Հայ եկեղեցւոյ աւանդութեան համաձայն, ամէն տարի Արամ Ա. կաթողիկոսի ընտրութեան եւ օծման տարեդարձին առիթով, հայ եկեղեցիներուն մէջ տեղի կ՛ունենան Հայրապետական Մաղթանքի արարողութիւններ:
Այս տարի եւս, Արամ Ա. կաթողիկոսի հայրապետական ընտրութեան (28 յունիս 1995) եւ օծման (1 յուլիս 1995) 21-րդ տարեդարձին առիթով, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ Ս. եւ անմահ պատարագի ընթացքին տեղի ունեցաւ Հայրապետական մաղթանք: Եկեղեցական արարողութեան ներկայ էր Պէյրութի քաղաքապետ Ժամալ Իթանիի ներկայացուցիչ` Պէյրութի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Յակոբ Թերզեան: Օրուան պատարագիչ Պսակ աբղյ. Թեփիրճեան իր քարոզին ընթացքին անդրադառնալով վեհափառ հայրապետին գահակալութեան ըսաւ. «Կ՛աղօթենք մեր Ս. աթոռին ազգընտիր հովուապետին առողջութեան եւ առաքելութեան յաջողութեան համար: Վեհափառ տէ՛ր, որպէս խոնարհագոյն ծառան այս միաբանութեան, թոյլ տուէ՛ք, որ մեր ժողովուրդին սիրեցեալ զաւակներուն սրտին թարգմանը հանդիսանամ ու մեր բոլորին աղօթքը խունկի ճամբով բարձրացնեմ առ Աստուած: Ի սրտէ կ՛աղօթեմ, որ Սուրբ Հոգւոն շնորհները այսօր, անգամ մը եւս, հեղու Ձերդ վեհափառութեան վրայ, որպէսզի Ձեր ճամբով` առաւել ծաղկազարդուի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ դարաւոր Կաթողիկոսութիւնը»:
Ս. եւ անմահ պատարագէն ետք, վեհարանի դահլիճին մէջ, յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբանութեան ուղերձ կարդաց Նշան վրդ. Լախոյեան: Ուղերձին մէջ հայր սուրբը ըսաւ. «Վեհափառ տէր, սփիւռքի մէջ վերահաստատուած մեր դարաւոր աթոռին հարիւրամեայ ճիգը կը շարունակուի Ձեր հովուական ծաղկեալ մականին, միւռոնաօծ Ս. Աջին ու հաստատակամ քայլերուն առաջնորդութեամբ. այն ճիգը, որ 100 տարիներ առաջ ծերունազարդ Սահակ հայրապետին եւ անոր յաջորդած միւս բոլոր հայրապետներուն ճամբով ի գործ դրուեցաւ: Ինչպէս անոնք, նոյնպէս եւ Դուք, Լուսաւորչի Ս. Աջը Ձեր սրբազան աջին մէջ կենդանացուցած 21 տարիներ շարունակ, զայն տարածեցիք մեր ժողովուրդին գլխուն վերեւ` ի պահպանութիւն հայոց ազգիս. զայն ճօճեցիք այս աշխարհի անարդարութիւններուն դէմ` յանուն արդարութեան»:
Այս առիթով, Շիմշիրեան ընտանիքը շնորհաւորելով Արամ Ա. կաթողիկոսին ընտրութեան եւ օծման 21-րդ տարեդարձը նուիրեց վեհափառ հայրապետին կիսանդրին, որ յատուկ կերպով պատրաստուած էր վերջին 2 տարիներուն ընթացքին:
Միաբանութեան եւ ներկայ հաւատացեալ ժողովուրդին ներկայութեան, վեհափառ հայրապետը խօսք առնելով շնորհակալութիւն յայտնեց Աստուծոյ, որ իրեն առիթը ընծայած էր անցնող 21 տարիներու ընթացքին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ընդմէջէն ծառայելու հայ եկեղեցւոյ, ժողովուրդին ու հայրենիքին: Վեհափառ հայրապետը նաեւ յայտնեց, թէ «Հայրապետական մաղթանքը ծառայական ուխտի վերանորոգումն է, որովհետեւ հայ հոգեւորականը, ի՛նչ աստիճանի վրայ ալ գտնուի, կեանքին ճամբան ու նպատակը ունի ծառայութիւնը»:
Աւարտին, ներկայ հաւատացեալները աջահամբոյրով ստացան հայրապետական օրհնութիւն եւ շնորհաւորեցին Արամ Ա. կաթողիկոսին ընտրութեան եւ օծման 21-րդ տարեդարձը: