
Մուսթաֆա, Սանի, Էլիաս, Զուլֆիքար անունները կը բնորոշեն Դիմադրութեան ղեկավարներէն Մուսթաֆա Պատրէտտինը:
Հըզպալլայի զինուորական հրամանատարը կ՛ապրէր Սէյիտա Զէյնապի ուխտատեղիին կից Դամասկոսի օդակայանին մօտ գտնուող զինուորական կեդրոնին մէջ` հոնկէ հսկելով շրջանին մէջ հաւատադրժողական ահաբեկիչներուն դէմ գործադրուող զինուորական գործողութիւններուն եւ հսկելով ուխտատեղիին ապահովութեան:
«Կա՛մ իբրեւ նահատակ եւ կա՛մ յաղթանակի դրօշը բարձրացուցած պիտի վերադառնամ Սուրիայէն»: Այս խօսքերով Մուսթաֆա Պատրէտտին տարիներ առաջ ուղղուեցաւ
Սուրիա, ուր նախանցեալ գիշեր նահատակուեցաւ, երբ անոր կեդրոնը ենթարկուեցաւ պայթումի:
Հըզպալլայի կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ պայթումին մասին հետաքննութիւն բացուած է:

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ Պատրէտտինի յուղարկաւորութեան արարողութեան ընթացքին ընդգծեց, որ ամէնէն ուշը այսօր պիտի յայտարարուին Զուլֆիքարը թիրախ դարձուցած անարգ պայթումին մանրամասնութիւնները:
Ան շեշտեց, որ Մուսթաֆա Պատրէտտին սխրագործութիւններ կատարած է Դիմադրութեան պատմութեան մէջ` աւելցնելով, որ նահատակութիւնը յաղթանակի եւ փառքի ճամբան է, ինչպէս նաեւ արժանապատուութիւն:
Մուսթաֆա Պատրէտտինի նահատակութեան առիթով «շնորհաւորութիւնները» ընդունուեցան Հարաւային արուարձաններու «Հայ Ամրիքան» շրջանի Մուժթապա համալիրին մէջ:

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա ուրբաթ, 20 մայիսին Պատրէտտինի նահատակութեան նուիրուած յիշատակի ձեռնարկին առիթով խօսք մը պիտի արտասանէ Պէյրութի հարաւային արուարձաններուն մէջ:
Խորհրդարանի նախկին փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի շեշտեց, որ առանց Դիմադրութեան եւ Հըզպալլայի մարտիկներուն թափած արեան, ահաբեկչութիւնը հասած կ՛ըլլար Լիբանան:
Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալի ցաւակցութիւն յայտնեց Դիմադրութեան եւ անոր ղեկավարութեան` շեշտելով, որ ինք Պատրէտտինի նահատակութիւնը կը նկատէ Սուրիոյ յաղթանակի աւետիսը:
Ալի հաստատեց, որ Պատրէտտինը սպանութեան թիրախ դարձնելու քայլը ափսոսանքի մղող փաստ է:
Նշենք, որ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ճաւատ Զարիֆ ցաւակցական հեռագիր մը յղեց սէյիտ Նասրալլային` գուժելով Պատրէտտինի նահատակութիւնը եւ ընդգծելով, որ այս հերոսին նահատակութիւնը յաւելեալ կորով պիտի շնորհէ Դիմադրութեան` պայքարելու սիոնական գոյացութեան եւ ահաբեկչութեան դէմ:
Միւս կողմէ, Մուսթաքպալ հոսանքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ յայտնեց, որ իրենց համար Պատրէտտինը սպաննուած է եւ ոչ թէ նահատակ` նկատի ունենալով, որ Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանին կողմէ ան նկատուած է նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեամբ ամբաստանուած հիմնական հինգ յանցագործներէն մէկը:


