25 երկիրներէ 60 ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ Արցախի մէջ տեղի ունեցած ՀՅԴ Հայ դատի յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու խորհրդաժողովէն ետք 12 մայիսին Երեւանի մէջ մամլոյ ասուլիս տուին ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Հայ դատի Կեդրոնական խորհուրդի նախագահ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, Միջին Արեւելքի Հայ դատի գրասենեակի պատասխանատու Վերա Եագուպեան եւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ Արսէն Համբարձումեան:
Յակոբ Տէր Խաչատուրեան ըսաւ, որ Հայ դատի յանձնախումբերն ու գրասենեակները ապրիլեան մարտական գործողութիւններու վերսկսումէն ետք մեծ թափով սկսած են ամբողջ աշխարհին մէջ գործունէութիւն ծաւալել` օրակարգի վրայ ունենալով շարք մը հրատապ, առաջնահերթ հարցեր, որոնց մէջ կարեւոր տեղ կը գրաւէ Ազրպէյճանի կողմէ կատարուող հակահայկական քարոզչութեան դէմ պայքարը:
«Տարբեր պետութիւններու մէջ, յատկապէս արեւմտեան երկիրներուն, Ազրպէյճան միլիոնաւոր տոլարներ կը ծախսէ մեծ հեղինակութիւն վայելող միջազգային պարբերականներուն միջոցով տեղեկատուական պատերազմին մէջ նախայարձակ ըլլալու համար: Ապրիլի սկիզբը իբրեւ զոհ ներկայացուց ինքզինք եւ շեշտեց, որ իբրեւ թէ Հայաստանը յարձակած է: Պէտք չէ թերագնահատել ազրպէյճանական եւ թրքական այն զանգուածը, որ արտասահմանի մէջ հակահայ գործունէութիւն կը ծաւալէ: Ազրպէյճան առանձին չէ այդտեղ, մեծ կարելիութիւններ կը տրամադրէ Թուրքիան, որ այս հարցին մէջ յստակ կողմ է, միացեալ քաղաքականութիւն կը վարէ Ազրպէյճանի հետ: Այս կը նշանակէ, որ մենք առաւել եւս պէտք է լարենք մեր ուժերը», ըսաւ ան:
Խորհրդաժողովին ընթացքին քննարկուած կարեւոր հարցերէն է նաեւ Արցախի ինքնորոշման իրաւունքի, օտար պետութիւններու կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ճանաչման հարցը: Առանց մանրամասնութիւններուն անդրադառնալու` Յ. Տէր Խաչատուրեան հաստատած է, որ քայլ առ քայլ կ՛ընթանանք դէպի Արցախի ճանաչում: «Մեր վերջնական նպատակը պետական մակարդակով Արցախի ճանաչումն է: Մինչ այդ, որդեգրած ենք մարտավարական որոշ մօտեցումներ` քաղաքներու, նահանգներու մակարդակով ճանաչում, կապերու հաստատում: Վերջին շրջանին մեծ թափ ստացած է օտարներուն կողմէ Արցախ տրուած այցելութիւններու հոլովոյթը: Ինչպէս գիտէք, Արցախ այցելած այլ ազգի ներկայացուցիչներ կը ներառուին Ազրպէյճանի «Սեւ ցանկ»-ին վրայ: Հակառակ ասոր, կան խորհրդարանականներ, քաղաքական գործիչներ, որոնք կու գան: Նշենք, որ ժամանակին մենք յաջողեցանք Քանատայէն կուսակցութեան ղեկավար մը բերել Արցախ, որ այսօր արտաքին գործոց նախարարն է: Ասոնք մանր քայլեր են, բայց, ինչպէս կ՛ըսեն, կաթիլ առ կաթիլ բաժակը կը լեցուի», ըսաւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամը:
Ըստ Տէր Խաչատուրեանի, ՀՅԴ-ի միջազգային կառոյցները ջանքեր ի գործ կը դնեն սփիւռքի հայութիւնը ոտքի հանելու եւ նիւթական միջոցներով հանգանակութիւններ կատարելու ուղղութեամբ, որպէսզի ստեղծուի հիմնադրամ, որ պիտի կարենայ զօրակցիլ հայոց բանակին:
Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի համաձայն, Դաշնակցութեան համար առաջնահերթ է Լեռնային Ղարաբաղի ճանաչման հարցը, հիմնական հարց է Արցախի եւ Հայաստանի պաշտպանութեան համակարգի հզօրացումը, ռազմավարական դաշնակիցի ճշդումը, որպէսզի Արցախի պաշտպանութիւնը աւելի բարձր մակարդակի վրայ ըլլայ:
Վերա Եագուպեան նշեց, որ քննարկուած են նաեւ սուրիահայութեան վերաբերող հարցեր, մանաւանդ Արցախի մէջ սուրիահայերու բնակեցման խնդիրը: «Քննարկեցինք սուրիահայերուն աջակցելու հարցերը: Ինչպէս գիտէք, Հալէպը ծանր վիճակի մէջ է, մեծ թիւով հայեր դուրս ելած են Սուրիայէն եւ հաստատուած Լիբանան, Հայաստան: Այսօր նկատելի է, որ հոսք կայ դէպի Արեւմուտք, Քանատա, Աւստրալիա: Մենք քննարկեցինք այն, որ ի՛նչ պէտք է ընենք, օժանդակութեան ի՛նչ միջոցի պէտք է դիմենք, որ սուրիահայերուն դէպի Արեւմուտք հոսքը նուազի, անոնք մնան Հայաստան կամ Լիբանան, որպէսզի երբ Սուրիան խաղաղի, աւելի դիւրին ըլլայ անոնց վերադարձը: Արցախի, նաեւ սահմանամերձ գիւղերուն մէջ սուրիահայերու վերաբնակեցման հարցը եւս կը քննարկուի անոնց հետ, որոնք կ՛ուզեն Արցախ հաստատուիլ, սակայն այդ ընտանիքները մեծ թիւ չեն կազմեր», ըսաւ Եագուպեան:
Արսէն Համբարձումեան նշեց, որ 30 երկիրներու մէջ գործող Հայ դատի յանձնախումբերը մնայուն կերպով կը փորձեն հետապնդել հայութեան իրաւունքները եւ պաշտպանել զանոնք:
«Նկատի ունենալով վերջին իրադարձութիւնները` յատուկ կերպով շեշտը դրուեցաւ Արցախի պահանջատիրութեան խնդիրներուն, դիւանագիտական քաղաքական թղթածրարի պատրաստութեան, սուրիահայերուն դիմագրաւած հարցերուն, ջաւախահայութեան խնդիրներուն վրայ: Շատ կարեւոր է, թէ դիւանագիտական, քաղաքական ճակատի վրայ ինչպիսի՛ պայքար կրնանք մղել: Մարտահրաւէրները, իրօք, շատ լուրջ են, համազգային մեր ներուժը լարելու եւ լիովին օգտագործելու խնդիր ունինք: Այս հարցերը քննարկուած են Հայաստանի ու Արցախի արտաքին գործոց նախարարներուն հետ, որ կարենանք մեր աշխատանքները համադրել եւ համակարգուած կերպով հետամուտ ըլլալ Արցախի հարցի միջազգայնացման, Հայ դատի միւս բաղադրիչներու աշխատանքներու իրականացման»: