաններ եւ ֆոնտի անդամներ, Համազգայինի Կեդրոնական...

Զարմիկ Պողիկեան. «Հայ Համայնքը Միշտ  Ջատագով Եղած Է Սուրիական  Տագնապի Խաղաղ Լուծման»

Զարմիկ Պողիկեան. «Հայ Համայնքը Միշտ Ջատագով Եղած Է Սուրիական Տագնապի Խաղաղ Լուծման»

«Գանձասար» թերթի խմբագիր Զարմիկ Պողիկեան «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսած է, որ հայկական համայնքին մէջ կը կիսեն պաշտօնական տեսակէտը այն մասին, թէ ռուսական կողմը օգնեց բանակցութիւններուն մէջ յաջողութեան հասնելու հարցով եւ անհրաժեշտութեան պարագային դարձեալ պիտի օգնէ: «Իբրեւ հայ համայնք` մենք միշտ ջատագով եղած ենք սուրիական տագնապի խաղաղ հանգուցալուծման: Մեր համայնքը դրականօրէն պիտի արտայայտուի սուրիական բանակցութիւններու առնչութեամբ եւ...

Աթէնքի Մէջ Նախագահ Սերժ Սարգսեան  Հանդիպում Ունեցաւ Յունաստանի  Վարչապետ Ալեքսիս Ցիփրասի Հետ

Աթէնքի Մէջ Նախագահ Սերժ Սարգսեան Հանդիպում Ունեցաւ Յունաստանի Վարչապետ Ալեքսիս Ցիփրասի Հետ

Պաշտօնական այցելութեամբ Յունաստան գտնուող Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան 15 մարտին ծաղկեպսակ զետեղած է Աթէնքի Նէա Զմիռնիի հրապարակին վրայ գտնուող Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած յուշարձանին եւ յունահայ համայնքի ներկայացուցիչներու, հոգեւորականներու, Յունաստանի մէջ զինուորական կրթութիւն ստացող հայ ուսանողներու  հետ միասին յարգանքի տուրք մատուցած է ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին: Այնուհետեւ Հանրապետութեան նախագահը կառավարութեան դահլիճին մէջ հանդիպում ունեցած է Յունաստանի վարչապետ Ալեքսիս Ցիփրասի հետ:...

Վարչապետարանին Մէջ.  «Մթնոլորտը Դրական Է, Իսկ ՀՅԴ Կեդրոնական  Կոմիտէն Այս Գիշեր Կը Յայտնէ  Իր Վերջնական Որոշումը»   Ընդգծեց Յ. Բագրատունի

Վարչապետարանին Մէջ. «Մթնոլորտը Դրական Է, Իսկ ՀՅԴ Կեդրոնական Կոմիտէն Այս Գիշեր Կը Յայտնէ Իր Վերջնական Որոշումը» Ընդգծեց Յ. Բագրատունի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ վարչապետարանին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ վարչապետ Թամմամ Սալամի հետ` ներկայութեամբ երկրագործութեան նախարար Աքրամ Շեհայէպի, Բարգաւաճման եւ վերաշինութեան խորհուրդի նախագահ Նեպիլ Ժսըրի եւ Կեդրոնական կոմիտէի փոխներկայացուցիչ Աւետիս Կիտանեանի: Հանդիպումէն ետք Յ. Բագրատունի  յայտնեց, որ մթնոլորտը դրական է` աւելցնելով, որ Պուրճ Համուտի մէջ թափօններու թաղման վայրի մը հաստատումին մասին Կեդրոնական կոմիտէն իր վերջնական...

«Տէր Կանգնինք Արեամբ Կերտուած Մեր Հայրենիքին»  Խորագիրով Ձեռնարկ` Նուիրուած  Արցախեան Ազատագրական Պայքարի 28-Ամեակին

«Տէր Կանգնինք Արեամբ Կերտուած Մեր Հայրենիքին» Խորագիրով Ձեռնարկ` Նուիրուած Արցախեան Ազատագրական Պայքարի 28-Ամեակին

Վարչապետ Յարութիւնեան. «Հայրենիքը Միայն Սիրելու, Այցելելու Համար Չէ, Այլ Պատասխանատուութիւն Է, Զոր Պէտք Է Բոլորս Կիսենք» Բենիամին Պչաքճեան. «Ազգովին Տէր Կանգնինք Արեամբ Ազատագրուած Տարածքներուն Եւ Զայն Վերածենք Հզօր Ու Կենսունակ Հայրենիքի» 28 տարիներ առաջ արցախեան աշխարհին մէջ հայութիւնը կը թօթափէր վախն ու ճնշուածութիւնը, կը դիմէր զէնքին ու ուժին` կերտելու համար ազատ հանրապետութիւն մը, տէր կանգնելու համար իր հողերուն ու իրաւունքներուն:...

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց  Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան  Վարչապետ Արա Յարութիւնեանը

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Վարչապետ Արա Յարութիւնեանը

Երեքշաբթի, 15 մարտ 2016-ին, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան վարչապետ Արա Յարութիւնեան եւ իրեն ընկերակցող ղարաբաղեան պատուիրակութիւնը այցելեցին Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին: Հանդիպումի ընթացքին քննարկուեցան Ղարաբաղի եւ սփիւռքի գործակցութեան առնչուած շարք մը հարցեր, ներառեալ` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կողմէ նախաձեռնուած Նոր Կիլիկիա գիւղի վերաշինութեան ընթացքը: Վեհափառ հայրապետը կարեւորութեամբ շեշտեց Ղարաբաղի տնտեսական բարելաւման եւ անոր հզօրացման նպաստող ծրագիրներուն սփիւռքի աւելի գործօն մասնակցութեան հրամայականը:...

Հայաստանի Ամերիկեան Համալսարանի Նախագահն Ու Փոխնախագահը Այցելեցին «Ազդակ»

Հայաստանի Ամերիկեան Համալսարանի Նախագահն Ու Փոխնախագահը Այցելեցին «Ազդակ»

Հայաստանի ամերիկեան համալսարանի նախագահ Արմէն Տէր Կիւրեղեան եւ փոխնախագահ Աշոտ Ղազարեան երէկ կէսօրէ ետք այցելեցին «Ազդակ», տեսակցեցան տնօրէնութեան ու խմբագրական կազմին հետ եւ ծանօթացան թերթի տարբեր բնոյթի աշխատանքներուն: Այցելելով նաեւ թուայնացման բաժանմունք` Տէր Կիւրեղեան գնահատեց թերթի արխիւներու թուայնացման աշխատանքը եւ շեշտեց համալսարանի ելեկտրոնային գրադարանին հետ համագործակցութեան անհրաժեշտութիւնը: Հայաստանի ամերիկեան համալսարանի պատասխանատուները Լիբանանի մէջ հանդիպումներ պիտի ունենան հոգեւոր, միութենական եւ կրթական...

Խմբագրական.  Զարգացնել Եւ Ամրակայել Համակարգերը.  Ընելի՛ք Ունի Լիբանանահայութիւնը

Խմբագրական. Զարգացնել Եւ Ամրակայել Համակարգերը. Ընելի՛ք Ունի Լիբանանահայութիւնը

Այսօր լիբանանահայութիւնը կը տօնակատարէ արցախեան ազատամարտի 28-ամեակը: Եւ պատահական չէ, որ յատուկ տարողութիւն կը ստանայ սփիւռքեան այս միջավայրին մէջ այս տարուան նշումը: Նախ այն պատճառով, որ տարին յոբելենական է համայն հայութեան համար թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ Արցախի հանրապետութեանց հիմնադրութեան 25-ամեակին առումով: Ուրեմն ազատամարտի հերթական նշումը այս տարի անպայմանօրէն կը կապուի Արցախի Հանրապետութեան 25-ամեակին հետ, որ իր հերթին, օրին յատուկ ընդգծումներով...

Աթէնքի Մէջ Տեղի Ունեցան Հայ-Յունական  Բարձր Մակարդակի Բանակցութիւններ

Աթէնքի Մէջ Տեղի Ունեցան Հայ-Յունական Բարձր Մակարդակի Բանակցութիւններ

Պաշտօնական այցելութեամբ Յունաստան գտնուող Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան 14 մարտին, նախքան բարձրաստիճան այցելութիւններն ու բանակցութիւնները, Աթէնքի մէջ ծաղկեպսակ զետեղած է Անհետ կորսուած զինուորի յուշարձանին առջեւ եւ յարգանքի տուրք մատուցած: Յունաստանի նախագահական նստավայրին մէջ տեղի ունեցած  պաշտօնական ընդունելութենէն ետք տեղի ունեցած է Հայաստանի նախագահ Սերժ  Սարգսեանի եւ Յունաստանի Հանրապետութեան նախագահ Փրոքոփիս Փաւլոփուլոսի առանձնազրոյցը: Հայաստանի նախագահը եւ Փրոքոփիս Փաւլոփուլոս, որ նախագահ ըլլալէ...

«Մենք Համաձայնութիւն Չենք Յայտնած  Եւ Պիտի Չյայտնենք, Մինչեւ  Պարզաբանումներ Կատարուին»  Շեշտեց Յ. Բագրատունի

«Մենք Համաձայնութիւն Չենք Յայտնած Եւ Պիտի Չյայտնենք, Մինչեւ Պարզաբանումներ Կատարուին» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

Լիբանանը տառապեցնող աղբի տագնապին համար կառավարութեան սահմանած լուծումն ու անոր գործադրութիւնը սերտելու շրջագիծին մէջ, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ շեշտեց, որ եթէ Պուրճ Համուտի աղբի լեռը չվերացուի, ապա պէտք է մոռնալ Պուրճ Համուտի մէջ թափօններու թաղման վայրի կառուցումը: «Նախքան որեւէ քայլի մասին մեր համաձայնութիւնը շնորհելը, կ՛ուզենք գործադրուելիք ծրագիրին մանրամասնութիւնները գիտնալ, իսկ Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանին տրուելիք նիւթական...

Արցախ Ռուց Ինվեսթմընթ»-ի  6-րդ Տարեկան Ժողովին.  «Ունինք 25-Ամեայ Երիտասարդ, Բայց Հմուտ  Եւ Իմաստուն Արցախ,  Զոր Միասնաբար Պէտք Է Զարգացնենք»  Յայտարարեց Վարչապետ Արա Յարութիւնեան

Արցախ Ռուց Ինվեսթմընթ»-ի 6-րդ Տարեկան Ժողովին. «Ունինք 25-Ամեայ Երիտասարդ, Բայց Հմուտ Եւ Իմաստուն Արցախ, Զոր Միասնաբար Պէտք Է Զարգացնենք» Յայտարարեց Վարչապետ Արա Յարութիւնեան

Կազմակերպութեամբ «Արցախ Ռուց Ինվեսթմընթ»-ի (ԱՌԻ) վարչութեան, երէկ` երկուշաբթի, 14 մարտ 2016-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Տորայի «Ինտի Ռեսթորընթ էնտ Լաունչ»-ի մէջ տեղի ունեցաւ ԱՌԻ- 6-րդ տարեկան ընդհանուր ժողովը` ներկայութեամբ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պատուիրակութեան, գլխաւորութեամբ վարչապետ Արա Յարութիւնեանի: Սուրէն Սարգիսեան Բացման խօսքով վարչութեան ատենապետ Սուրէն Սարգիսեան ողջունեց ներկաները եւ սեղմ գիծերու մէջ ներկայացուց օրուան յայտագիրի գլխաւոր կէտերը, որոնց ծիրին մէջ ԱՌԻ-ի գործունէութեան...

Page 710 of 795 1 … 709 710 711 … 795

Արխիւներ