Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անձնասպանական Գործողութիւններուն Դէմ Դատապարտումի Ալիքը Կը Շարունակէ Բարձրանալ, Իսկ Քաայի Զոհերը Այսօր Կը Յանձնուին Հողին

June 29, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

qaa_army_62816

Քաայի մէջ երէկ տիրեց զգուշաւոր մթնոլորտ. հակառակ գիւղաքաղաքին մէջ տեղակայուած մեծաթիւ բանակայիններու ներկայութեան, Քաայի երիտասարդները զինուած ու պատրաստուած հսկեցին իրենց շրջանին եւ ընտանիքներուն ապահովութեան:

Քաայի բնակիչները այսօր իրենց զոհերը կը յանձնեն հողին, սակայն հակառակ իրենց շրջանը հարուածած ողբերգութեան, անոնք կը հաստատեն հողին հանդէպ իրենց կառչածութիւնը:

Քաայի քաղաքապետ Պաշիր Մաթար, որ յայտնեց, թէ զոհերուն յուղարկաւորութիւնը մէկ օրով յետաձգուած է ապահովական պատճառներով, կոչ ուղղեց օդին մէջ չկրակելու զոհերուն թաղման արարողութեան ընթացքին:

Միւս կողմէ, սակայն, ան շեշտեց, որ բանակը ապահովական գօտիով մը շրջափակած է Քաան` զայն ահաբեկչութենէ պաշտպանելու համար:

Մաթար կոչ ուղղեց շրջանի բնակիչներուն մնալու իրենց բնակարաններուն մէջ եւ կառչած մնալու իրենց զէնքին, իսկ կասկածելի օտարականի մը հանդիպելու պարագային իսկոյն կրակելու անոր վրայ:

Ոչ պաշտօնական աղբիւրներու համաձայն, նշուեցաւ, որ Քաայի մէջ նախանցեալ օր անձնասպանական գործողութիւններ կատարած խմբաւորումը տասը ահաբեկիչներէ կը բաղկանար, ինչ որ կը նշանակէ, թէ տակաւին երկու ահաբեկիչներ անյայտ կը մնան` իրենց վստահուած ահաբեկչութիւնը գործելու ընթացքին մէջ:

Նոյն աղբիւրներուն համաձայն, անձնասպանական այս գործողութիւնները պիտի կատարուէին բազմամարդ եւ խճողուած շրջաններու մէջ` մեծ թիւով զոհեր պատճառելու նպատակով, սակայն այդ գործողութիւնները պատահեցան Քաայի մէջ ահաբեկիչներուն բացայայտումին պատճառով:

Այս շրջագիծին մէջ նշենք, որ Հըզպալլա եւ Ամալ շարժումը ապահովական պատճառներով ջնջեցին «Լայլաթ Քատըր»-ի երեկոները, որոնք տեղի պիտի ունենային Պաալպեքի, հիւսիսային Պեքաայի կարգ մը գիւղաքաղաքներուն եւ Թայունէի մէջ:

Քաայի դէպքերուն պատճառով բանակը Լիբանանի զանազան շրջաններուն մէջ որդեգրեց ապահովական արտակարգ  միջոցառումներ:

Միւս կողմէ, լիբանանցի պատասխանատուները շարունակեցին այցելել Քաա, ուր անոնք զօրակցութիւն յայտնեցին բնակչութեան եւ ցաւակցեցան զոհերուն ընտանիքներուն:

Ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք ուղղուեցաւ Քաա, ուր շեշտեց, թէ երկրին քաղաքական ապահովութիւնը անկարելի է ամբողջացնել առանց հանրապետութեան նախագահին:

Ան ողջունեց Քաայի բնակչութիւնը` շեշտելով, որ անոնք ուժ կը ներարկեն բոլոր լիբանանցիներուն` ահաբեկչութեան դէմ իրենց ցուցաբերած ամուր կեցուածքով եւ պայքարի ոգիով:

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլան ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, գլխաւորութեամբ` ճարտարարուեստի նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասանի, ուղղուեցաւ Քաա, ուր հաստատեց, որ Քաա միացած է Հերմելին` ահաբեկչութեան դէմ անոր մղած պայքարին առումով:

«Քաայի բոլոր նահատակներուն թափած արիւնը համազօր է նահատակ բանակայիններուն թափած արեան, որովհետեւ պայքարը մէկ է եւ պատերազմը մէկ է` ահաբեկչութեան դէմ», ըսաւ ան:

Հաժ Հասան բարձր գնահատեց բանակին դերակատարութիւնը` շեշտելով, որ բանակը ե՛ւ Քաայի, ե՛ւ սահմաններուն վրայ կը գտնուի` հսկելու համար երկրին եւ լիբանանցիներուն անվտանգութեան:

Հաժ Հասան հաստատեց ահաբեկչութեան դէմ միասնականութեամբ պայքարելու կարեւորութիւնը, որովհետեւ ահաբեկչութիւնը ոչ ոքի միջեւ խտրութիւն կը դնէ` ըլլան անոնք քրիստոնեայ թէ իսլամ:

Փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպել այցելեց Քաա, ուր հանդիպումներ ունեցաւ քաղաքապետ Մաթարի եւ բարձրաստիճան զինուորականներու հետ:

Մուքպել մեկնեցաւ առանց յայտարարութիւն կատարելու:

Շիիներու գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալանի ներկայացուցիչ շէյխ Ապպաս Զղէյպ այցելեց Քաա, ուր շեշտեց, թէ Քաայի ահաբեկչութիւնները ամբողջ Լիբանանը թիրախ կը դարձնեն, զինք բաղկացնող բոլոր շերտերով:

Քաայի այցելուներէն եղաւ նաեւ բանակի մասնայատուկ ուժերու նախկին հրամանատար գնդապետ-զօրավար Շամել Ռուքոզ, որ հաստատեց, որ Քաայի բնակիչները երկաթեայ կամքով կը պայքարին ահաբեկչութեան դէմ:

Ան կոչ ուղղեց համախմբուելու բանակին շուրջ` ահաբեկչութեան դէմ իսկական պայքար մղելու համար:

Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ իր կարգին այցելեց Քաա եւ զօրակցութիւն յայտնեց բնակիչներուն:

Դատապարտումի ալիքը` տեղական, շրջանային եւ միջազգային առումով, իր կարգին շարունակուեցաւ:

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ շեշտեց, որ ժամանակը հասած է արդէն վերջ տալու ներքին լիբանանեան քաղաքական բանավէճին եւ փոխադարձ ամբաստանութիւններուն:

Ան ընդգծեց բանակը զինելու անհրաժեշտութիւնը եւ շեշտեց ամէն գնով հանրապետութեան նախագահ մը ընտրելու կարեւորութիւնը:

Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի շեշտեց, որ իրենք ճիգ եւ ջանք պիտի չխնայեն լիբանանեան պետութիւնը վերականգնելու առումով, սկսեալ նախագահական ընտրութենէն: Ան ամբողջական զօրակցութիւն յայտնեց բանակին:

Թաուհիտ հոսանքի ղեկավար Ուիամ Ուահապ շեշտեց, որ սահմաններն ու սահմանամերձ շրջանները հակակշիռի տակ պահելու միակ ձեւն ու լուծումը լիբանանեան եւ սուրիական բանակներուն, ինչպէս նաեւ Դիմադրութեան մարտիկներուն միջեւ գործակցութիւնն ու աշխատանքի համադրումն է:

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն խստիւ դատապարտեց Քաան թիրախ դարձուցած անձնասպանական գործողութիւնները` որոնք պատճառեցին զոհեր ու վիրաւորներ: Ան ցաւակցութիւն յայտնեց զոհերուն ընտանիքներուն, լիբանանցիներուն եւ Լիբանանի կառավարութեան:

Քի Մուն շեշտեց, որ ՄԱԿ մնայուն կերպով կը զօրակցի Լիբանանին, յատկապէս ահաբեկչութեան դէմ անոր մղած պայքարին:

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը խստիւ դատապարտեց Քաայի անձնասպանական գործողութիւնները` հաստատելով, որ պէտք է որդեգրուին այնպիսի միջոցառումներ, որոնք կ՛արգիլեն ահաբեկչութեան ֆինանսաւորումը, ինչպէս նաեւ ահաբեկչութեան պատասխանատուները դատավարութեան կ՛ենթարկեն` անոնց դէմ սահմանելով համապատասխան պատիժներ:

Ապահովութեան խորհուրդը ընդգծեց իր յանձնառութիւնը Լիբանանի անկախութեան, գերիշխանութեան եւ ազգային միասնականութեան նկատմամբ:

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր կարգին դատապարտեց Քաայի անձնասպանական գործողութիւնները` կոչ ուղղելով շրջանի երկիրներուն արթուն մնալու եւ պայքարելու ահաբեկչութեան դէմ:

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը դատապարտեց Լիբանանը հարուածած ահաբեկչութիւնները` հաստատելով, որ իրենք կը զօրակցին Լիբանանին:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը դատապարտեց Քաայի անձնասպանական գործողութիւնները` ընդգծելով, որ իրենք կը զօրակցին բանակին, որ կը պայքարի ահաբեկչութեան դէմ:

Լիբանանի մէջ Իտալիոյ դեսպանատունը զօրակցութիւն յայտնեց Քաային, անոր բնակիչներուն, բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն` դատապարտելով գիւղաքաղաքը թիրախ դարձուցած ահաբեկչական արարքները:

Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչ Քրիստինա Լասըն շեշտեց, որ Եւրոպական Միութիւնը կը զօրակցի Լիբանանի կառավարութեան, ապահովութեան ուժերուն եւ բանակին` անկասկած դատապարտելով Քաան ցնցած անձնասպանական գործողութիւնները:

«Մեզի համար շատ կարեւոր է Լիբանանի կայունութիւնը», ըսաւ Լասըն:

Նախորդը

Կառավարութիւնը Իր Ամբողջական Զօրակցութիւնը Յայտնեց Բանակին Եւ Ապահովական Կառոյցներուն` Յորդորելով Ամրապնդել Ազգային Միասնականութիւնը

Յաջորդը

Փորթուգալի Պատուոյ Հիւպատոսարանի Բացում` Երեւանի Մէջ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ

February 3, 2026
Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.