Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահը Յարգանքի Եւ Երախտագիտութեան Տուրք Մատուցեց Նահատակ Զինուորներուն Յիշատակին

Մայիս 10, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Paradon1_50916

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան 9 մայիսին` Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին հետ այցելած է Երեւանի «Յաղթանակ» զբօսայգի եւ պատերազմի վեթերաններու, Հայաստանի բարձրաստիճան սպայակազմի, պետական բարձրաստիճան պաշտօնատար անձերու,  ազատամարտիկներու հասարակական կազմակերպութիւններու, Հայաստանի մէջ հաւատարմագրուած դիւանագիտական կազմի ներկայացուցիչներուն ընկերակցութեամբ ծաղկեպսակ զետեղած է Անյայտ զինուորի գերեզմանին:

Համաշխարհային Բ. պատերազմին տարած յաղթանակին եւ Շուշիի ազատագրման տարեդարձներուն առիթով նախագահը յարգանքի ու երախտագիտութեան տուրք մատուցած է հայրենիքի պաշտպանութեան եւ խաղաղութեան համար իրենց կեանքը զոհաբերած հերոսներու յիշատակին:

Հիւրերը դիտած են Հայաստանի զինուած ուժերու, Ռուսիոյ սահմանապահ ծառայութեան, պատուոյ պահակախումբի ստորաբաժանումներու, Վ. Սարգսեանի անուան ռազմական հիմնարկի ուսանողներուն եւ Մ. Մելքոնեանի անուան ռազմամարզական վարժարանի սաներուն հանդիսաւոր տողանցքը:

Ապա նախագահը այցելած է Յաղթանակի եւ խաղաղութեան տօնի առիթով աւանդաբար կազմակերպուող դաշտային խոհանոց եւ շնորհաւորած զինուորական վրանային ճաշի սեղանին շուրջ հաւաքուած վեթերանները, ճաշած ու զրուցած անոնց հետ:

Paradon2_50916

Յաղթանակի եւ խաղաղութեան տօնին առիթով արտասանած իր խօսքին մէջ հանրապետութեան նախագահը ըսած է.

«Մեր ժողովուրդին համար Համաշխարհային Բ. պատերազմը դարձաւ իսկապէս Հայրենական մեծ պատերազմ: Բազմաթիւ հայորդիներ կռուեցան իրենց հայրենիքի ազատութեան եւ լուսաւոր ապագային  համար: Պայքարեցան բոլոր ճակատներուն վրայ, պատերազմի դաշտին վրայ եւ թիկունքը: Այսօր մենք յարգանքի եւ երախտագիտութեան տուրք կը մատուցենք մեր հերոս նախնիներու պայծառ յիշատակին, որոնք  հարիւր հազարներով ինկան չարիքին դէմ պայքարին ընթացքին: Նաեւ յարգանքի եւ երախտագիտութեան տուրք կը մատուցենք աւաղ արդէն փոքրաթիւ այն վեթերաններուն, որոնք այսօր ալ մեր կողքին են:

«9 մայիսը մեզի համար վերաիմաստաւորուեցաւ եւ վերարժեւորուեցաւ 1992-ին Շուշիի ազատագրումով: Արցախի դարաւոր մշակութային կեդրոնը, որ աւանդաբար լոյս, կրթութիւն, գիտութիւն եւ արուեստ  սփռած էր իր շուրջ: Շուշիի ազատագրումը մեր կեանքի եւ մահուան հարցն էր, եւ մենք նոյն 9 մայիսին կրկնեցինք մեր հայրերուն եւ պապերուն սխրանքը` բեկելով պատերազմի ընթացքը:

«Այդ օրուընէ 24 տարի ետք` անցեալ ամիս, արդէն Շուշին ազատագրած ազատամարտիկներուն զաւակները կրկնեցին իրենց հայրերուն սխրանքը: Եւ անոնք ատիկա կատարեցին ոչ թէ ֆետայական ջոկատներու, այլ արդէն կայացած կանոնաւոր բանակի կազմին մէջ: Անոնք ապացուցեցին, որ հայ ժողովուրդի իւրաքանչիւր նոր սերունդ պատրաստ է նորովի եւ աւելի վստահօրէն պաշտպանելու իր անվտանգութիւնը, խաղաղութիւնը եւ իրաւունքները»:

 

 

Նախորդը

Մայիսեան Եռատօնի Հանդիսաւոր Նշում` Արցախի Մէջ

Յաջորդը

Ռուս-Ամերիկեան Միացեալ Հաղորդագրութիւն Մը Կոչ Կ՛ուղղէ Դադրեցնելու Քաղաքացիներուն Դէմ Ռմբակոծումները

RelatedPosts

Յիշարժան Օր Մը Հայութեան Համար.  Հայոց Ցեղասպանութեան Նահատակ Իգնատիոս Արք. Մալոյեան Սրբադասուեցաւ Հոգեպարար Ու Պատմական Արարողութեամբ
Գլխաւոր լուրեր

Յիշարժան Օր Մը Հայութեան Համար. Հայոց Ցեղասպանութեան Նահատակ Իգնատիոս Արք. Մալոյեան Սրբադասուեցաւ Հոգեպարար Ու Պատմական Արարողութեամբ

Հոկտեմբեր 20, 2025
Հանդիպում` «Հայկական Սփիւռքի Մարտահրաւէրները Եւ Հայրենիքը» Նիւթով
Գլխաւոր լուրեր

Հանդիպում` «Հայկական Սփիւռքի Մարտահրաւէրները Եւ Հայրենիքը» Նիւթով

Հոկտեմբեր 20, 2025
Բազմամարդ Հանրահաւաք` Ի Զօրակցութիւն Սամուէլ Կարապետեանին Եւ Ձերբակալուած Բարձրաստիճան Հոգեւորականներուն
Գլխաւոր լուրեր

Բազմամարդ Հանրահաւաք` Ի Զօրակցութիւն Սամուէլ Կարապետեանին Եւ Ձերբակալուած Բարձրաստիճան Հոգեւորականներուն

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?