Մուսթաքպալ հոսանքի նախագահ, նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցաւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի հետ: Քննարկուեցան երկրին մէջ տեղի ունեցող քաղաքական եւ ընտրական վերջին իրադարձութիւնները:
Այս առիթով Հարիրի գոհունակութիւն յայտնեց դաշնակցութեան ունեցած դերակատարութեան համար` Պէյրութի քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւններուն համայնքներուն եւ քաղաքական ուժերու ներկայացուցչութիւնը ապահովելու առումով:
Հարիրի յատկապէս ընդգծեց ՀՅ Դաշնակցութեան բերած նպաստը ուժերու միջեւ հաւասարակշռութեան եւ կամրջում կատարելու առումով: