Երէկ Հայաստանի Ազգային ժողովի հերթական քառօրեայի նիստն էր: Նիստին ընթացքին քննարկուեցան պատգամաւորներ Զարուհի Փոստանջեանի եւ Հրանդ Բագրատեանի կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ճանաչման հարցը քառօրեայի օրակարգ մտցնելու հարցը:
ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան նշեց, որ այս հարցը արդէն չորրորդ անգամ է, որ կը քննարկուի, եւ ՀՅԴ-ի տեսակէտը մնացած է նոյնը:
«Մենք միշտ հիմնաւորած ենք մեր «կողմ» քուէարկութիւնը: Մենք բոլոր այս նախաձեռնութիւններուն միշտ կողմ քուէարկած ենք` ըսելով, որ երբեք չենք կրնար դէմ ըլլալ Ղարաբաղի ճանաչման, բայց ատիկա պէտք է միասնական ըլլայ, միակողմանի պէտք չէ ըլլայ: Բանակցողները պէտք է յստակ ըսեն, թէ ե՛րբ է ատիկա կատարելու պահը: Ասիկա մեր զինանոցին մէջ պէտք է միշտ ունենանք, եւ այդ միջանկեալ քայլը, որ կրնայ անոր լուծումներ ապահովել, Ղարաբաղի հետ դաշինք կնքելն է: Կը կարծենք, որ այդ հարցը հրատապ կերպով պէտք է բերուի օրակարգ», ըսաւ Ռուստամեան: