Լիբանանցիներուն, յատկապէս Քաայի բնակչութեան համար երէկ ցաւալի եւ ողբերգական օր մըն էր:

Մէկ օրուան ընթացքին 9 անձնասպանական գործողութիւններ թիրախ դարձուցին Քաայի շրջանը` պատճառելով զոհեր եւ վիրաւորներ:
Այդ գործողութիւններէն չորսը արձանագրուեցան առաւօտեան կանուխ ժամերուն, իսկ հինգը` ուշ գիշերին, նուազ քան մէկ ժամուան ընթացքին:
Լիբանանեան բանակին հրապարակած հաղորդագրութեան համաձայն, երէկ գիշեր ժամը 10:30-ին անձնասպանական գործողութեան հեղինակ մը մոթորսիքլեթով անցաւ Քաայի Մար Էլիաս եկեղեցւոյ մօտէն, ուր համախմբուած էին քաղաքացիներ` առ ի զօրակցութիւն առաւօտեան պայթումներուն ընթացքին արձանագրուած զոհերուն ընտանիքներուն, եւ անոնց կողմը նետեց ձեռնառումբ մը:
Ձեռնառումբին պայթելէն անմիջապէս ետք ան անձնասպանական գործողութիւն մը կատարեց` պայթեցնելով իր կրած ականուած գօտին:
Նոյն վայրը հասաւ անձնասպանական գործողութեան այլ հեղինակ մը, որ դարձեալ պայթեցուց ինքզինք:
Ապա երկու այլ անձնասպանական գործողութեան հեղինակներ ուղղուեցան նոյն վայրը, սակայն անոնք ենթարկուեցան հետապնդումի, հետեւաբար անոնցմէ իւրաքանչիւրը ինքզինք պայթեցուց քաղաքայիններէն հեռու վայրերու մէջ` առանց ոչ ոքի վնաս հասցնելու:
Երրորդը ինքզինք պայթեցուց բանակի զրահապատներէն մէկուն մօտ, իսկ միւսը` բանակի գաղտնի սպասարկութեան գրասենեակին մօտ:
Լիբանանեան բանակը յաւելեալ ուժեր գործուղեց դէպի Քաա` հակակշիռի տակ առնելու համար կացութիւնը:
Քաայի մէջ լիբանանեան բանակը, անկարգելաւորներու ջոկատն ու քաղաքացիները` պարտէզներուն մէջ խուզարկում կատարեցին, շրջանը ահաբեկիչներէն մաքրելու նպատակով:

Լիբանանեան բանակը Քաայի բնակիչներէն պահանջեց գիւղաքաղաքի տարբեր շրջաններուն մէջ չհաւաքուիլ եւ հետեւիլ իր ցուցմունքներուն, ինչպէս նաեւ շրջափակեց Քաայի մէջ գտնուող սուրիացի գաղթականներուն ապաստանարանները` նկատի ունենալով, որ անձնասպանական գործողութեան հեղինակները այդ շրջաններէն հասած են Քաա:
Լիբանանեան բանակը կէս գիշերէն սկսեալ անդադար ռմբակոծեց Քաայի բարձունքներուն վրայ գտնուող զինեալներու խմբաւորումներուն դիրքերը:
Իր կարգին, Հըզպալլա բուռն կերպով ռմբակոծեց Քաայի բարձունքները` կանխելու համար զինեալներուն կողմէ դէպի Լիբանան հաւանական ներթափանցում մը:
Հըզպալլայի մարտիկները ապահովական արտակարգ միջոցառումներ կ՛որդեգրեն Պաալպեք-Հերմելի ամբողջ տարածքին:
Լիբանանեան Կարմիր խաչի ընդհանուր քարտուղարը հաստատեց, որ գիշերուան անձնասպանական գործողութիւնները զոհեր չեն պատճառած, այլ` միայն 13 վիրաւոր:
Միւս կողմէ, առողջապահութեան նախարարութիւնը պահանջեց Պաալպեք-Հերմելի եւ Զահլէի մէջ ապրող բժիշկներէն ուղղուիլ այդ շրջաններուն հիւանդանոցները` բուժելու համար պայթումներուն պատճառով արձանագրուած վիրաւոր պարագաները:
Աւելի ուշ, Պաալպեք-Հերմելի նահանգապետ Պաշիր Խտըր արգիլեց սուրիացի գաղթականներուն երթեւեկը Քաայի եւ Ռաս Պաալպեքի մէջ, հաստատելով, որ լիբանանցի քաղաքացիին անվտանգութիւնը առաջնահերթութիւն է:
Այս որոշումը տրուեցաւ, երբ Քաայի մէջ եկեղեցիներուն զանգերը ղօղանջեցին, եւ տիրեց ընդվզումի մթնոլորտ, որուն ծիրին մէջ բնակիչները պահանջեցին իրենց գիւղաքաղաքէն սուրիացիները դուրս շպրտել:
Գնդապետ-զօրավար Շամել Ռուքոզ կոչ ուղղեց Քաայի բնակիչներուն կառչած մնալու իրենց հողին` շեշտելով, որ ինք վաղը պիտի ուղղուի Քաա:
Երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան կոչ ուղղեց կառավարութեան այսօր որդեգրելու արտակարգ միջոցառումներ` պահպանելու համար Քաայի կայունութիւնը եւ անոր բնակչութեան անվտանգութիւնը:
Նշենք, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Էմիլ Ռահմէ շեշտեց, որ ինք լաւ վիճակի մէջ կը գտնուի` հերքելով այն լուրերը, թէ պայթումները զինք թիրախ դարձուցած են:
Առաւօտեան Անձնասպանական Գործողութիւնները
Երէկ առաւօտեան շուրջ ժամը 4:30-ին Պեքաայի Քաա շրջանը ցնցեցին չորս իրերայաջորդ անձնասպանական գործողութիւններ:
Մքալլետ ընտանիքին բնակարանին մօտ լսուեցան տարօրինակ ձայներ եւ նշմարուեցան շարժումներ, որոնց լոյսին տակ լիբանանցի քաղաքացի Շատի Մքալլետ դուրս եկաւ իր բնակարանէն եւ տեսնելով չորս երիտասարդներ հարց տուաւ անոնց, թէ ո՞վ են եւ ի՞նչ կ՛ընեն:
Անոնք պատասխանեցին, թէ իրենք բանակի գաղտնի սպասարկութեան մաս կը կազմեն, սակայն Մքալլետ հաւատք չընծայեց անոնց եւ իր գնդացիրով կրակ բացաւ անոնցմէ մէկուն վրայ, որ նոյն վայրկեանին ինքզինք պայթեցուց:
Ապա մնացեալ երեքը փախուստ տուին: Երկրորդ անձնասպանական գործողութիւնը կատարուեցաւ, երբ երկրորդ անձնասպանական գործողութեան հեղինակը ինքզինք պայթեցուց, երբ նշմարեց, որ լիբանանեան բանակի զրահապատ մը կը մօտենայ դէպի իր կողմը, իսկ երրորդը ինքզինք պայթեցուց, երբ հիւանդատար մեքենայ մը մօտեցաւ իրեն, իսկ չորրորդ անձնասպանական գործողութիւնը կատարուեցաւ, երբ մեծ թիւով քաղաքացիներ հաւաքուեցան դէպքին վայրը:
Առաւօտեան անձնասպանական գործողութիւնները պատճառեցին 5 զոհ եւ վիրաւորեցին 15 ուրիշներ:
Լիբանանեան բանակը շրջափակեց պայթումներուն վայրը, ինչպէս նաեւ ամբողջ Քաայի մէջ որդեգրեց ապահովական խիստ միջոցառումներ, այն մտահոգութեամբ, որ շրջանին մէջ անձնասպանական գործողութեան այլ հեղինակներ կրնան ըլլալ:
Այս շրջագիծին մէջ անպաշտօն աղբիւրներ հաստատեցին, որ Քաայի բնակիչ երիտասարդներ հալածած են հինգերորդ ահաբեկիչը: Անոնք ստիպած են ահաբեկիչը` հանելու իր հագուստները, որպէսզի վստահ ըլլան, թէ ան պայթուցիկ նիւթեր կամ ականուած գօտի մը չի կրեր, եւ ապա զայն ձերբակալած ու յանձնած լիբանանեան բանակի գաղտնի սպասարկութեան:
Բանակը աւելի ուշ պայթեցուց ձեռնառումբ մը, որ կը գտնուէր Քաայի ականահարուած շրջանին մէջ:
Զինուորական ատեանին մօտ կառավարութեան ներկայացուցիչ, դատախազ Սաքըր Սաքըր այցելեց դէպքին վայրը եւ լիբանանեան բանակի գաղտնի սպասարկութեան վստահեցաւ պայթումներուն հետաքննութիւնը, ինչպէս նաեւ քրէական փաստահաւաք ուժերուն յանձնեց անձնասպանական գործողութեան հեղինակներուն ինքնութիւնը բացայայտելու պարտականութիւնը:

Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի իր կարգին հասաւ Քաայի ականահարուած շրջանը, ուր հանդիպումներ ունեցաւ բանակի սպաներուն, ինչպէս նաեւ քաղաքապետին ու քաղաքապետական խորհուրդին հետ:
Ան իր ցուցմունքները տուաւ բանակին` սահմանային շրջաններուն մէջ որդեգրուելիք ապահովական միջոցառումներուն առումով, ինչպէս նաեւ ընդգծեց ներքին առումով կասկածելիները հետապնդելու եւ զանոնք անմիջապէս ձերբակալելու անհրաժեշտութիւնը:
Բանակի հրամանատարը հանդիպումներ ունեցաւ նաեւ յոյն կաթողիկէ համայնքի Պաալպեքի առաջնորդ Էլիաս Ռահհալ եպիսկոպոսին եւ շրջանը ներկայացնող երեսփոխաններուն հետ: Ան բարձր գնահատեց Քաայի գոյատեւումը` իբրեւ սահմանամերձ շրջան եւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարող առաջնագիծ:
Բանակի հրամանատարը ցաւակցութիւն յայտնեց բոլոր զոհերուն ընտանիքներուն եւ շուտափոյթ ապաքինում մաղթեց վիրաւորներուն:
Զօր. Քահուաժի Քաայէն յայտնեց, որ ահաբեկչական որեւէ գործողութիւն ոչ մէկ ազդեցութիւն պիտի ունենայ ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու, ինչպէս նաեւ Լիբանանը եւ անոր կայունութիւնը պահպանելու բանակին որոշումին վրայ:
Ան դիտել տուաւ, որ ահաբեկիչներուն կողմէ աճապարանքով իրենք զիրենք պայթեցնելու արարքը կը փաստէ, թէ բանակն ու լիբանանցիները արթուն կը հսկեն երկրին ապահովութեան եւ փաստօրէն ձախողեցուցած են անոնց հրէշային ծրագիրները:
Զօր. Քահուաժի ընդգծեց, որ բանակը ի վիճակի է եւ կամք ու կարողութիւն ունի իր պայքարը շարունակելու ահաբեկչութեան դէմ, որ անխնայ կը հարուածէ բոլորը` առանց համայնքի խտրականութեան:
Քաայի քաղաքապետ Պաշիր Մաթար շեշտեց, որ իրենք պատրաստ են լիբանանեան բանակին կողքին պաշտպանելու գիւղը` աւելցնելով, որ Քաա վտանգի սպառնալիքի տակ է եւ կրնայ նոր Նահր Պարետ մը դառնալ:
Յոյն կաթողիկէ համայնքի Քաայի առաջնորդ Էլիան Նասրալլա եպիսկոպոս յայտնեց, որ Քաայի մէջ տիրող իրավիճակը ողբերգական է` աւելցնելով, որ ամբողջ շրջանը լեցուն է ահաբեկիչներով:
Ան նշեց, որ Քաային տիրանալը մնայուն կերպով ահաբեկիչներուն երազը եղած է: «Սակայն Քաա գիւղաքաղաքը ազգային միասնականութեան օրինակելի տիպարը ներկայացնող շրջան է: Մենք շատ զոհեր տուած ենք` ի խնդիր մեր ազգային համերաշխութեան պաշտպանութեան, եւ պատրաստ ենք յաւելեալ զոհեր ալ ունենալ` պահպանելու համար գիւղաքաղաքին ազգային միասնականութիւնը», շեշտեց ան:
Նասրալլա եպիսկոպոս կոչ ուղղեց Քաայի բնակիչներուն կառչած մնալու իրենց հողին, իսկ աշխարհին` կասեցնելու ահաբեկչութեան ֆինանսաւորումը:
Յոյն կաթողիկէ համայնքի Պաալպեքի առաջնորդ Էլիաս Ռահհալ եպիսկոպոս հաստատեց, որ Քաայի մէջ կը տիրէ տխուր մթնոլորտ` հաստատելով, որ եթէ լիբանանեան պետութիւնը Քաայի մէջ ներկայութիւն ըլլար, ապա նման բան չէր պատահեր:
«Մենք մեր հողին կառչած պիտի մնանք, նոյնիսկ եթէ ստիպուինք մեր հողը եւ անոր վրայ գտնուող ահաբեկիչները պայթեցնել», ըսաւ Ռահհալ եպիսկոպոս:
Վարչապետ Թամմամ Սալամ հետեւեցաւ Քաայի մէջ արձանագրուած անձնասպանական գործողութիւններուն մանրամասնութիւններուն եւ անոնց վերաբերող հետաքննութիւններուն:
Վարչապետ Սալամ խստիւ դատապարտեց Պեքաայի շրջանի գիւղաքաղաքներէն մէկը նման անարգ ոճիրներու թիրախ դարձնելու ահաբեկիչներուն քայլերը, որոնք կը փաստեն, թէ Լիբանանի դէմ դաւադրութիւններ գոյութիւն ունին, եւ երկրին ապահովական կայունութեան վտանգ կը սպառնայ:
Վարչապետ Սալամ կոչ ուղղեց մնալու զգաստ եւ պատրաստ ըլլալու ահաբեկչական արարքները իրենց «օրօրոց»-ին մէջ խեղդելու հրամայականին:
«Ահաբեկչական այս գործողութիւնները ցոյց կու տան, թէ Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը մութ ուժերու թիրախը կը նկատուի, եւ թէ այդ կայունութիւնը ամրապնդելու միակ միջոցը միասնականութիւնն է, բանակին եւ ապահովական կառոյցին հետ միասնաբար պայքարելու ահաբեկչութեան դէմ` ամուր պահելով լիբանանեան ազգային միասնականութիւնը», հաստատեց Սալամ:
Վարչապետ Սալամ հրապարակեց շրջաբերական մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ այսօր` երեքշաբթի, 28 յունիս 2016-ը ընդհանուր սուգի օր է, որուն ընթացքին պետական բոլոր հաստատութիւններն ու քաղաքապետարաններուն վրայ լիբանանեան դրօշները պէտք է կիսով բարձրանան, իսկ ձայնասփիւռի եւ պատկերասփիւռի կայանները պէտք է պատշաճ յայտագիրներ սփռեն, ինչպէս նաեւ պայթումներու զոհերուն յուղարկաւորութեան ընթացքին իւրաքանչիւր լիբանանցի հինգ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ պէտք է յարգէ անոնց յիշատակը` առ ի զօրակցութիւն զոհերուն եւ վիրաւորներուն ընտանեկան պարագաներուն:
Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն շեշտեց, որ իսկական դատապարտումը ոչ թէ իրենք զիրենք դրախտ երթալու երազով համոզած մոլորածներուն է, այլ այն պետութիւններուն, որոնք ծրագրած են, ֆինանսաւորած, բռնագաղթ կազմակերպած եւ շրջանը հրկիզած:
Նախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթի շեշտեց, որ Քաայի ահաբեկչական գործողութիւններէն ետք, մեր դիմաց յստակ կը դառնայ սահմանադրական հաստատութիւններուն աշխատանքը աշխուժացնելը առաջնահերթ դարձնելու, ներքին լիբանանեան բանավէճը կասեցնելու եւ բանակին զօրակցելու կարեւորութիւնը:
Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի հաստատեց, որ ահաբեկչութեան դէմ որեւէ պայքար կը սկսի օրինական հաստատութիւններէն` աւելցնելով, որ Լիբանան չի կրնար Սուրիոյ պատերազմին հետեւանքները հանդուրժել:
Նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա հաստատեց, որ լիբանանցիներուն կողմէ շրջանային պատերազմներուն միջամտութիւնը, զանոնք փորձանքներու կ՛ենթարկէ:
Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ շեշտեց, որ ահաբեկիչներուն թիրախը Քաան չէր, սակայն Քաա բացայայտեց հաւատադրժողական ահաբեկիչներուն դաւադրութիւնը եւ այդպիսով պաշտպանեց ամբողջ Լիբանանը:
Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլան դատապարտեց Քաայի ահաբեկչութիւնները` հաստատելով, որ իրենք առաւելագոյն չափով կարիքը ունին ամրապնդելու լիբանանեան ազգային միասնականութիւնը:
Դէպքին վայրը հասան մեծ թիւով նախարարներ եւ երեսփոխաններ, ինչպէս նաեւ պետական պաշտօնատարներ, որոնց շարքին` արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ. ան կէսօրէ ետք ուղղուեցաւ Քաա, ուր յայտնեց, որ ինք բազմիցս այցելած է այդ շրջանը, յատկապէս գիշերով, երբ տղաքը պահակութիւն կը կատարէին` իրենց մտահոգութիւնը փոխանցելով ներքին եւ արտաքին վտանգներու հաւանականութեան մասին:
«Երբ Քաան ահաբեկչութեան թիրախ կը դառնայ, ապա ատիկա վտանգաւոր է, որովհետեւ այդ գիւղաքաղաքը կը պայքարի ամբողջ Լիբանանը ահաբեկիչներէ փրկելու նպատակով», ըսաւ ան:
Պասիլ Քաայէն յայտարարեց հետեւեալը. «Ահաբեկչութեան դէմ բաց պատերազմի մէջ ենք, իսկ ահաբեկիչները տակաւին իրենց հակակշիռին տակ կը պահեն լիբանանեան շրջան մը եւ անոնց նպատակն է հասնիլ ծով»:
Պասիլ շեշտեց, որ Քաան ամբողջ Լիբանանի եւ Եւրոպայի պաշտպանութեան գիծ է` դարձեալ ընդգծելով, որ Լիբանանի մէջ գաղթականներու անկազմակերպ իրավիճակը կը շահագործուի` հովանաւորելու համար ահաբեկչութիւնը:
Փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպել խստիւ դատապարտեց Քաան թիրախ դարձուցած պայթումները` հաստատելով, որ բոլոր լիբանանցիները պատրաստ են պաշտպանելու Լիբանանը եւ դիմադրելու ահաբեկիչներուն:
Ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ դատապարտեց Քաան հարուածող պայթումները` ընդգծելով, որ ահաբեկիչները կը փափաքին քանդել լիբանանեան ազգային միասնականութիւնը:
Հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Ղազի Զաայթեր հաստատեց լիբանանեան բանակին կարողութիւնները հզօրացնելու կարեւորութիւնը` ընդգծելով, որ Քաան վճարեց ամբողջ Լիբանանին վճարելիք գինը:
Զբօսաշրջութեան նախարար Միշել Ֆարաոն դատապարտեց ահաբեկչական գործողութիւնները եւ կառավարութենէն պահանջեց սահմանամերձ շրջանի գիւղաքաղաքներուն ապահովական կացութեան վերաբերող յատուկ նիստեր գումարել:
Աշխատանքի նախարար Սըժաան Քազզի դատապարտեց Քաան հարուածած պայթումները` շեշտելով, որ պէտք է բազմապատկել Քաայի մէջ որդեգրուած ապահովական միջոցառումները:
Ընկերային հարցերու նախարար Ռաշիտ Տըրպաս դատապարտեց Քաայի պայթումները` շեշտելով, որ Լիբանան հասած սուրիացի գաղթականները պէտք է համախմբել կառավարութեան կողմէ ճշդուած վայրերու մէջ եւ անոր հաստատած չափանիշներով:
Նախկին նախարար Ֆատի Ապպուտ հաստատեց, որ Քաան թիրախ դարձուցած պայթումներուն նպատակը քրիստոնեայ քաղաքացիները արտագաղթի մղելու նպատակ կը հետապնդէ:
Երեսփոխան Էմիլ Ռահմէ ուղղուեցաւ պայթումներուն վայրը, ուր շեշտեց, որ ահաբեկիչները մուտք կը գործեն շրջան` գաղթականներուն ընդմէջէն: Ան ընդգծեց Բանակ, ժողովուրդ, Դիմադրութիւն եռամիասնութիւնը պահպանելու անհրաժեշտութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ դիմադրել ահաբեկչութեան եւ լիբանանցիներուն տուները մուտք գործած անոր քնացող բջիջներուն:
Փաղանգաւոր կուսակցութեան երեսփոխան Էլի Մարունի Քաայէն յայտնեց, որ սահմանամերձ շրջաններուն մէջ պէտք է ապահովական յաւելեալ միջոցառումներ որդեգրել, որպէսզի ամէն ինչ բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն հակակշիռին տակ գտնուի:
Փաղանգաւոր կուսակցութիւնը դատապարտեց Քաայի անձնասպանական գործողութիւնները` շեշտելով, որ կառավարութիւնը պէտք է հրաժարի` խնայելու համար լիբանանցիները:
Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը Նիւ Եորքէն դատապարտեց Քաան թիրախ դարձուցած պայթումները: Ան զօրակցութեան կոչ ուղղեց դիմադրելու Լիբանանի դէմ նիւթուող ահաբեկչական դաւադրութիւններուն:
Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան դատապարտելէ ետք Քաան թիրախ դարձուցած ահաբեկչական գործողութիւնները, հաստատեց, որ ոճիրը ո՛չ համայնք ունի եւ ո՛չ ալ յարանուանութիւն, որովհետեւ անոր նպատակը երկրին ապահովական կայունութիւնը ցնցել է:
Շիիներու գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան խստիւ դատապարտեց Քաայի պայթումները եւ լիբանանցիներէն պահանջեց պաշտպանել Լիբանանը:
Տիւրզիներու հոգեւոր պետ շէյխ Նայիմ Հասան կոչ ուղղեց բոլորին համախմբուելու լիբանանեան պետութեան եւ պետական հաստատութիւններուն շուրջ` երկրին սպառնացող բոլոր վտանգներուն դիմադրելու նպատակով:
Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարութիւնը խստիւ դատապարտեց Քաայի շրջանը հարուածած պայթումները` զանոնք նկատելով այնպիսի ոճիրներ, որոնք ուահապական խաւարամտութեան նոր արտադրութիւններ են եւ սկսած են շրջանին մէջ համաճարակի նման տարածուիլ:
Հըզպալլա դատապարտումի իր հաղորդագրութեան մէջ շեշտեց, որ հաւատադրժողական մտայնութեան դէմ բռնի ուժով պէտք է պայքարիլ, ինչպէս նաեւ անոր դաւադրական ծրագիրները բացայայտել եւ արգիլել անոր տարածումը: «Քաայի պայթումները հետեւանք են ահաբեկիչներուն նկատմամբ կարգ մը երկիրներու կողմէ տրամադրուող գաղտնի եւ բացայայտ զօրակցութեան», նշուեցաւ հաղորդագրութեան մէջ:
Ամալ շարժումը դատապարտեց Քաայի մէջ գործուած ահաբեկչական գործողութիւնները` շեշտելով, որ անոնք ամբողջ Լիբանանը թիրախ կը դարձնեն: Ամալ շարժումը կոչ ուղղեց բոլորին համախմբուելու լիբանանեան բանակին շուրջ:
Սայտայի քաղաքապետ Մոհամետ Սէուտի խստիւ դատապարտեց Քաայի պայթումները եւ կոչ ուղղեց զգուշանալու ազգային միասնականութիւնը հարուածելու փորձերէն:
Յորդանանի կառավարութիւնը խստիւ դատապարտեց Սուրիոյ սահմանամերձ Քաա գիւղաքաղաքի անձնասպանական գործողութիւնները` շեշտելով, որ լիբանանցիները քաջ կը գիտակցին ներքին լիբանանեան միասնականութիւնը պահպանելու անհրաժեշտութեան:
Յորդանանի տեղեկատուութեան հարցերու պետական նախարար Մոհամետ Մաումանի շեշտեց, որ ոճրագործ աւազակախումբերը իրենց գործած ահաբեկչական գործողութիւններով կը փորձեն խախտել երկրին ապահովական կայունութիւնը, ինչպէս նաեւ ժողովուրդին անվտանգութիւնը` յաւելեալ քանդում պատճառելու նպատակով:
Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութիւն մը դատապարտեց Քաայի պայթումները` շեշտելով, որ Ուաշինկթըն կը զօրակցի լիբանանեան բանակին եւ ապահովական հաստատութիւններուն, որոնք կը պայքարին ահաբեկչութեան դէմ:
Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Սիկրիտ Քաակ խստիւ դատապարտեց Քաան թիրախ դարձուցած ահաբեկչական արարքները եւ ընդգծեց լիբանանեան բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն միջազգային մնայուն օժանդակութիւն ապահովելու անհրաժեշտութիւնը:
Եւրոպական Միութիւնը ընդգծեց, որ լիբանանեան պետութեան նկատմամբ իր զօրակցութիւնը պիտի շարունակուի, ինչպէս նաեւ ահաբեկչութեան դէմ Լիբանանի մղած պատերազմին առումով Եւրոպական Միութիւնը պիտի շարունակէ յանձնառու մնալ Լիբանանի կայունութեան:
Եւրոպական Միութիւնը ցաւակցութիւն յայտնեց զոհերուն ընտանիքներուն եւ ապաքինում մաղթեց վիրաւորներուն:
Բրիտանիոյ մէջ միջինարեւելեան հարցերու պետական նախարար Թոպիաս Էլվուտ երէկ դատապարտեց Քաայի մէջ գործուած անձնասպանական գործողութիւնները, ցաւակցութիւն յայտնելով զոհերուն ընտանիքներուն եւ վիրաւորներուն մաղթելով ապաքինում:
«Բրիտանիա յանձնառու կը մնայ Լիբանանի ապահովական կայունութեան զօրակցութեան, ինչպէս նաեւ ապահովական ուժերուն օժանդակութեան` ամրապնդելու համար երկրին ապահովութիւնը», շեշտեց ան:
Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ռոման Նատալ դատապարտեց Քաան թիրախ դարձուցած ահաբեկչական յարձակումները, որոնք պատճառեցին զոհեր եւ վիրաւորներ:
Նատալ ցաւակցութիւն յայտնեց զոհերուն ընտանիքներուն, ինչպէս նաեւ զօրակցութիւն յայտնեց վիրաւորներուն:
Ան շեշտեց, որ Ֆրանսա պիտի շարունակէ ամէն ջանք ի գործ դնել, որպէսզի միջազգային ընտանիքը զօրակցի Լիբանանին եւ անոր հաստատութիւններուն:


