Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Կարկաչ» Երգչախումբի Անդամները Հմայեցին Ներկաները Իրենց Բարձրորակ Կատարումով

May 17, 2016
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

IMG_4892

Հովանաւորութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան կիրակի, 15 մայիս 2016-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Հայ աւետարանական Ա. եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ «Կարկաչ» մանկական եւ պատանեկան երգչախումբին ելոյթը, ղեկավարութեամբ` երգչախումբի խմբավար Զաքար Քէշիշեանի:

IMG_4731

Յայտագիրը սկիզբ առաւ «Ըմէյզինկ կրէյս» հոգեւոր երգով, ուր հետաքրքրական էր առանց երաժշտութեան ընկերակցութեան պատանիներու երաժշտական բարձր կատարումը, ապա խմբավար Քէշիշեան քաջալերանքով ներշնչեց պատանիները եւ շնորհակալական խօսք ուղղեց Հայ աւետարանական Ա. եկեղեցւոյ հովիւին, ինչպէս նաեւ Հայկազեան համալսարանին: Յայտագիրը շարունակուեցաւ բարձր խանդավառութեամբ: Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտանոցի աւարտական դասարաններէն Հենրի Իշխանեան ներկայացուց «Այ էմ սմոլ փարթ աֆ տը ուորլտ» երգը` դաշնակի վրայ: Յայտագիրը շարունակուեցաւ Լիանա Յարութիւնեանի ընկերակցութեամբ, որուն ներկայացուցած` լիբանանահայ երաժիշտ Սարգիս Շաթըրեանի «Նուրիէի շուկան» երգը իր հաճելի անդրադարձը ունեցաւ ներկաներուն վրայ: Ապա, ինչպէս ակնարկեց խմբավարը, երգչախումբին ընտրութեամբ հրամցուած  «Հափփի» երգը ուրախութեան զգացումներ սփռեց ներկաներուն հոգիներուն մէջ: Նախքան «Կարկաչ» մանկական երգչախումբին  ներկայացումը, խմբավար Քէշիշեան շնորհակալութեամբ պատուեց ծնողները, որոնք ջանք չխնայեցին աջակցելու ելոյթի յաջողութեան: Ապա մանուկները իրենց հայրենասիրական եւ մանկական ոգիով «Արցախ», «Շնիկին դասը», «Կատուն կաթնատանը» եւ «Թզուկի երգը» երգերը ներկայացնելով խանդավառ մթնոլորտ ստեղծեցին հանդիսատեսին մօտ: Հետաքրքրական էր վերաբերմունքը խմբավարին, որ միշտ քաջալերանքով կը մօտենար  մանուկներուն կատարողութեան: Մանկական երգչախումբը իր վերջին երգով ներկայացուց հայկական ժողովրդային երգերու փունջ մը, մասնակցութեամբ` Հայկ Քէշիշեանի (շուիով), Նաթալի Աբոքեանի (տուտուկով), Նարեկ Քէշիշեանի եւ Քրիսթիան Գապաքեանի (տհոլով): Մանկական բաժինի աւարտին նոյն խանդավառութեամբ մայրերը արժանացան ծաղիկներու:

Յայտագիրը կրկին շարունակուեցաւ պատանեկան երգչախումբին հետ` Եղիշէ Չարենցի «Ես իմ անուշ Հայաստանի» երգով, Տիգրան Մանսուրեանի նոր մշակած երաժշտութեամբ: Ապա հետաքրքրական կատարումով ներկայացուեցաւ «Նոր Հայաստան»-ը:

IMG_4761IMG_4692Հանդիսատեսը ունկնդրեց պապիկի եւ թոռնիկի հաճելի ներկայացումը` «Վարդ» երգով, զոր ներկայացուց դասական, ժողովրդական, հայրենասիրական եւ ժամանակակից երգերու անուանի հիւր երգիչ Գէորգ Պէպէճեանը` պատանի երգչախումբի անդամ իր թոռնիկին` Գէորգ Պէպէճեանի հետ. յաջորդեց «Ֆունիքուլի-Ֆունիքուլա»-ն` դարձեալ հիւր երգիչ Գէորգ Պէպէճեանի բացառիկ կատարողութեամբ:

Խմբավար Զաքար Քէշիշեան նախքան յայտագիրին աւարտը, անդրադարձաւ ապրիլ ամսուան ընթացքին Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի դէմ շղթայազերծուած նախայարձակումին պատճառով նահատակուած զինուորներուն, որոնց շարքին յիշեց Շուշիի «Վարանդա»  երգչախումբին նախկին սաներէն նահատակ զինուոր Սարգիս Գասպարեանը եւ խնդրեց հիւր երգիչէն «Գանձասար երգը» կատարել` ի յիշատակ Սարգիսին եւ բոլոր նահատակներուն: Յոյս եւ եռանդ ներշնչող «Ելէք հայեր, ելէք հայեր» երգով երգչախումբը, խանդավառեց հանդիսատեսը:

Բարձր հնչող ծափահարութիւններով աւարտեցաւ ելոյթը:

Նախորդը

Հաղորդագրութիւն

Յաջորդը

Հալէպի Մէջ Խաղաղ Բնակչութիւնը Կրկին Հրթիռակոծման Թիրախ Դարձաւ. Արձանագրուեցսն Զոհեր Եւ Վիրաւորներ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Թիրախային Հարուածներու  Հանրագումարներ Եւ Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Թիրախային Հարուածներու Հանրագումարներ Եւ Ընտրութիւններ

October 8, 2026
Վանս. «Պատերազմը Աւարտելու Համար  Իրանը Պէտք Է Իւրանիոմի Հարստացման  Կարողութիւնը «Խորքային» Կերպով Նուազեցնէ»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Պատերազմը Աւարտելու Համար Իրանը Պէտք Է Իւրանիոմի Հարստացման Կարողութիւնը «Խորքային» Կերպով Նուազեցնէ»

October 8, 2026
Սալամ. «Առանց Իր Տարածքին Վրայ  Ամբողջական Իշխանութեան Տարածման,  Պետութիւնը Իսկական Արժէք Չունի»
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ. «Առանց Իր Տարածքին Վրայ Ամբողջական Իշխանութեան Տարածման, Պետութիւնը Իսկական Արժէք Չունի»

October 8, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.