Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռուստամեան. «Դաշնակցութիւնը Ոչ Մէկ Զիջում Կրնայ Ընդունիլ»

Յունիս 28, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

armen_62716

Երէկ լրագրողները Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեանէն հետաքրքրուեցան, թէ ինչո՛վ պայմանաւորուած են Ալիեւի յայտարարութիւնները այն մասին, որ հետաքննութեան մեքանիզմներու տեղադրումը սահմանին աւելորդ է, եւ որ Ազրպէյճանը Լեռնային Ղարաբաղի հարցի լուծման պիտի երթայ փուլային տարբերակով: Ռուստամեան ըսաւ, որ Ալիեւի յայտարարութիւնները ցոյց կու տան, որ այդ ամէնը Ալիեւի ցանկութիւնն է, այլ ոչ եթէ այն, ինչ որ խօսուած է բանակցութիւններուն ընթացքին:

«Այն ինչ որ հրապարակուած է, ատիկա համաձայնեցուած է, ուստի կարելի է Ալիեւի յայտարարութիւններէն ենթադրել, որ այդ բանակցութիւնները ըստ երեւոյթին իրենց ոչ ձեռնտու ընթացքով  ընթացած են, ատիկա կ՛երեւի հետաքննութեան մեքանիզմներու  տեղադրման վերաբերեալ հարցի շրջանցումէն: Ատիկա գլխաւոր հարցերէն մէկն է, եւ եթէ ան կ՛որոշէ, որ միայն Քասփրչիքի խումբի  ընդլայնումով պիտի լուծուի այդ հարցը, ատիկա որակական մեծ փոփոխութիւն յառաջացնող հարց չէ, այդ պատճառով ալ ան համաձայնած է անոր: Որակական է, եթէ ամրագրուէր հետաքննութիւններու կայացման մեքանիզմը շփման գիծի երկայնքով», ըսած է Ռուստամեան` աւելցնելով, որ Ալիեւի յայտարարութիւնները ցոյց կու տան, որ պարոն Ալիեւին ձեռնտու չէ հետաքննութեան մեքանիզմներու տեղադրումը եւ ան կը պատրաստուի անգամ մը եւս խախտելու զինադադարի դրութիւնը, սակայն չ՛ուզեր, որ ատիկա արձանագրուի միջազգային կառոյցներու կողմէ:

Անոր խօսքով` Ալիեւը տակաւին չէ հասկցած, որ եթէ Արցախի անկախութեան կարգավիճակի հարցը չլուծուի, ուրեմն անիմաստ է խօսիլ զիջման կամ փոխզիջման մասին: Առաջին անգամը չէ, որ ականատեսը կ՛ըլլանք, թէ ինչպէ՛ս պայմանաւորուածութիւն կը գոյանայ  բանակցային սեղանին շուրջ, բայց վերադառնալով Պաքու` Ալիեւ այլ յայտարարութիւններ կը կատարէ, այսինքն` գործ ունինք բանակցելուն անպատրաստ Ազրպէյճանին հետ: Ռուստամեանը վստահ է, որ Ալիեւ նման բաներ կը յայտարարէ ներքին սպառման համար:

Ռուստամեանի խօսքով` գոյութիւն ունի երկու տիպի Ալիեւ, մէկը բանակցութիւններու սեղանին շուրջ, եւ միւսը իր սուլթանական թագին բազմած Ալիեւ, որ Պաքուէն կը յոխորտայ:

Ռուստամեան կ՛եզրակացնէ, որ երկակի խաղ կը խաղայ Ալիեւ, մէկ  կողմէ խօսելով բանակցութիւններու մասին, միւս կողմէ ալ կարծես կը պատրաստուի պատերազմի` ռազմափորձեր ընելով:

«Այս անձը իր վարչակարգով չի կրնար բանակցութիւններ վարել միջազգային չափանիշներու համապատասխան: Անոր ըրածները նաեւ բարոյական չափանիշներու մէջ չեն տեղաւորուիր, ինքզինք յարգող կողմը եթէ բանի մը շուրջ պայմանաւորուի, պէտք է յարգէ այդ պայմանաւորուածութիւնը: Բաւական է արդէն, բոլորը յոգնած են անոր երկակի խաղէն: Ասիկա պէտք է ազդակ ըլլայ միջնորդ կողմերուն  համար», ըսաւ Ռուստամեան: Դաշնակցութիւնը ոչ մէկ  զիջում կրնայ ընդունիլ, եթէ Ազրպէյճանը չէ ճանչցած Արցախի անկախութեան կարգավիճակը:

 

Նախորդը

Ալիեւ Կը Հրաժարի Վիեննայի Եւ Ս. Փեթերսպուրկի Հանդիպումներուն Արդիւնքներէն

Յաջորդը

Նախագահ Սարգսեան. «Պապին Սկզբունքային Դիրքորոշումը Եւ Գերմանիոյ Խորհրդարանին Որոշումը Ճամբայ Կը Հարթեն Նորանոր Ճանաչումներու»

RelatedPosts

Ակնարկ.  Անկարգապահ Տարրեր Կամ Պետութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Անկարգապահ Տարրեր Կամ Պետութիւններ

Հոկտեմբեր 22, 2025
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան Եւ «Ճինիշեան» Յիշատակի Հիմնադրամ
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան Եւ «Ճինիշեան» Յիշատակի Հիմնադրամ

Հոկտեմբեր 22, 2025
Վարդան Ղուկասեան Կալանաւորուեցաւ, Համայնքի Ղեկավարի Լիազօրութիւնները Կասեցուեցան
Գլխաւոր լուրեր

Վարդան Ղուկասեան Կալանաւորուեցաւ, Համայնքի Ղեկավարի Լիազօրութիւնները Կասեցուեցան

Հոկտեմբեր 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?