Գլխաւոր լուրեր

Զաւարեան Ուսանողական Միութեան Կազմակերպած Խորհրդաժողովին՝ «Հարկ Է Ուսումը Մասնակցութեամբ Ու Ծառայութեամբ Արժեւորել» Արամ Ա. Կաթողիկոս

Զաւարեան Ուսանողական Միութեան Կազմակերպած Խորհրդաժողովին՝ «Հարկ Է Ուսումը Մասնակցութեամբ Ու Ծառայութեամբ Արժեւորել» Արամ Ա. Կաթողիկոս

Երէկ՝ Ուրբաթ, 3 Հոկտեմբեր 2025-ին, ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին Վանքին մէջ, ընդունեց ՀՅԴ Զաւարեան Ուսանողական Միութեան կազմակերպած միջ-ուսանողական խորհրդաժողովի մասնակիցները։ Խորհրդաժողովին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն 12 երիտասարդական ու ուսանողական միութիւններ։ Խօսք առնելով միութեան վարչութեան ատենապետ Սամիկ Կարապետեան` խորին երախտագիտութիւն յայտնեց վեհափառ հայրապետին, որ իր օրհնութեամբ ու հայրական ներկայութեամբ կարելի դարձաւ մեկնարկել միութեան կազմակերպած յիշեալ խորհրդաժողովը: Ապա,...

Լեւոն Մնացականեան Պաքուի Դատարանին Մէջ Հերքած Է Ազրպէյճանցիի Մեղադրանքը

Լեւոն Մնացականեան Պաքուի Դատարանին Մէջ Հերքած Է Ազրպէյճանցիի Մեղադրանքը

Պաքուի մէջ շարունակուած է հայ պատանդներու դատավարութիւնը, որ կ՛ընթանայ առանց միջազգային կազմակերպութիւններու, ինչպէս նաեւ անկախ լրատուամիջոցներու բացակայութեան պայմաններուն մէջ: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ ըստ ազրպէյճանական պետական լրատու գործակալութիւններուն, ցուցմունք տուած է Իլհամ Մամետով անունով ներկայացող նախկին զինուորը, որ պնդած է, թէ 2002 թուականին գերեվարուած է Հայաստանի զինեալ ուժերուն կողմէ: Ան պնդած է, թէ իր նկատմամբ «բռնութիւն կիրարկուած է»,...

Միքայէլ Արք. Աջապահեան Դատապարտուեցաւ 2 Տարուան Ազատազրկման.  ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինը Խստիւ Կը Դատապարտէ

Միքայէլ Արք. Աջապահեան Դատապարտուեցաւ 2 Տարուան Ազատազրկման. ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինը Խստիւ Կը Դատապարտէ

Շիրակի թեմի առաջնորդ Միքայէլ արք. Աջապահեան երէկ դատապարտուեցաւ 2 տարուան ազատազրկման: Երեւան քաղաքի առաջին ատեանի ընդհանուր իրաւասութեան քրէական դատարանի դատաւոր Արմինէ Մելիքսէթեան հրապարակեց Շիրակի թեմի առաջնորդ Միքայէլ սրբազանի գործով վճիռը: Յիշեցնենք, որ հանրային մեղադրող դատախազը պահանջած էր Միքայէլ արք. Աջապահեանի նկատմամբ ընտրել 2 տարի վեց ամիս ազատազրկում: Այս առիթով ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինը հրապարակեց յայտարարութիւն մը, որուն մէջ խստիւ դատապարտեց...

«Կազայի Վերաբերեալ Թրամփի Ծրագիրը Սերտելու Համար Որոշ Ժամանակի Պէտք Ունինք» Կ՛ըսէ Համասէն Ղեկավար Մը

«Կազայի Վերաբերեալ Թրամփի Ծրագիրը Սերտելու Համար Որոշ Ժամանակի Պէտք Ունինք» Կ՛ըսէ Համասէն Ղեկավար Մը

Համասէն ղեկավար մը ԱՖՓ լրատու գործակալութեան յայտնած է, թէ պաղեստինեան շարժումը Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփին յայտարարած եւ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի հաւանութեան արժանացած ծրագիրը սերտելու համար որոշ ժամանակի պէտք ունի: «Համաս տակաւին կը շարունակէ շարժումին ներկայացուած Թրամփի ծրագիրին շուրջ խորհրդակցութիւնները եւ միջնորդներուն փոխանցեց, թէ խորհրդակցութիւնները կը շարունակուին, եւ որոշ ժամանակի կարիք ունինք», նշած է ղեկավարը: Յիշեցնենք, որ Թրամփ երեքշաբթի,...

Թրամփ. «7 Պատերազմներ Կարգաւորեցինք, Թիւը Կրնայ 8 Դառնալ»

Թրամփ. «7 Պատերազմներ Կարգաւորեցինք, Թիւը Կրնայ 8 Դառնալ»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ «Ուան Ամերիքա» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Ըրածս ոչ ոք ըրաւ. 7 պատերազմներ կարգաւորեցինք, եւ այդ թիւը կրնայ 8 դառնալ»: «Միջին Արեւելքի խնդիրը 3000 տարի ետք դիւրին լուծելի է, եւ Կազայէն աւելին ունինք», նշեց Թրամփ: «Կազան պիտի ստանանք, ինչպէս նաեւ համապարփակ խաղաղութիւն պիտի ունենանք, եւ ատիկա հոյակապ ձեռքբերում պիտի ըլլայ», յայտնեց Սպիտակ տան ղեկավարը:...

Սալամ. «Ռաուշէի Մէջ Տեղի Ունեցածին Մեծագոյն Կորուստը Զայն Կազմակերպող Կողմին Ու Անոր Ետին Կանգնողին Հաւաստիութիւնն Է»

Սալամ. «Ռաուշէի Մէջ Տեղի Ունեցածին Մեծագոյն Կորուստը Զայն Կազմակերպող Կողմին Ու Անոր Ետին Կանգնողին Հաւաստիութիւնն Է»

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ իրեն այցելող պատուիրակութիւններուն առջեւ նշեց. «Ռաուշէի մէջ տեղի ունեցածին մեծագոյն կորուստը զայն կազմակերպող կողմին ու անոր ետին կանգնողին հաւաստիութիւնն է, որովհետեւ իր խոստումները չյարգեց, եւ ատիկա հաստատօրէն հետեւանքներ պիտի ունենայ: «Ռաուշէի հարցը տակաւին չվերջացաւ, որովհետեւ պետութեան հեղինակութեան վերականգնումը կ՛ըլլայ օրէնքի կիրարկումով եւ իրենց խոստումները չյարգողները հաշուետուութեան ենթարկելով: «Ընդհանուր դատախազը սկսաւ անձեր հարցաքննութեան կանչել եւ որոնման հրամանագիր հրապարակեց...

Ակնարկ.  Արտաքին Քուէին Ազդեցութիւնը  Եւ Օրէնքի Փոփոխութեան Շարժառիթները

Ակնարկ. Արտաքին Քուէին Ազդեցութիւնը Եւ Օրէնքի Փոփոխութեան Շարժառիթները

Յառաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւններուն ընդառաջ երկու հիմնական հարց կ՛արծարծուի: Առաջինը ճշդուած թուականը անփոփոխ պահելու եւ երկրորդը` ընտրական օրէնքը մասնակի փոփոխութեան ենթարկելու: Իրենց ատենին ընտրութիւնները կայացնելու առաջադրանքը հրապարակաւ բոլորին պահանջն է սահմանադրական ժամկէտներն ու համապատասխան օրէնքները յարգելու առումով: Վճռականութիւն կրնայ դրսեւորուիլ ճշդուած ժամկէտին ընտրութիւնները կայացնելու նոր իշխանութիւններուն կողմէ, որոնք կը ներկայանան նախագահով եւ վարչապետով: Ճշդուած օրինական ժամկէտներուն կառչած մնալու այս մօտեցումը առարկայացաւ...

Փաղանգաւոր Կուսակցութեան Պատուիրակութիւնը  Կ՛այցելէ «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Փաղանգաւոր Կուսակցութեան Պատուիրակութիւնը Կ՛այցելէ «Շաղզոյեան» Կեդրոն

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Ալպեր Պալապանեան հինգշաբթի, 2 հոկտեմբեր 2025-ին, «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ ընդունեց Փաղանգաւոր կուսակցութեան պատուիրակութիւնը: Հանդիպումին ներկայ էին Կեդրոնական կոմիտէի քարտուղար Ճորճ Գրիգորեան, անդամներ` նախկին նախարար Աւետիս Կիտանեան եւ ճարտարագէտ Կարօ Յարութիւնեան: Փաղանգաւոր կուսակցութեան պատուիրակութեան մաս կը կազմէին երեսփոխան Էլիաս Հանքաշ, կուսակցութեան նախագահի քաղաքական եւ ընտրական հարցերու օգնական Սերժ Տաղեր, քաղաքական գրասենեակի անդամներ` նախկին նախարար Ալեն Հաքիմ...

Սալամ Արձագանգեց Պարրաքի «Զարմանալի»  Յայտարարութիւններուն

Սալամ. «Հանրապետութեան Նախագահի Եւ Վարչապետի Յարաբերութիւնները Դատապարտուած Են Համախոհութեան, Եւ Ռաուշէի Ժայռի Խնդիրը Չվերջացաւ»

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ «Նահար» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի եւ վարչապետին միջեւ յարաբերութիւնը դատապարտուած է համախոհութեան` բարեկարգումները յաջողցնելու եւ գերիշխանութիւնը տարածելու համար»: «Անհրաժեշտ է այս երկրին մէջ զէնքի մենաշնորհ հաստատել, եւ երդման ճառն ու կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրը այդ կը նշեն», շեշտեց ան: «Շրջանին մէջ կան մեծ փոփոխութիւններ, որոնցմէ են սուրիական վարչակարգի տապալումը, իրանեան ազդեցութեան նահանջը, Եմէնի...

Իսրայէլ Գրաւեց Կազա Ուղղուող Նաւերը Եւ Կալանաւորեց Անոնց Վրայ Գտնուողները

Իսրայէլ Գրաւեց Կազա Ուղղուող Նաւերը Եւ Կալանաւորեց Անոնց Վրայ Գտնուողները

Տասնեակներով գործիչներ, ներառեալ կենսոլորտի շուէտացի աշխարհահռչակ ջատագով Կրեթա Թանպերկ իսրայէլեան ուժերու կողմէ կալանաւորուեցան, եւ զանոնք դէպի Կազա տեղափոխող նաւերը գրաւուեցան: Նաւատորմիղը կը բաղկանար աւելի քան 40 նաւերէ, եւ անոնց վրայ կը գտնուէին շուրջ 500 անձեր, ներառեալ եւրոպացի խորհրդարանականներ, փաստաբաններ եւ գործիչներ: Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեց, որ համաշխարհային «Սումուտ» նաւատորմիղէն շարք մը նաւեր «ապահով կերպով կանգնեցուեցան», եւ անոնց վրայ գտնուողները...

Քոփենհակընի Մէջ Փաշինեան-Ալիեւ Հանդիպում

Քոփենհակընի Մէջ Փաշինեան-Ալիեւ Հանդիպում

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Քոփենհակընի մէջ հանդիպում ունեցած է Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ: Այս մասին Փաշինեան յայտնած է ընկերային ցանցերու իր էջերուն վրայ: «Քոփենհակընի մէջ մեկնարկած Եւրոպական քաղաքական համայնքի վեհաժողովի ծիրին մէջ հանդիպում` Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ», գրած է ան: Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան մամլոյ ծառայութիւնը հանդիպումին մասին հաղորդագրութիւն հրապարակելով հաղորդեց. «Կողմերը ընդգծած են Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ...

Ըստ «Աքսիոս»-ի.  Քաթար, Եգիպտոս Եւ Թուրքիա Համասին  Կոչ Կ՛ուղղեն` Ընդունելու Կազայի  Վերաբերեալ Թրամփի Ծրագիրը

Ըստ «Աքսիոս»-ի. Քաթար, Եգիպտոս Եւ Թուրքիա Համասին Կոչ Կ՛ուղղեն` Ընդունելու Կազայի Վերաբերեալ Թրամփի Ծրագիրը

«Աքսիոս» կայքը հաղորդեց, որ բանակցութիւններուն ծանօթ երկու աղբիւրներու համաձայն, Քաթարի, Եգիպտոսի եւ Թուրքիոյ բարձրաստիճան պաշտօնատարները պաղեստինեան Համաս շարժումին կոչ ուղղած են` Կազայի մէջ պատերազմին վերջ տալու Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի առաջարկին դրական պատասխան տալու: Թրամփ երեքշաբթի օր յայտնեց, որ Համասին 3-էն 4 օր պայմանաժամ կու տայ առաջարկին պատասխան տալու: Ան Վըրճինիա նահանգի Քուանթիքոյի մէջ հարիւրաւոր զօրավարներու եւ ծովակալներու առջեւ...

Թրամփ Ստորագրեց Քաթարի Հողերուն Ու  Գերիշխանութեան Դէմ Որեւէ Յարձակում Միացեալ  Նահանգներու Անվտանգութեան Սպառնալիք  Նկատող Հրամանագիր Մը

Թրամփ Ստորագրեց Քաթարի Հողերուն Ու Գերիշխանութեան Դէմ Որեւէ Յարձակում Միացեալ Նահանգներու Անվտանգութեան Սպառնալիք Նկատող Հրամանագիր Մը

Սպիտակ տունը յայտարարեց. «Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ ստորագրեց հրամանագիր մը, որ Քաթարի հողերուն կամ գերիշխանութեան դէմ որեւէ յարձակում Միացեալ Նահանգներու անվտանգութեան սպառնալիք կը նկատէ»: «Նախագահական հրամանագիրը կը ներառէ Միացեալ Նահանգներու կողմէ իր եւ Քաթարի շահերը պաշտպանելու պատշաճ քայլերու որդեգրումը», նշեց Սպիտակ տունը: «Քաթարը Միջին Արեւելքի մէջ եւ անկէ դուրս խաղաղութեան, կայունութեան եւ բարգաւաճման իրագործման ձգտումին մէջ հաստատ դաշնակից մըն...

Եւրոպական Դատարանը Պաքուէն Հայ Գերիներու  Մասին Հաշուետուութիւն Կը Պահանջէ

Եւրոպական Դատարանը Պաքուէն Հայ Գերիներու Մասին Հաշուետուութիւն Կը Պահանջէ

Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանը Ազրպէյճանէն կը պահանջէ Պաքուի բանտերուն մէջ պահուող 23 հայ գերիներու պահման եւ առողջական վիճակի մասին մինչեւ 4 նոյեմբեր հաշուետուութիւն ներկայացնել: Եւրոպական դատարանին մէջ հայ գերիներու շահերու ներկայացուցիչ Սիրանուշ Սահակեան «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին փոխանցած է, թէ յուլիսին ազրպէյճանական կողմը դատարանին միջնորդած էր վերցնել հաշուետուութիւն ներկայացնելու իր պարտականութիւնը: Սակայն, Հայաստանի կառավարութեան եւ եւրոպական դատարանին մէջ գերիներու ներկայացուցիչներու առարկութիւններէն...

Թուրքիոյ Ազգային Անվտանգութեան Խորհուրդը  Աջակցութիւն Կը Յայտնէ Հայաստանի Հետ  Յարաբերութիւններու Կարգաւորման

Թուրքիոյ Ազգային Անվտանգութեան Խորհուրդը Աջակցութիւն Կը Յայտնէ Հայաստանի Հետ Յարաբերութիւններու Կարգաւորման

Թուրքիոյ Ազգային անվտանգութեան խորհուրդը վերահաստատած է իր աջակցութիւնը Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման ջանքերուն: Այս մասին նշուած է խորհուրդի նիստին վերաբերեալ տարածուած հաղորդագրութեան մէջ: Նիստը վարած է երկրի նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան: Խորհուրդը ընդգծած է նաեւ Ազրպէյճանի եւ Նախիջեւանի միջեւ փոխադրական միջանցքի կարեւորութիւնը` նշելով, «որ այդ միջանցքը պիտի ծառայէ շրջանի բոլոր երկիրներու շահերուն»: Թուրքիոյ մեծագոյն` «Թըրքիշ Էրլայնզ» օդանաւային ընկերութիւնը անցեալ օր...

Հաժժար Նախագահ Աունին Ներկայացուց  Խորհրդարանական Ընտրութիւններու  Պատրաստութիւնները

Հաժժար Նախագահ Աունին Ներկայացուց Խորհրդարանական Ընտրութիւններու Պատրաստութիւնները

Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութիւններու հարցերու նախարար Ահմետ Հաժժար երէկ այցելեց Պաապտայի պալատ, ուր հանդիպում ունեցաւ հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի հետ: Հաժժար նախագահին ներկայացուց նախարարութեան միաւորներուն մէջ յառաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւններուն պատրաստուելու նպատակով ընթացող աշխատանքները: Նախագահ Աուն հանդիպումի ընթացքին շեշտեց. «Անհրաժեշտ է զանոնք կատարել ճշդուած ժամկէտին` յառաջիկայ մայիս ամսուան ընթացքին»: Նախագահը նաեւ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Ռուտաքովը եւ անոր հետ...

Ակնարկ.  22-րդ Կէտը

Ակնարկ. 22-րդ Կէտը

Կազայի հարցի լուծման համար ամերիկեան 21 կէտնոց նախագիծի հրապարակումը չի նշանակեր անշուշտ, որ միանգամայն խաղաղութիւն պիտի հաստատուի: Առաւել եւս` ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի հրաբխային իրավիճակը հանդարտի, ինչպէս կը նշեն ամերիկեան պաշտօնական յայտարարութիւնները: Հիմա գնդակը գլորուած է Համասի կիսադաշտ: Համասը ընտրանքի առջեւ է, ինքզինք լուծարելով Կազան փրկելու: Այդ փրկութիւնը սակայն իր իւրայատուկ նախապայմանները ունի եւ ըստ էութեան Կազան կը դարձնէ Իսրայէլի համար...

Նեթանիահու. «Կը Զօրակցիմ Կազայի  Պատերազմին Վերջ Տալու Թրամփի Ծրագիրին»

Նեթանիահու. «Կը Զօրակցիմ Կազայի Պատերազմին Վերջ Տալու Թրամփի Ծրագիրին»

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու երկուշաբթի գիշեր Սպիտակ տան մէջ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ հանդիպումէն ետք միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարեց, որ կը զօրակցի Թրամփի Կազայի պատերազմին վերջ տալու 20 կէտերէ բաղկացած ծրագիրին: «Կը զօրակցիմ Կազայի մէջ պատերազմին վերջ տալու ձեր ծրագիրին, որ կ՛իրագործէ մեր պատերազմական նպատակները: Անիկա Իսրայէլին պիտի վերադարձնէ իր բոլոր գերիները, պիտի կազմաքանդէ Համասի զինուորական կարողութիւնները,...

Աուն Եւ Սալամ Քննարկեցին Ռաուշէի Դէպքը

Աուն Եւ Սալամ Քննարկեցին Ռաուշէի Դէպքը

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն երէկ առաւօտեան Պաապտայի պալատին մէջ ընդունեց վարչապետ Նաուաֆ Սալամը: Նախագահը հանդիպումի ընթացքին վարչապետին հետ քննարկեց երկրին ընդհանուր կացութիւնն ու Նիւ Եորքի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովի 80-րդ նիստի իր մասնակցութեան ծիրին մէջ իր ունեցած ժողովներուն արդիւնքները: Նախագահն ու վարչապետը նաեւ քննարկեցին երկրի ներքին կացութիւնն ու Ռաուշէի մէջ տեղի ունեցածի կարգաւորման կարելիութիւնները: Վարչապետ Սալամ երէկ խորհրդարանին մէջ նաեւ...

Քոփիրքին. «Հայաստանի Եւ Ռուսիոյ  Երկկողմանի Յարաբերութիւններու  Օրակարգին Վրայ Ռուսական 102-րդ  Ռազմակայանի Դուրսբերման Հարց Չկայ»

Քոփիրքին. «Հայաստանի Եւ Ռուսիոյ Երկկողմանի Յարաբերութիւններու Օրակարգին Վրայ Ռուսական 102-րդ Ռազմակայանի Դուրսբերման Հարց Չկայ»

Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Ռուսիոյ դեսպան Սերկէյ Քոփիրքին յայտարարած է, թէ Հայաստանի եւ Ռուսիոյ երկկողմանի յարաբերութիւններու օրակարգին վրայ ռուսական 102-րդ ռազմակայանի դուրսբերման հարց չկայ: «Արմէնփրես»-ի հաղորդումով` այս մասին Ռուսիոյ դեսպանը նշած է «Սիւնեաց Երկիր» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի ընթացքին: «102-րդ ռազմակայանի դուրսբերումը երկկողմանի յարաբերութիւններու օրակարգին վրայ չէ: Հայկական կողմը այդ մասին բոլոր մակարդակներուն վրայ յստակ յայտարարած է: Ռուսական զինուորական ներկայութիւնը կը մնայ...

Page 70 of 795 1 … 69 70 71 … 795

Արխիւներ