Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ բանբեր Արծրուն Յովհաննիսեանը «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ զրոյցի մը ընթացքին հաստատեց, որ 15 մայիսին մահացած է Վայոց ձորի մարզի Վայքի զօրամասի 25-ամեայ զինուոր Արամ Օհանեանը:
«Հանգամանքները կը ներկայացնենք յետոյ», ըսաւ պաշտպանութեան նախարարութեան ներկայացուցիչը` չհաստատելով մամուլին մէջ շրջանառուող տեղեկութիւնը, թէ զինուորը զոհուած է արձակազէնի կրակոցէ: