Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Սարգսեան. «Պապին Սկզբունքային Դիրքորոշումը Եւ Գերմանիոյ Խորհրդարանին Որոշումը Ճամբայ Կը Հարթեն Նորանոր Ճանաչումներու»

June 28, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

serj_62716

Նախագահ Սերժ Սարգսեան կը կարծէ, որ Հանրապետական կուսակցութիւնը (ՀՀԿ) պիտի յաղթէ խորհրդարանական ընտրութիւններուն: «Ռոյթըրզ»-ին տուած հարցազրոյցի մը ընթացքին ան ընդգծեց, որ Հանրապետականի պարտութեան պարագային քաղաքականութեան մէջ այլեւս ընելիք պիտի չունենայ, ապա ծիծաղով բացառեց անոր  հաւանականութիւնը:

«Եթէ կուսակցութիւնը խորհրդարանական ընտրութիւններուն  անյաջողութեան մատնուի, ես այլեւս քաղաքականութեան մէջ ի՞նչ ունիմ ընելիք», ըսաւ նախագահը:

Նախագահ Սերժ Սարգսեան անդրադարձաւ նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հարցին` ընդգծելով, որ Հռոմի պապի սկզբունքային դիրքորոշումն ու Գերմանիոյ խորհրդարանին կողմէ արտայայտուած տեսակէտը ճամբայ կը հարթեն այլ ազգերու կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման համար:

«Եւ ես վստահ եմ, որ Գերմանիոյ կողմէ Ցեղասպանութեան ճանաչումը, ու նաեւ պապի հաստատակամութիւնը կը բերեն նոր ալիքի: Ես գրեթէ  կասկած չունիմ, որ մօտ օրէն ֆրանսացիները անգամ մը եւս իրենց խորհրդարան կը տանին Ցեղասպանութեան ժխտման քրէականացման օրինագիծը: Երկրորդ, ինչպէս յայտնի է, Գերմանիան շատ ծանրակշիռ խաղացող է եւ մեծ հեղինակութիւն ունի ամբողջ աշխարհին մէջ, եւ ես վստահ եմ, որ Գերմանիոյ օրինակը բազմաթիւ այլ երկիրներու համար պիտի դառնայ ուսանելի», ըսաւ նախագահը:

Անդրադառնալով Թուրքիոյ` Եւրոպական Միութեան անդամակցելու ձգտումներուն` նախագահը կասկած յայտնեց, թէ Անգարան կը յաջողի  ճնշումներու միջոցով մաս կազմել Եւրոպական Միութեան: «Բայց  ըստ երեւոյթին կը շփոթեն, թէ որու վրայ կարելի է ուժ գործադրել, ճնշում գործադրել, որու վրայ` կարելի չէ: Ես չեմ կարծեր, որ Թուրքիան այն երկիրն է, որ Եւրոպական Միութեան վրայ կրնայ ճնշում գործադրել: Անկեղծ ըսած, ես չեմ տեսներ այն հաւանականութիւնը , որ Թուրքիա կրնայ Եւրոպական Միութեան մաս կազմել», նշեց նախագահը:

Միեւնոյն ժամանակ նախագահ Սերժ Սարգսեան ընդգծեց, որ Հայաստանը չի պատկերացներ բարեփոխումներու յաջող ընթացքը առանց Եւրոպական Միութեան հետ համագործակցութեան: «Մենք պիտի շարունակենք այդ ճամբան», շեշտեց նախագահ Սարգսեան:

«Ռոյթըրզ»-ին տուած հարցազրոյցին ընթացքին Հանրապետութեան նախագահը նաեւ անդրադարձաւ Ս. Փեթերսպուրկի մէջ տեղի ունեցած եռակողմանի  հանդիպումին` ըսելով, թէ պայմանաւորուած են շարունակել եռակողմանի ձեւաչափով: «Մենք պայմանաւորուած ենք, որ այդ հանդիպումները` եռակողմանի ձեւաչափով, պիտի ըլլան  շարունակական եւ անոնք կու գան լրացնելու ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու ձեւաչափը», եզրափակեց նախագահը:

 

 

 

Նախորդը

Ռուստամեան. «Դաշնակցութիւնը Ոչ Մէկ Զիջում Կրնայ Ընդունիլ»

Յաջորդը

«Վանայ Ձայն» Կը Պարգեւատրէ Մեծերը

RelatedPosts

Ակնարկ.   Քրտական Եւ Տիւրզիական  Զուգահեռագիծեր
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Քրտական Եւ Տիւրզիական Զուգահեռագիծեր

January 22, 2026
Թրամփ. «Եւրոպան Ճիշդ Ուղղութեամբ Չ՛ընթանար»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Եւրոպան Ճիշդ Ուղղութեամբ Չ՛ընթանար»

January 22, 2026
Փեսքով. «Փութին Պատրաստ Է Առանց  Նախապայմաններու Բանակցելու Ուքրանիոյ Հետ»
Գլխաւոր լուրեր

Այսօր Մոսկուայի Մէջ Ուիթքոֆ-Փութին Հանդիպում

January 22, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.