ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն կը շեշտէ, որ ՀՅ Դաշնակցութեան եւ քաղաքական տարբեր ուժերուն հետ ընտրական դաշինքներու մասին իրաւասու է խօսելու միա՛յն Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն:
Լեռնալիբանանի եւ յատկապէս Հիւսիսային Մեթնի քաղաքապետական ընտրութիւններուն նախօրեակին ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն կը հաստատէ, որ`
ա) Քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւնները ժողովրդավարական գործողութիւններ են, որոնք կը միտին բարգաւաճեցնել շրջանները եւ քաղաքացիին յարաբերութիւնները ամրապնդել տեղական կառավարութեան, այլ խօսքով` քաղաքապետարանին հետ, որպէսզի կարելի ըլլայ բոլոր քաղաքացիներուն կարիքները բաւարարել, անսալ անոնց պահանջներուն եւ իրականացնել անոնց ձգտումները:
բ) ՀՅ Դաշնակցութիւնը Հազմիէի, Մեթնի եւ Ժպէյլի կարգ մը քաղաքապետարաններուն մէջ ընտրութիւններուն մասնակից պիտի դառնայ իր թեկնածուներով, իսկ բոլոր շրջաններուն մէջ պիտի մասնակցի իր քուէարկութեամբ:
գ) ՀՅ Դաշնակցութիւնը կը շեշտէ, որ ինք կը զօրակցի այն ընտրացանկերուն, որոնք, իր հայեցողութեամբ, ճշգրիտ ներկայացուցչութիւն կ՛ապահովեն, յատկապէս այն ընտանիքները եւ քաղաքական ուժերը, որոնք կը գործեն բարգաւաճում իրականացնելու համար:
դ) ՀՅ Դաշնակցութիւնը կը հաստատէ, որ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն իրաւասու միակ հեղինակութիւնն է, որ կրնայ խօսիլ կուսակցութեան ընտրական դաշինքներուն մասին: Հետեւաբար, Կեդրոնական կոմիտէի պաշտօնական կեցուածքներուն շրջագիծէն դուրս որեւէ կեցուածք` թեկնածուներուն կամ ընտրացանկը գլխաւորող անձնաւորութիւններուն կողմէ, կարելի չէ որդեգրել իբրեւ ՀՅ Դաշնակցութեան կեցուածք:
ե) ՀՅ Դաշնակցութիւնը կը մաղթէ, որ քաղաքապետական ընտրութիւններուն արդիւնքները մարմնաւորեն քաղաքացիներուն ձգտումներուն ճշմարիտ պատկերը, հեռու քաղաքական ճնշումներէ եւ կաշառքներէ, որոնք կ՛օժանդակեն միայն ժողովրդավարական աշխատանքը թիրախ դարձնելու եւ ընկերութիւնները քայքայելու:
ՀՅԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷԻ
ՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ