Զալքա, Անթիլիաս, Տըպպայէ, Պէյթ Շաար,
Ժիպէյլ, Պիքֆայա, Մըզհեր, Պաուշրիէ
Եւ Հազմիէ Ընտրաշրջաններուն Մէջ
ՀՅԴ-ի Թեկնածուները` Ընտրուած

Կիրակի, 15 մայիս 2016-ը եւս` իբրեւ յիշարժան ու յաղթանակի օր, եկաւ աւելնալու լիբանանահայութեան պատմութեան մէջ, որովհետեւ, հակառակ Լեռնալիբանանի քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւններուն ընթացքին տարբեր շրջաններուն մէջ եղած ընտրապայքարին, շնորհիւ նուիրեալներու փաղանգ հանդիսացող Դաշնակցութեան ընտրական մեքենային, ազգային- հաւաքական շահերը ամէն բանէ վեր նկատող լիբանանահայութեան քուէներով կարելի եղաւ հայկական ներկայացուցչութիւն ապահովել տարբեր ընտրաշրջաններու մէջ:

Առաւօտեան կանուխ ժամերէն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00` քուէատուփերուն փակումը, լիբանանահայութիւնը, ՀՅԴ-ի ակումբներէն ստացած ընտրացանկերը ձեռքին, համոզումով ուղղուեցաւ քուէակեդրոն, տուաւ իր չվաճառուող քուէն եւ ապահովեց ընտրութիւնը քաղաքապետական խորհուրդներու անդամի թեկնածուներ Գրիգոր Խալոյեանի (Զալքա-Ամարաթ Շալհուպ), Հայկ Ոսկերիչեանի (Անթիլիաս-Նաքքաշ), Պետրոս Մաճարեանի (Տըպպայէ), Լեւոն Տէր Սարգիսեանի (Մըզհեր-Պսալիմ), Տենի Գէորգեանի (Պէյթ Շաար), Սարգիս Եղիա Ստեփանեանի (Պէյթ Շաար), Ժոզեֆ Պեզճեանի (Ժիպէյլ), Վահէ Գալընճեանի (Պիքֆայա), Սիլվա Թնկըրեան-Տըայպէսի եւ Յովիկ Պէրպէրեանի (Հազմիէ), թաղապետական թեկնածուներ Աւօ Քէօրքիւնեանի (Մըզհեր) եւ Պաղտիկ Տեմիրճեանի (Պաուշրիէ):

Այսպիսով, լիբանանահայութիւնը ո՛չ միայն նախորդ հանգրուանի հայկական ներկայացուցչութիւնը ապահովեց կարգ մը շրջաններու մէջ, այլ նաեւ նոր ներկայացուցիչներ ապահովեց այլ վայրերու մէջ, որպէսզի անոնք ունենան լիազօրութիւնը հետապնդելու հայութեան շահերը, լուծելու լիբանանահայութեան դիմագրաւած հարցերը եւ լծուելու աւելի լաւ ապագայի մը կերտումին:
Լեռնալիբանան. 2-րդ Հանգրուան
Լեռնալիբանանի մէջ երէկ գործադրուեցաւ քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւններուն երկրորդ հանգրուանը:
Ժիպէյլ, Քեսրուան, Մեթն, Ժունիէ, Տըպպայէ, Պիքֆայա, Պաապտա, Հատաթ, Զալքա, Պսալիմ, Հարաւային արուարձաններ, Շուֆ, Ալէյ, Պրիհ, Հազմիէ, Լուէյզէ, Ֆիատիէ, Լաքլուք, Պէյթէտտին, Տհուր Շուէյր, Շուէյֆաթ, Զուք Մքայէլ, Պհամտուն եւ այլ շրջաններ վկայեցին ընտրական աշխուժութիւն մը` նկատի ունենալով, որ Լեռնալիբանանի մէջ արձանագրուած քուէարկութեան մասնակցութեան համեմատութիւնը շատ աւելի բարձր էր, քան Պէյրութի եւ Պեքաայի մէջ տեղի ունեցած ընտրութիւններուն մասնակցութեան համեմատութիւնը:
Ժունիէի մէջ ընտրապայքարը եղաւ շատ սուր: Ընտրութեան մասնակցութեան համեմատութիւնը հասաւ շուրջ 60 առ հարիւրի, մինչ 2010-ին այդ համեմատութիւնը հազիւ 50 առ հարիւրի կը հասնէր:
Քաղաքացիները քուէարկեցին չորս շրջաններու մէջ` Սարպա, Սահել Ալմա, Հարեթ Սախըր եւ Ղատիր:
Ընտրապայքարը արձանագրուեցաւ հիմնական երկու ընտրացանկերու միջեւ: Անոնք էին` «Ժունիէի արժանապատուութիւն» ցանկը, որուն կը նախագահէր Ժոան Հպէյշ եւ կը վայելէր Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան զօրակցութիւնը, ինչպէս նաեւ «Ժունիէ վերանորոգում» ընտրացանկը, որ կը վայելէր Լիբանանեան ուժեր եւ Փաղանգաւոր կուսակցութիւններուն զօրակցութիւնը:
Ժունիէի մէջ սուր ընտրապայքարին կողքին քուէներ գնելու եւ ընտրակաշառքի դրութիւնը դարձաւ տիրական:
Հատաթի մէջ քուէարկութեան համեմատութիւնը հասաւ 50 առ հարիւրի եւ ընտրապայքարը հիմնականին մէջ կեդրոնացաւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան եւ Հըզպալլայի զօրակցած «Հատաթի զօրակցութիւն» ընտրացանկին վրայ, որուն նախագահեց ներկայ քաղաքապետ Ժորժ Աուն, ընդդէմ «Հատաթի միասնականութիւն» ցանկին, որուն կը զօրակցէին Լիբանանեան ուժեր եւ Փաղանգաւոր կուսակցութիւնները:
Երեկոյեան Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ընտրամեքենան յայտարարեց, որ իր արդիւնքներուն համաձայն, Ժորժ Աուն յաղթական դուրս եկած է ընտրութիւններէն:

Ներքին գործոց եւ քաղաքապետարաններու նախարար Նուհատ Մաշնուք երեկոյեան տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւններուն երկրորդ հանգրուանը ամփոփեց հետեւեալ ձեւով. «Լեռնալիբանանի մէջ այսօր ժողովրդավարական օր էր»:
Ներքին գործոց նախարարութեան համաձայն, Լեռնալիբանանի մէջ քուէարկութեան մասնակցութեան համեմատութիւնը հասաւ 56 առ հարիւրի:
Մաշնուք շեշտեց, որ ապահովական իմաստով հսկայ հարցեր չեն պատահած` աւելցնելով, որ մանր մունր հարցերը տեղւոյն վրայ լուծուած են: «Ընտրութիւններուն մթնոլորտը բացառիկ էր: Լեռնալիբանանի վեց գաւառներուն` Ժիպէյլի, Մեթնի, Շուֆի, Քեսրուանի, Ալէյի եւ Պաապտայի մէջ 360 հազար քաղաքացիներ մասնակցած են ընտրութեան, իսկ ողջունելի են այն ընտանիքները, որոնք խաղաղ կերպով մասնակցեցան ընտրութիւններուն` շրջանցելով հաւանական բոլոր սադրանքները», շեշտեց Մաշնուք:
Ներքին գործոց նախարարը դիտել տուաւ, որ ընտրութիւններուն արդիւնքները հազիւ կէս գիշերէն ետք կարելի կ՛ըլլայ յստակացնել:
Մաշնուք վերահաստատեց, որ առաջնահերթութիւնը նախագահական ընտրութեան կայացումին է` աւելցնելով, որ երեսփոխանական ընտրութիւններ կատարելու համար կարիքը կայ ընտրական օրէնքի մը, որ տակաւին գոյութիւն չունի:
Միւս կողմէ, Մաշնուք ամբողջ օրուան ընթացքին այցելեց Լեռնալիբանանի զանազան շրջանները, ուր հետեւեցաւ ընտրութիւններուն ընթացքին, արձանագրեց քուէարկութեան կեդրոններուն բողոքները եւ կատարեց իր ցուցմունքները` հեզասահ կերպով շարունակելու ընտրական հոլովոյթը:
Սարայա Պաապտայի մէջ Մաշնուք շեշտեց, որ ընտրութիւնները կը կատարուին ապահովական կատարեալ կայունութեան մթնոլորտի մէջ` աւելցնելով, որ իր կարծիքով, կէսօրէ ետք ընտրութեան մասնակցութեան համեմատութիւնը յաւելեալ թափ պիտի ստանայ:
Մաշնուք ընդգծեց, որ ներքին գործոց նախարարութիւնը պիտի հետապնդէ քուէներ գնելու կամ ընտրակաշառքի որեւէ փորձ:
Մաշնուք այցելեց նաեւ Պէյթէտտին, Քաթրմայա եւ այլ շրջաններ, ուր հաստատեց, որ ընտրութիւնները կ՛ընթանան կատարեալ ժողովրդավարութեամբ:
Ղպէյրիի մէջ Մաշնուք յայտնեց, որ Լիբանան կարիքը ունի նախագահական ընտրութեան եւ ոչ թէ քաղաքապետական ընտրութիւններու:
Մաշնուք յայտնեց, որ Հարաւային Լիբանան իր այցելութիւնը աշխատանքային է` աւելցնելով, որ ամէն անգամ, երբ կարիքը ըլլայ Պէյրութի հարաւային արուարձաններ այցելութեան, ինք անվարան պիտի կատարէ այդ այցելութիւնը:
Մաշնուք ըսաւ. «Ես հարաւային արուարձաններ չեմ գտնուիր Դիմադրութեան ղեկավարներէն Մուսթաֆա Պատրէտտինի մահուան առիթով ցաւակցութիւն յայտնելու, ցաւակցութիւնները ընդունելու ժամկէտը աւարտեցաւ երէկ, սակայն Աստուած Պատրէտտինի հոգին լուսաւորէ»:
Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին կատարած իր յայտարարութեան մէջ շեշտեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը միասնակամ է եւ այդ եղանակով ալ կը գործէ: Ան շեշտեց, որ ընտրութիւններուն արդիւնքները պիտի փաստեն Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան միացեալ աշխատանքը: Զօր. Աուն խստիւ դատապարտեց ընտրակաշառքի եւ քուէները գնելու ամէն տեսակի փորձ:
Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ շեշտեց, որ Ժունիէի մէջ արձանագրուած ընտրապայքարը քաղաքական տեղական ուժերու միջեւ է եւ ոչ թէ Լիբանանեան ուժեր եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւններուն միջեւ:
Ժահժահ կոչ ուղղեց նախ եւ առաջ նախագահական ընտրութիւն կատարելու` միաժամանակ յարգելով երեսփոխանական ընտրութիւնները կայացնելու ժամկէտը:
Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան տեղեկատուական եւ յարաբերական գրասենեակի պատասխանատու Մըլհեմ Ռիաշի շեշտեց, որ հակառակ այն իրականութեան, որ կարգ մը շրջաններու մէջ Լիբանանեան ուժերուն եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան միջեւ ընտրական համաձայնութիւն գոյութիւն չունի, սակայն անոնք կը մնան քաղաքական համաձայնութեան ու հաշտութեան վրայ եւ անոնց միջեւ այլ հարցեր գոյութիւն չունին:
Հարաւային արուարձաններու Պըրժ Պարաժնէ շրջանին մէջ Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Ալի Ամմար շեշտեց, որ Հարաւային արուարձանները փաստած են, որ այդ շրջանին մէջ բոլորը առիթ ունին իրենց կարծիքն ու տեսակէտը արտայայտելու: Ամմար կոչ ուղղեց բոլորին ուղղուելու քուէարկութեան կեդրոնները:
Ղպէյրիի մէջ քաղաքացիական ընկերութեան ներկայացուցիչ եւ քաղաքապետական ընտրութիւններու թեկնածու Ուասեֆ Հարաքէ շեշտեց, որ Ղպէյրիի մէջ ընտրական մթնոլորտը դրական է` աւելցնելով, որ քաղաքապետական ընտրութիւններու կայացումը ժողովրդավարական երեւոյթ է:
Պիքֆայայի մէջ Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ քուէարկելէ ետք յայտնեց, որ քաղաքապետական ընտրութիւններուն ընդմէջէն իրենք քաղաքական պայքար չեն մղեր` աւելցնելով, որ այդ ընտրութիւնները տեղական բարգաւաճման նպատակ կը հետապնդեն: Ան կոչ ուղղեց բոլորին ուղղուելու քուէարկութեան կեդրոններ եւ ազատ կամքով մասնակցելու ընտրութիւններուն` նկատի ունենալով, որ ընտրութիւններուն մասնակցութիւնը ժողովրդավարական կարգերը վայելող քաղաքացիին իրաւունքն է:
Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլան շեշտեց, որ Շուէյֆաթի մէջ ինք մերժած է կուսակցութիւններու ընտրանքը եւ քաջալերած ընտանիքներուն ընտրանքը:
Երեսփոխան Միշել Մըր շեշտեց, որ Մեթնի մէջ քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւններէն իրենք յաղթական դուրս պիտի գան: Ան աւելցուց, որ պէտք է անպայման կատարել նաեւ երեսփոխանական ընտրութիւններ` շեշտելով, որ ոչինչ կը խանգարէ այդ մէկը:
Ընտրութիւններուն արդիւնքները շարունակուեցան յայտարարուիլ մինչեւ առաւօտեան կանուխ ժամերը: Սակայն անոնք վերջնական արդիւնքներ չնկատուեցան, մինչեւ ներքին գործոց նախարարութեան կողմէ այդ արդիւնքներուն պաշտօնականացումը:






https://www.facebook.com/photo.php?fbid=10205102411554784&set=pcb.10205102413714838&type=3&theater
https://www.facebook.com/photo.php?fbid=10205102377433931&set=pcb.10205102379273977&type=3&theater
https://www.facebook.com/photo.php?fbid=10205102274751364&set=pcb.10205102277391430&type=3&theater
https://www.facebook.com/photo.php?fbid=10205102254990870&set=pcb.10205102265231126&type=3&theater
https://www.facebook.com/photo.php?fbid=10205102303992095&set=pcb.10205102306592160&type=3&theater
https://www.facebook.com/photo.php?fbid=10205102237190425&set=pcb.10205102240470507&type=3&theater


