Դեսպան Ճոնզ Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան գործակատար դեսպան Ռիչըրտ Ճոնզ այցելեց «Շաղզոյեան» կեդրոն, ուր հանդիպում ունեցաւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունիի հետ: Հանդիպումին ներկայ էին դեսպանատան խորհրդական Ճորճ Օլտրիճ եւ Կեդրոնական կոմիտէի փոխներկայացուցիչ Աւետիս Կիտանեան: Մէկուկէս ժամ տեւած հանդիպումին արծարծուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, Սուրիոյ տագնապն ու սուրիացի գաղթականներու խնդիրը, ինչպէս նաեւ Լիբանանի հայութիւնը յուզող հարցերը: Բագրատունի այս առիթով Միացեալ Նահանգներու...




















