Դիմադրութեան զինուորական թեւի ղեկավարներէն Մուսթաֆա Պատրէտտինի (Զուլ Ֆիքար) նահատակութեան քառասունքին առիթով երէկ երեկոյեան ժամը 5:00-ին, Դիմադրութիւնը կազմակերպեց յիշատակի ոգեկոչման յատուկ ձեռնարկ, որուն ընթացքին Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա արտասանեց պատկերասփռուած ճառ մը, որուն մէջ հաստատեց, որ Դիմադրութիւնը կը պաշտպանէ Լիբանանն ու լիբանանցիները:
«Լիբանանի ապագան ու ճակատագիրը կարելի չէ անջատել Սուրիայէն եւ Իրաքէն», հաստատեց սէյիտ Նասրալլա:
Սէյիտ Նասրալլա յայտնեց, որ Պատրէտտինի յիշատակը իրենց համբերութիւն կը ներշնչէ, համբերութիւն, որուն ընթացքին հաւատադրժողական ահաբեկչութեան դէմ պայքարը կը շարունակուի, եւ նորանոր նուաճումներ ու յաղթանակներ կը կերտուին:
Սէյիտ Նասրալլա հակիրճ կերպով անդրադարձաւ Պատրէտտինի քաջագործութիւններուն, յատկապէս իսրայէլեան բանտերէն Դիմադրութեան գերիները ազատ արձակելու իմաստով տեղի ունեցած գերիներու փոխանակման բանակցութիւններուն մէջ անոր դերակատարութեան, ինչպէս նաեւ անոր իմաստուն, գիտակից եւ համբերատար քայլերուն` իր ստանձնած բոլոր պարտականութիւններուն պարագային:
Սէյիտ Նասրալլա յայտնեց, որ Պատրէտտին հասած է նաեւ Իրաքի օգնութեան` ընդառաջելով Իրաքէն հնչած օժանդակութեան կանչերուն: Ան աւելցուց, որ եթէ Հըզպալլա եւ իրանեան Յեղափոխական պահակագունդը չհասնէին Իրաքի աջակցութեան, հաւանաբար ՏԱՀԵՇ-ը հասած կ՛ըլլար Պաղտատ, եւ արդէն ամբողջ պետութիւնը վերածած կ՛ըլլար ՏԱՀԵՇ-ական խալիֆայութեան:
Սէյիտ Նասրալլա նշեց, որ Պատրէտտին այն քիչերէն էր, որ Սուրիոյ մէջ սկսած շարժումներուն առաջին իսկ օրէն իմացաւ, թէ այդ տագնապը երկարատեւ պիտի ըլլայ, «եւ ան ձեռնածալ չմնաց, այլ` ուղղուեցաւ Սուրիա եւ առաջին օրէն հաւատաց, որ Հոմսի, Դամասկոսի արուարձաններուն եւ այլ շրջաններու մէջ յաղթանակ պիտի արձանագրուի, իսկ հիմնական մեծ կռիւը պիտի ըլլայ Հալէպի մէջ, ուր մեծ թիւով զինեալներ եւ ահաբեկիչներ հաւաքելու թրքական-սէուտական որոշում տրուած էր:
Հետեւաբար Հալէպի մէջ մղուող այսօրուան պատերազմը եւ այդ պատերազմին մեր մասնակցութիւնը Սուրիոյ մնացեալ շրջաններուն, Դամասկոսի, Լիբանանի, Իրաքի եւ Յորդանանի պաշտպանութեան նպատակով են», ընդգծեց սէյիտ Նասրալլա:
Ան աւելցուց, որ ամերիկեան-սէուտական հաւատադրժողական նոր ծրագիրներուն առիթ ընծայելը` Հալէպի մէջ, կը ջրէ մնացեալ շրջաններուն մէջ մեր գործած բոլոր նուաճումները, «ուրեմն մենք Հալէպի մէջ էինք, պէտք է որ հոն մնանք եւ պիտի շարունակենք մնալ», շեշտեց ան` աւելցնելով, որ Ծոցի երկիրներուն ֆինանսաւորումը վայելող արաբական մամուլին մէջ Հըզպալլայի մարդկային եւ նիւթական կորուստներուն մասին գրութիւնները չափազանցուած են եւ անոնք հոգեբանական պատերազմին մաս կը կազմեն:
Ան հաստատեց, որ հաւատադրժողական զինեալները հարիւրաւոր սպաննուածներ եւ վիրաւորներ ունին. 617 զոհ, 800 վիրաւոր եւ աւելի քան 80 քանդուած հրասայլ ու զրահապատ:
Սէյիտ Նասրալլա կոչ ուղղեց բոլորին ապատեղեկատուութեամբ չտարուելու` նշելով, որ իրենք յանձնառու կը մնան արաբական արժանապատուութիւնը միշտ բարձր պահելու:
Անդրադառնալով օդին մէջ կրակելու լիբանանեան հին սովորութեան` սէյիտ Նասրալլա կոչ ուղղեց բոլորին պայքարելու այս իրականութեան եւ վատ սովորութեան դէմ: Ան շեշտեց, որ նման բան կատարող Հըզպալլայի ոեւէ անդամի պատիժը պիտի ըլլայ` հեռացուիլ կուսակցութենէն:
Միւս կողմէ, ան ակնարկեց Հըզպալլայի դէմ ամերիկեան դրամատնային պատժամիջոցներուն` խստիւ մերժելով զանոնք:
Ան հաստատեց, որ Դիմադրութեան համար ելեւմտական աղբիւրը Իրանն է, եւ ոչ ոք իրաւունք ունի այդ միջոցառումներուն միջամուխ դառնալու: Այս առիթով ան շնորհակալութիւն յայտնեց Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա սէյիտ Ալի Խամենէիի, Իրանի նախագահին եւ կառավարութեան, որոնք տարիներէ ի վեր նեցուկ կը կանգնին Դիմադրութեան: