Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. Վերահաշուարկներ Նաեւ Յաջողութենէն Ետք

Մայիս 17, 2016
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ARF_Vartsket-gadar

Վարագոյրը լրիւ չէ իջած տակաւին Լիբանանի քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւններուն վրայ. այսուհանդերձ, առանց մոռնալու հիւսիսային Լիբանանի ընտրութիւնները եւ այնտեղ նաեւ Դաշնակցութեան աշխուժ մասնակցութեան հրամայականն ու թեկնածու առաջադրելը, կարելի է ըսել, որ հիմնականին մէջ  Դաշնակցութեան առաջադրած թեկնածուներու համարեա ամբողջական ընտրացուցակը ընտրուած է արդէն:

Տակաւին առիթը կ՛ունենանք ընտրուած քաղաքապետներու, փոխքաղաքապետներու, քաղաքապետական խորհուրդներու անդամներու եւ թաղապետներու ընդհանուր համայնապատկերը, իբրեւ յաջողած թեկնածուներու հանրագումար ներկայացնելու:

Ստանձնել երկու շրջանի քաղաքապետական եւ թաղապետական ամբողջական պատասխանատուութիւն, կառավարել Մեթնի  ամէնէն յայտնի քաղաքներէն եւ Պեքաայի ամէնէն բարգաւաճ գիւղերէն հանդիսացող Պուրճ Համուտն ու Այնճարը. ու տակաւին` Մեթնի, Քեսրուանի եւ Լեռնալիբանանի այլ շրջաններու մէջ գործող քաղաքապետական խորհուրդներու, փոխքաղաքապետներու եւ թաղապետներու թեկնածուներ ներկայացնել, ընտրական դաշինքներու առանցք դառնալ, կամրջել ու հաւասարակշռել, տէր մնալ ստանձնած յանձնառութիւններու եւ ընտրամեքենայի յաջողագոյն օրինակ հանդիսանալ:

Այս բոլորը հեզասահ գործընթացներ չեն անշուշտ. մանաւանդ որ երկրին անորոշութեան մէջ նոյնքան անորոշութեան գացող ընտրական ենթահողերը, այլոց պարագային ընտրական մշակոյթին տիրապետած չըլլալը, տարերային մղումներով շարժիլը, յաճախ չուղղորդուիլը, կատարուած յայտարարութիւններու եւ գետնի վրայ արձանագրուող իրականութիւններու միջեւ երեւցած հսկայական տարբերութիւնները աւելի կը դժուարացնէին ընտրական դաշինքներու թէ՛ կազմութիւնը եւ թէ՛ մանաւանդ քուէարկութիւններու ճամբով արդիւնաւէտ դրսեւորումներու ընթացքը:

Համապետական ընտրութիւններուն մէջ երեսփոխանական ընտրութիւնները աւելի քաղաքականացուած ուղղուածութիւն ունին, քան քաղաքապետականները: Քաղաքական անձնաւորութիւնները, ուժերը, համայնքներու ղեկավարութիւններն ու կուսակցութիւնները ընտրական դաշինքներու հիման վրայ կ՛առաջադրեն, կը զօրակցին, կ՛որդեգրեն ընտրացանկերը եւ ընտրապայքարը կը տանին անոր հիման վրայ:

Քաղաքապետականի պարագային անշուշտ կայ քաղաքական ուղղուածութիւնը, սակայն կան նաեւ շրջանի ազդեցիկ դէմքերու, ընտանիքներու եւ վերջերս նաեւ քաղաքացիական շարժումներու յարող աւելի երիտասարդական եւ նորարար ոճով աշխատելու տպաւորութիւն ձգող շրջանակները:

Բայց կայ նաեւ միտում մը` քաղաքացիականը հակադրելու քաղաքականին: Քաղաքացիի իրաւունքները, կենսոլորտը, քաղաքաշինութեան վերաբերող բոլոր ենթակառուցուածքային խնդիրները, հասարակարգի հետ կապուած խնդիրներ են, որոնք հիմնովին նաեւ քաղաքական հարցեր են: Քաղաքականութիւնը զուտ քաղաքագիտութիւն չէ եւ կուսակցականացուած տարազ ունենալը պայման չէ քաղաքականութեամբ զբաղելու համար:

Խնդիրը որոշ մթնոլորտի յառաջացումն է: Քաղաքական աւանդական հաստատութիւններն ու անոնց շարքին լիբանանեան կուսակցութիւնները նկատել իբրեւ անցեալ եւ ժողովուրդէն ակնկալել զօրակցիլ նորին, որ փոփոխութիւն պիտի բերէ:

Լիբանանեան կուսակցութիւններն ու  ընդհանրապէս պետական հաստատութիւնները քաղաքացիական շարժումներու յարող ընտրական վերջին երեւոյթը նկատի կ՛ունենան անպայման:

Իսկ մեր պարագային շեշտուած երեւոյթը իբրեւ անշրջանցելի գործօն համաժողովրդային վստահութեան համատարածութիւնն է: Այդ վստահութեան կայացումը իր խորքային պատճառները ունի: Համայնքի բոլոր իրաւունքներուն տէր կանգնելէն մինչեւ ինքնապաշտպանական մարտեր, մինչեւ կենցաղային խնդիրներու լուծման միջոցներու ապահովում: Ծառայական համակարգ մը ամբողջ, որ լիբանանեան տարբեր ուժերու եւ հոսանքներու ապահոված եւ յարափոփոխ ընտրազանգուածներու գոյացման եւ փլուզման երեւոյթներուն հետ որեւէ աղերս չունի:

Այս չի նշանակեր անշուշտ, որ մենք եւս որոշ վերահաշուարկներ կատարելու անհրաժեշտութեան առջեւ չենք: Վերահաշուարկը միայն ձախողութենէ ետք չեն ըներ: Յաջողութիւնը պահելու, զարգացնելու  եւ այս պարագային ծառայողականութիւնը աւելի կազմակերպելու եւ իր վստահութեան քուէն միշտ Դաշնակցութեան տուող ժողովուրդին այսօրուան սուր կարիքներուն հասնելու նպատակով նոր սկիզբ ապահովելու պատկառելի թիւով ներկայացող մեր նորընտիր քաղապետական խորհուրդներու անդամներուն եւ թաղապետներուն:

Նախորդը

«Դաշնակցութիւնը Իր Ընտրական Դաշինքները Վերատեսութեան Ենթարկելու Անհրաժեշտութիւն Չի Տեսներ» Ընդգծեց Յ. Բագրատունի

Յաջորդը

Ճատրակ. Եւրոպայի Անհատական Ախոյեանութիւն. Կատարուեցան 4-րդ Հանգրուանի Մրցումները

RelatedPosts

Խմբագրական  «Փիս Էքթ»-ը  Չի Կրնար Թերթել Արցախի Էջը
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական «Փիս Էքթ»-ը Չի Կրնար Թերթել Արցախի Էջը

Հոկտեմբեր 16, 2025
«Անկախներ Լիբանանի Համար» Հանդիպման Պատուիրակութիւնը Կ՛այցելէ «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գաղութային

«Անկախներ Լիբանանի Համար» Հանդիպման Պատուիրակութիւնը Կ՛այցելէ «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Հոկտեմբեր 16, 2025
Ձերբակալուեցան Արագածոտնի Թեմի Առաջնորդը Եւ Խումբ Մը Հոգեւորականներ
Գլխաւոր լուրեր

Ձերբակալուեցան Արագածոտնի Թեմի Առաջնորդը Եւ Խումբ Մը Հոգեւորականներ

Հոկտեմբեր 16, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?