Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Վիեննան Վերահաստատուած Է Առանց Բաղադրիչներու Ուղղակի Նշումին

Յունիս 22, 2016
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Aliyev-Putin-Sarkissian_62016

Փեթերսպուրկեան հանդիպումը, պահելու համար քաղաքական տրամաբանութեան հետեւողականութիւնը, պէտք է Վիեննայի շարունակութիւնը նկատուէր: Կարելի է ըսել, որ ընդհանուր առումներով այդպէս ալ եղած է: Փութին – Սարգսեան – Ալիեւ միացեալ յայտարարութեան մէջ փաստօրէն կ՛ըսուի, որ նախագահները վերահաստատած են 16 մայիսին Վիեննայի մէջ տեղի ունեցած հայ-ազրպէյճանական վեհաժողովին պայմանաւորուածութիւնները` ուղղուած տագնապի գօտիին մէջ իրավիճակի կայունացման եւ խաղաղ հոլովոյթի յառաջընթացին նպաստող մթնոլորտի ստեղծման:

Ճիշդ է, որ այստեղ յատուկ չէ նշուած հայկական կողմէն ամէն առիթի կատարուող 94-95-ի զինադադարի յղումը եւ Վիեննայով առաջ քշուած շփման գիծի վրայ խախտումներու հետաքննութեան նպատակով համապատասխան մեքանիզմի հաստատման անհրաժեշտութիւնը. այսուհանդերձ վերահաստատուած է Վիեննան իր ամբողջութեան մէջ:

Հաւանաբար այս է նաեւ հիմնական պատճառը, որ ազրպէյճանական կողմի մեկնաբանութիւնները շատ զուսպ են եւ ամէնէն նկատուածը այս պարագային եռակողմ յայտարարութեան բացակայութիւնն է Պաքուի կողմէ ուղղորդուող լրատուամիջոցներու կայքերուն վրայ: Թէ՛ հայատառ եւ թէ՛ անգլիատառ ազրպէյճանական լրատուամիջոցներուն մէջ յայտարարութիւնը չենք գտներ:

Վիեննայի պայմանաւորուածութիւնները վերահաստատելը կը նշանակէ 94-95-ի զինադադարը հիմք ունենալ իբրեւ գլխաւոր իրաւական համաձայնագիր: Ազրպէյճանական կողմի հրապարակած տեղեկատուական արտադրութիւններուն մէջ այդ երկու թուականներու նշումը կարծէք արգիլուած է, մինչդեռ ոչ միայն ըստ էութեան, այլ նաեւ Վիեննայով եւ հիմա ալ Փեթերսպուրկով` Վիեննան վերահաստատելով հերթական անգամ հիմք կ՛առնուի այդ համաձայնագիրը:

Երկրորդ արգիլեալ թեման, որ կը բացակայի ազրպէյճանական տեղեկատուադաշտին մէջ, շփման գիծին վրայ մինչեւ Վիեննա մշտադիտարկումներու, իսկ Վիեննայէն ետք նաեւ հետաքննութեան մեքանիզմներու հաստատման անհրաժեշտութիւնն է: Շատ պարզ է այստեղ տրամաբանութիւնը: Ո՞ր կողմն է, որ միշտ կ՛արծարծէ նախայարձակի դիմագիծն ու ձեռագիրը բարձր արհեստագիտութեան միջոցներով բացայայտելու միջազգային համաձայնութիւն եւ միջազգային գործնական յանձնառութիւն եւ ո՞ր կողմն է, որ միշտ կը խուսափի այս դրութեան հաստատման մասին կատարուած պայմանաւորուածութիւնները նշելէ: Աւելցնենք, որ մինչեւ Վիեննա մշտադիտարկումի համակարգի հաստատման մասին էր խօսքը, Վիեննա կը խօսէր հետաքննութեան մեքանիզմի մասին. մշտադիտարկումը աւելի չէզոք հասկացողութիւն է, մինչ հետաքննութիւնը կ՛ենթադրէ յանցագործի բացայայտում եւ իրաւականօրէն նաեւ հետեւանքի վերացում: Ինչ որ աւելիով կը բացատրէ ազրպէյճանական կողմի խուսափումը այս բառապաշարի եւ այս հասկացողութեան օգտագործումէն:

Փեթերսպուրկը ռուսական համադրումով փորձած է միջին եզրերով բանաձեւել այս բոլորը. այսինքն` վերահաստատել Վիեննան, առանց նշելու զինադադարի թուականները կամ հետաքննութեան մեքանիզմներու հաստատման անհրաժեշտութիւնը:

Այս բոլորը իրենց բացատրութիւնը կրնան ունենալ: Ռուսական իրաւարարութիւնը ոչ միայն ռազմական  բնոյթ ունի, քառօրեայ պատերազմին զինադադար պարտադրելով կամ թէ՛ յատուկ գործընկերոջ եւ թէ՛ անոր հակառակորդին զէնքեր տրամադրել-վաճառելով, այլ նաեւ բանակցային գործընթացին մէջ իրաւարարի դերը պահպանելով:

Ասով ալ կը բացատրուի նաեւ Ուաշինկթընի գերտէրութիւնը ընդունելու յայտարարութիւն կատարող, բանակցային ղեկը Փեթերսպուրկի մէջ ուղղակի ստանձնելով արցախեան հակամարտութեան առիթով կայացած հանդիպումներուն, բացի հակամարտութեան թեմայէն հայ ռուսական եւ ռուս ազրպէյճանական տնտեսական յարաբերութիւններու ընդհանուր գնահատականներ տալով  յատուկ միջնորդի հանգամանքի ինքնաստանձնումը նախագահ Փութինի կողմէ:

Յատուկ միջնորդը ունի իր պատկերացումը արցախեան հակամարտութեան կարգաւորման լուծման համար իբրեւ ճանապարհային քարտէս, որ ծանօթ է Քազանեան փաստաթուղթ անունով: Այդտեղ ամէնէն շահագրգիռը իրաւարարութիւն ստանձնողին համար երկրորդ կէտն է. Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ազրպէյճանի միջեւ կը տեղակայուին խաղաղապահ ուժեր: Ահա այդ ուժերու բաղադրութեան մասին է հիմնական խնդիրը: Փութինի կողմէ իբրեւ գերտէրութիւն ճանչցուած Ուաշինկթըն համաձայն պիտի ըլլա՞յ ռուս խաղաղապահ ուժերու տեղակայման: Որովհետեւ ռազմական իրաւարարութիւնը, անցնելով բանակցայինէն, ռուսական հեռանկարով պիտի վերադառնայ ռազմական ոլորտ` խաղաղապահ ուժերու տեղակայում, ազդեցութեան գօտիի պահպանման տրամաբանութեամբ: Ատիկա արդէն աշխարհաքաղաքական օրակարգի ամէնէն ցայտուն կէտերէն է:

«Ա.»

Նախորդը

Նախագահ Սահակեան Եւ Ազգային Անվտանգութեան Խորհուրդի Քարտուղարը Քննարկած Են Անվտանգութեան Հարցեր

Յաջորդը

Փարիզ Սեն Ժերմեն – Պլան Պայմանագրի Խզո՞ւմ

RelatedPosts

Թրամփ. «Կ՛ուզենք Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Հետ  Եռակողմ Ժողով Գումարել, Եւ Մոսկուան Պիտի Ընդունի  Քիեւին Համար Ապահովական Երաշխիքները»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կ՛ուզենք Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Հետ Եռակողմ Ժողով Գումարել, Եւ Մոսկուան Պիտի Ընդունի Քիեւին Համար Ապահովական Երաշխիքները»

Օգոստոս 20, 2025
Սալամ Յորդանան Այցելեց
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ Յորդանան Այցելեց

Օգոստոս 20, 2025
Սկսաւ Բագրատ Սրբազանի  Եւ 17 Մեղադրեալներու Դատավարութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Սկսաւ Բագրատ Սրբազանի Եւ 17 Մեղադրեալներու Դատավարութիւնը

Օգոստոս 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?