Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թաթոյեան ՄԱԿ-ին Ներկայացուցած Է Ղարաբաղի Նկատմամբ Ազրպէյճանի Դաժանութիւնները

June 28, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

tato_62716

Երէկ Ժընեւի մէջ Հայաստանի մարդու իրաւունքներու պաշտպան Արման Թաթոյեան հանդիպում ունեցած է ՄԱԿ-ի Մարդու իրաւունքներու յանձնակատարի Ամերիկայի, Եւրոպայի եւ Կեդրոնական Ասիոյ գրասենեակի ղեկավար Ճիաննի Մակազզենիին հետ:

Հայաստանի մարդու իրաւունքներու պաշտպանի աշխատակազմին փոխանցումով, Թաթոյեան ՄԱԿ-ի Մարդու իրաւունքներու  յանձնակատարի գրասենեակին ներկայացուցած է ապրիլի սկիզբը  Ազրպէյճանի նախաձեռնած զինուորական յարձակումներուն ընթացքին Ղարաբաղի քաղաքացիական բնակչութեան նկատմամբ կատարուած մարդու իրաւունքներու հիմնարար խախտումները, Ղարաբաղի մարդու իրաւունքներու պաշտպանի զեկուցումին մէջ տեղ գտած` դաժանութիւններու յստակ օրինակները:

Մարդու իրաւունքներու պաշտպանը ընդգծած է, որ ազգութեամբ հայերու նկատմամբ ատելութիւն եւ բռնութիւն սերմանող ազրպէյճանական յարձակողապաշտ քաղաքականութիւնը կործանարար է միջազգային քաղաքակիրթ ամբողջ իրաւապաշտպան համակարգին  համար: Այդ քաղաքականութիւնը Ազրպէյճանի մէջ կը խրախուսուի  պետական մակարդակով:

Թաթոյեան կարեւոր նկատած է Ղարաբաղի մարդու իրաւունքներու  պաշտպանի, քաղաքացիական հասարակութեան կազմակերպութիւններու ներգրաւման անհրաժեշտութիւնը մարդու իրաւունքներուն առնչուող միջազգային մակարդակի հանդիպումներուն ու քննարկումներուն:

Հանդիպումին ընթացքին արձանագրուած է, որ մարդու իրաւունքներու  խախտումները անթոյլատրելի են որեւէ պարագայի. իրաւունքներու  պաշտպանութիւնը քաղաքականութիւն կամ սահմաններ չի ճանչնար:

Կողմերը քննարկած են նաեւ Հայաստանի մէջ մարդու իրաւունքներու պաշտպանի` իբրեւ կանխարգիլման ազգային մեքանիզմի կարողութիւններու զարգացման, գործունէութեան արդիւնաւէտութեան բարձրացման ուղղութեամբ միացեալ ծրագիրներու իրականացման անհրաժեշտութիւնը:

Հանդիպումին քննարկուած են նաեւ ընտանեկան բռնութեան կանխարգիլման, հաշմանդամութիւն ունեցող մարդոց իրաւունքներու պաշտպանութեան, ինչպէս նաեւ շարք մը այլ մարզերու վերաբերող հարցեր:

 

Նախորդը

Հայաստան Պիտի Այցելէ Գերմանիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարը

Յաջորդը

Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Յայտարարութիւնը` Ֆրանչիսկոս Պապին Հայաստան Այցելութեան Վերաբերեալ

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.