Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան 22 յունիսին աշխատանքային այցելութեամբ մեկնած է Արցախ: Հանրապետութեան հարաւային թեւին մէջ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան, Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի նախկին նախագահ Արկադի Ղուկասեան այցելած են սահմանագիծի կարգ մը հատուածներ, տեղւոյն վրայ ծանօթացած են զինուորներուն ծառայութեան ընթացքին եւ տիրող իրավիճակին:
Նոյն օրը հայկական երկու պետութիւններուն ղեկավարները մայրաքաղաք Ստեփանակերտի մէջ ունեցած են խորհրդակցութիւն պաշտպանութեան բանակի բարձրագոյն սպայական կազմին հետ եւ քննարկած բանակաշինութեան առնչուող հարցեր: