Օ. Թի. Վի.» Կայանի Հայերէն Լուրերուն Կատարած Յայտարարութեամբ «Կը Խոնարհինք Մերօրեայ Հերոս Ֆետայիներուն Առջեւ, Եւ Նահատակներուն Մայրերը Բարձրագոյն Յարգանքի Արժանի Են» Ըսաւ Արամ Ա. Կաթողիկոս
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս երէկ «Օ. Թի. Վի.» կայանի հայերէն լուրերու հաղորդումին ընթացքին, հաղորդավար Ծովակ Թազեանի հարցումներուն պատասխանելով բարձր գնահատեց հայ զինուորներու նահատակութիւնը` զանոնք «ֆետայի» կոչելով եւ իր բարձրագոյն աստիճանի գնահատանքը յայտնելով մերօրեայ ֆետայի հերոսներու մայրերուն: Ստորեւ հատուածներ` վեհափառ հօր յայտարարութենէն. «Հայաստանը եւ Արցախը հայրենասիրութեամբ փոթորկած են, իւրաքանչիւր հայու, այր թէ կին, մեծ թէ փոքր, մտածումներու առանցքը Արցախն...




















