
Համեմատած նախորդ շաբթուան ողբերգական վիճակին, Հալէպի մէջ ապահովական իրավիճակը համեմատաբար աւելի կայուն կը համարուէր այս շաբաթ։ Սուրիական բանակը 5 Մայիսին, նախ եռօրեայ զինադադար յայտարարեց, ապա զինադադարը երկու անգամ երկարաձգեց մինչեւ 11 Մայիս, որուն իբրեւ արդիւնք թէեւ Հալէպի ապահովական իրավիճակը աւելի կայուն դարձաւ, սակայն ահաբեկչական խմբաւորումներ կրկին հրթիռակոծեցին բնակչութեամբ հոծ մէկէ աւելի շրջաններ, ինչպէս Նոր Գիւղ, Սէյֆ ալ Տաուլէ, Խալտիէ, Ճելէէ եւ այլուր։ Կիրակի 8 Մայիսին Նոր Գիւղի հրթիռակոծման հետեւանքով փուլ եկաւ յարկաբաժին մը, զոհուեցան մայր մը եւ երկու երեխայ։ Ներկայ ժամերուն բուռն բախումներ տեղի կ՚ունենան սուրիական բանակին եւ «Նուսրա» ահաբեկչական խմբաւորման միջեւ՝ Հալէպի հիւսիս արեւմտեան կողմը գտնուող Հանտարաթ գիւղին մէջ։ Հալէպի Կրթական Տնօրէնութիւնը 5 Մայիսին ապահովական նկատառումներով առկախեց Հալէպի բոլոր վարժարաններու քննութիւնները մինչեւ Կիրակի 8 Մայիսին։ Հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն Հալէպի մէջ կեանքը կը շարունակուի։ Այսօր Հալէպի վարժարաններէն ներս 2015-2016-ի ուսումնական դժուարին տարուան վերջին զանգը հնչեց։ Հայկական վարժարանները կը պատրաստուին ամավերջի հանդէսներուն։ Յառաջիկայ Կիրակի պիտի սկսին միջնակարգի (պրովէ) պետական քննութիւնները։ Ապահովական ծանր կացութեան կողքին, Հալէպի բնակչութիւնը կ՚ապրի տնտեսական, ծառայողական եւ կենցաղային ծանր պայմաններու մէջ։ Ջուրի հոսանքը նախորդ շաբաթ 5 օր անջատուելէ յետոյ կրկին միացաւ։ Ելեկտրականութիւնը նոյնպէս։ Քաղաքին մէջ սղաճը անտանձելի դարձաւ՝ յաճախ օգտագործման ենթակայ շահամոլ վաճառականներու կողմէ։ Սուրիական դրամանիշի անկումը պատճառաբանելով վաճառականներ տեղական արտադրութիւններու գիներն անգամ կրկնապատկեցին։ Այսօր Սուրիոյ կեդրոնական դրամատունը յայտարարեց, որ ամէն ջանք ի գործ պիտի դնէ սպառողի շահերու պահպանման եւ սուրիական դրամանիշի վերականգնման համար։
 
			

