Գլխաւոր լուրեր

Հայաստանի Անվտանգութեան Խորհուրդի Քարտուղարն  Ու Հայաստանի Մէջ Միացեալ Նահանգներու Դեսպանը  Քննարկած Են Ուաշինկթընեան Համաձայնութիւնները

Հայաստանի Անվտանգութեան Խորհուրդի Քարտուղարն Ու Հայաստանի Մէջ Միացեալ Նահանգներու Դեսպանը Քննարկած Են Ուաշինկթընեան Համաձայնութիւնները

Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան երէկ ընդունած է Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ արտակարգ եւ լիազոր դեսպան Քրիսթինա Քվինը: Ըստ Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարի գրասենեակի տարածած հաղորդագրութեան, «քննարկուած է Ուաշինկթընի մէջ 8 օգոստոսին Հայաստանի Կառավարութեան եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Կառավարութեան միջեւ ստորագրուած փոխըմբռնման յուշագիրներու իրագործմանն ուղղուած քայլերու ընթացքը»: Կը Նշուի, որ հանդիպումին նաեւ անդրադարձ եղած է երկկողմանի հետաքրքրութիւն ներկայացնող այլ հարցերու:  

Թրամփ. «Կազայի Մէջ Պատերազմին Վերջ Տալու  Համաձայնութեան Գոյացման Կարելիութեան  Նկատմամբ Լաւատես Եմ»

Թրամփ. «Կազայի Մէջ Պատերազմին Վերջ Տալու Համաձայնութեան Գոյացման Կարելիութեան Նկատմամբ Լաւատես Եմ»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ ամերիկեան «Էն.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին Կազայի մէջ պատերազմին վերջ տուող համաձայնութեան գոյացման կարելիութեան նկատմամբ լաւատեսութիւն յայտնեց: «Յարմար առիթ կայ Միջին Արեւելքի մէջ խաղաղութիւն հաստատելու», ըսաւ ան` նշելով, որ ներկայ հոլովոյթը «լաւ կերպով կ՛ընթանայ»: «Աքսիոս» հաղորդեց, որ Ուաշինկթըն եւ Թել Աւիւ Թրամփի` Կազայի պատերազմին վերջ տալու ծրագիրին շուրջ համաձայնութեան գոյացման եզրին կը գտնուին: Ամերիկացի...

Ըստ «Ուաշինկթըն Փոստ»-Ին.  Թրամփ Այսօր Ներկայ Պիտի Գտնուի  Զինուորական Բարձրաստիճան  Հրամանատարներու Արտակարգ Ժողովին

Ըստ «Ուաշինկթըն Փոստ»-Ին. Թրամփ Այսօր Ներկայ Պիտի Գտնուի Զինուորական Բարձրաստիճան Հրամանատարներու Արտակարգ Ժողովին

Ամերիկեան ազդեցիկ «Ուաշինկթըն Փոսթ» օրաթերթը, մէջբերելով փաստաթուղթ մը, հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ այսօր ներկայ պիտի գտնուի Վըրճինիա նահանգի Քուանթիքոյի մէջ ամերիկացի բարձրաստիճան հրամանատարներու մէկ վայրի մէջ հաւաքուած հազուադէպ ժողովի մը: «Ուաշինկթըն Փոսթ» անցեալ շաբաթ հաղորդած էր. «Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Փիթ Հեկսեթ հարիւրաւոր զօրավարներ ու ծովակալներ յառաջիկայ շաբաթ Վըրճինիոյ մէջ արտակարգ ժողովի հրաւիրեց` առանց պատճառը յայտարարելու»:  

Խորհրդարանը Երէկ Իր Նիստի Օրինաթիւը  Կորսնցնելէն Ետք Այսօր Դարձեալ Ժողով Կը Գումարէ

Խորհրդարանը Երէկ Իր Նիստի Օրինաթիւը Կորսնցնելէն Ետք Այսօր Դարձեալ Ժողով Կը Գումարէ

Խորհրդարանը երէկ իր նախագահ Նեպիհ Պըրրիի նախագահութեամբ նիստ մը գումարեց` քննարկելու համար օրակարգի վրայ գտնուող օրինագիծերը: Երեսփոխան Ֆիրաս Համտան անդրադարձաւ վարչապետի դիրքին եւ նշեց, որ «քաղաքական այն պահուն, երբ վարչապետը կարգ մը հարցերով կ՛ամբաստանուի, ան պէտք է կառավարութենէն հրաժարի»` աւելցնելով. «Հռետորաբանութիւնը կը նպաստէ երկրի պառակտման»: Պըրրի արձագանգեց նշելով, որ վարչապետը ամբողջ Լիբանանին վարչապետն է` շեշտելով, որ կառավարութիւնը անձի մը կամ...

Ապահովական Մարմիններու Եւ Բանակի  Քննադատումը Անընդունելի Նկատելով`   Նախագահ Աուն. «Քաղաքացիական Խաղաղութիւնը  Որեւէ Նկատառումէ Վեր Կը Մնայ»

Ապահովական Մարմիններու Եւ Բանակի Քննադատումը Անընդունելի Նկատելով` Նախագահ Աուն. «Քաղաքացիական Խաղաղութիւնը Որեւէ Նկատառումէ Վեր Կը Մնայ»

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն յայտնեց, որ քաղաքացիական խաղաղութիւնը որեւէ նկատառումէ վեր կը մնայ, եւ բանակին ու ապահովական ուժերուն պարտականութիւնը զայն պահպանելն է` աւելցնելով, որ անոնք իրենց պարտականութիւնը ամբողջական կերպով կը կատարեն` իրագործելու համար այդ նպատակը, որ կարմիր գիծ է: Նախագահը Արաբական բաց համալսարանի պատուիրակութեան առջեւ յայտնեց. «Եթէ բանակն ու ապահովական ուժերը քաղաքացիներուն անվտանգութեան ու ապահովութեան, լիբանանեան ընկերութեան, անոր բոլոր բաղադրիչ...

Դատախազը 2,5 Տարուան Ազատազրկում  Պահանջեց Միքայէլ Սրբազանին Համար

Դատախազը 2,5 Տարուան Ազատազրկում Պահանջեց Միքայէլ Սրբազանին Համար

Դատախազ Արման Բաղդասարեան երէկ 2,5 տարուան ազատազրկում պահանջեց իշխանութեան զաւթման կոչի համար մեղադրուող Շիրակի թեմի առաջնորդ Միքայէլ արք. Աջապահեանի համար: Սրբազանը մեղաւոր ճանչնալէ ետք դատարանը երէկ սկսաւ լրացուցիչ լսումներ` պատժաչափը որոշելու համար: Սրբազանին կը սպառնայ տուգանքէն մինչեւ 5 տարի ազատազրկում: Անոր փաստաբան Արա Զոհրաբեանը յայտարարեց, թէ այս դատարանին մէջ արդարութեան զգացում չունեցան: Յաջորդ նիստը նշանակուեցաւ 3 հոկտեմբերին, այդ նիստի ընթացքին...

Ակնարկ.  6 Հոկտեմբեր 2022-էն Ասդին

Ակնարկ. 6 Հոկտեմբեր 2022-էն Ասդին

ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի 80-րդ նստաշրջանի Հայաստանի վարչապետին խօսքը քանի մը կարեւոր բացթողում ունէր: Նախ, տարածքային ամբողջականութեան մասով. ըստ վարչապետին, «Ալմա Աթայի հռչակագրին յղումը նշանակում է, որ երկու երկրները ճանաչում են, որ Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքը նոյնական է Հայկական Խորհրդային Սոցիալիստական Հանրապետութեան տարածքի հետ, իսկ Ազրպէյճանի Հանրապետութեան տարածքը նոյնական է Ազրպէյճանական Խորհրդային Սոցիալիստական Հանրապետութեան տարածքի հետ եւ այդ տարածքները ներառող սահմաններն անխախտելի...

«Զինաթափումը Պիտի Չարտօնենք Եւ Քարպալայական  Ճակատամարտով Անոր Դէմ Պիտի Դնենք»  Յայտարարեց Շէյխ Քասեմ

«Զինաթափումը Պիտի Չարտօնենք Եւ Քարպալայական Ճակատամարտով Անոր Դէմ Պիտի Դնենք» Յայտարարեց Շէյխ Քասեմ

Շաբաթ կէսօրէ ետք ժամը 4:30-ին Պէյրութի Հարաւային արուարձաններուն մէջ Հըզպալլայի նախկին ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի դամբարանին մօտ տեղի ունեցաւ անոր եւ Հըզպալլայի նախկին ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հաշեմ Սաֆիէտտինի նահատակութեան միամեակի ոգեկոչումը, մասնակցութեամբ ժողովրդային խուռներամ բազմութեան եւ պաշտօնական ու քաղաքական բազմաթիւ ներկայացուցիչներու: Ոգեկոչումին մասնակցեցաւ նաեւ ՀՅԴ-ի պատուիրակութիւն մը: Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար շէյխ Նայիմ Քասեմ արտասանեց պատկերասփռուած ուղերձ մը, որուն մէջ...

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի Անդամներն  Ու «Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները  Այցելեցին Եռաբլուր

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի Անդամներն Ու «Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Այցելեցին Եռաբլուր

27 սեպտեմբերին` 44-օրեայ պատերազմի 5-րդ տալելիցի օրը, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամներն ու «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւորները այցելեցին Եռաբլուր պանթէոն: Անոնք ծաղիկներ դրին Եռաբլուրի գերեզմաններուն վրայ` ի յիշատակ նահատակ հայորդիներու, որոնք անմնացորդ նուիրուեցան հայրենիքի ազատագրութեան պայքարին: «Լեռնային Ղարաբաղի հարցը փակուած չէ», լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին ըսաւ Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար Սէյրան Օհանեան: «Հայաստանի Հանրապետութեան Զինուած ուժերն ու Արցախի պաշտպանութեան բանակը...

ՄԱԿ-ը Վերականգնեց Իրանի Դէմ  Հաստատուած Պատժամիջոցները

ՄԱԿ-ը Վերականգնեց Իրանի Դէմ Հաստատուած Պատժամիջոցները

ՄԱԿ-ը վերականգնեց Իրանի դէմ հաստատուած պատժամիջոցները: Այս մասին հաղորդեց Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը: 2015-ին Թեհրանի հիւլէական գործարքի կնքումէն ետք ջնջուած պատժամիջոցները վերականգնելու հոլովոյթին ձեռնարկած էր եւրոպական եռեակը` Բրիտանիան, Ֆրանսան եւ Գերմանիան, որոնք Իրանը կը մեղադրեն հիւլէական համաձայնագիրը խախտելու յանցանքով եւ կը պնդեն, որ Թեհրանը կը շարունակէ ձգտիլ հիւլէական զէնքի ձեռքբերման: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ կը...

Միջկուսակցական Հանդիպում

Միջկուսակցական Հանդիպում

Հայ քաղաքական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներու հանդիպումը տեղի ունեցաւ շաբաթ, 27 սեպտեմբերին, «Թէքէեան» կեդրոնին մէջ։ Ժողովականները նախ քննարկեցին շրջանային խնդիրները, ստեղծուած թէժ իրավիճակները, յատկապէս Կազայի ժողովուրդին նկատմամբ կիրարկուած ցեղասպանական քաղաքականութիւնը, ընդգծելով, որ նման վարքագիծ չի կրնար առաջնորդել իսկական խաղաղութեան։ Անդրադառնալով Իսրայէլի վարչապետին Հայոց ցեղասպանութեան մասին կատարած հաստատումներուն՝ ժողովը նկատեց, որ ցեղասպանութեան թեման կը շահագործուի յատկապէս Անգարայի հետ լարուած յարաբերութիւններու ընթացքին, եւ ճանաչումը...

Լիբանանեան Ուժեր կուսակցութեան պատուիրակութիւնը կ’այցելէ «Շաղզոյեան» կեդրոն

Լիբանանեան Ուժեր կուսակցութեան պատուիրակութիւնը կ’այցելէ «Շաղզոյեան» կեդրոն

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Ալպեր Պալապանեան ընդունեց Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան պատուիրակութիւն մը, ներկայութեամբ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի։ Հանդիպումը տեղի ունեցաւ ուրբաթ, 26 սեպտեմբեր 2025-ին Պուրճ Համուտի «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ։ Պատուիրակութիւնը մաս կը կազմէին երեսփոխաններ Ղասսան Հասպանի, Մելհեմ Ռիաշի, Ռազի Հաժ, նախկին նախարար Ռիշարտ Գույումճեան, ինչպէս նաեւ շարք մը շրջանային համակարգողներ։ Հանդիպումին ներկայ էին նաեւ...

«Հայաստան» Խմբակցութիւնը Միացաւ  Վարչապետին Անվստահութիւն  Յայտնելու Գործընթացին

«Հայաստան» Խմբակցութիւնը Միացաւ Վարչապետին Անվստահութիւն Յայտնելու Գործընթացին

Հայաստանի Ազգային ժողովի «Պատիւ ունեմ» խմբակցութեան նախաձեռնութեամբ երէկ` 26 սեպտեմբերին հրաւիրուած են խորհրդարանական լսումներ: Քննարկուած է խմբակցութեան ներկայացուցած «Ազգային ճգնաժամի եւ կառավարման ձախողման մասին» Ազգային ժողովի յայտարարութեան նախագիծը: ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Իշխան Սաղաթէլեան ներկայացուց իրենց խմբակցութեան եւ դաշինքի դիրքորոշումը այս նախագիծին վերաբերեալ: Ան ըսաւ, որ իրենք ամբողջութեամբ կը կիսեն յայտարարութեան մէջ ներկայացուած փաստերն ու հիմնաւորումները:...

Մըթրի. «Երէկ Տեղի Ունեցած Խախտումը Մեզ  Կը Հրաւիրէ Որդեգրելու Անհրաժեշտ Իրաւական  Քայլերը` Պահպանելու Համար Պետութեան  Վարկն Ու Անոր Որոշումներուն Յարգումը»

Մըթրի. «Երէկ Տեղի Ունեցած Խախտումը Մեզ Կը Հրաւիրէ Որդեգրելու Անհրաժեշտ Իրաւական Քայլերը` Պահպանելու Համար Պետութեան Վարկն Ու Անոր Որոշումներուն Յարգումը»

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ երէկ Քրայթեմի իր տան մէջ ընդունեց փոխվարչապետ Թարեք Մըթրին, նախարարներ Ղասսան Սալամէն, Շարլ Հաժը, Քամալ Շհատէն, երեսփոխաններ Մարուան Համատէն, Սամի Ժեմայէլը, Իպրահիմ Մնայմնէն, Մարք Տաուը, Ուալիտ Պաարինին, Ֆիրաս Համտանը, Միշել Մուաուատը, Ատիպ Ապտելմասիհը եւ Միշել Տուէյհին, ինչպէս նաեւ արաբական ցեղախումբերու համախմբումի պետ Պատր Ապիտը: Նշենք, որ վարչապետը Ռաուշէի Ժայռի լուսաւորումէն ետք ջնջած էր երէկ նախատեսուած իր բոլոր...

Նեթանիահու. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը  Կը Հրաւիրեմ Իսրայէլի Հետ  Ուղղակի Բանակցութիւններու»

Նեթանիահու. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը Կը Հրաւիրեմ Իսրայէլի Հետ Ուղղակի Բանակցութիւններու»

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի նիստի ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց. «Լիբանանեան կառավարութիւնը կը հրաւիրեմ Իսրայէլի հետ ուղղակի բանակցութիւններու»: «Լիբանանի հետ խաղաղութիւնը կարելի պիտի ըլլայ, եթէ կառավարութիւնը շարունակէ Հըզպալլայի զինաթափման ուղղութեամբ աշխատանքը», պնդեց ան: «Մեր նպատակը միայն Հըզպալլայի գործունէութեան հսկողութիւնը չէ, այլ անոր զինադադարը խախտել արգիլելը», ըսաւ Նեթանիահու` աւելցնելով. «Եթէ լիբանանեան կառավարութիւնը յաջողի Հըզպալլան զինաթափել, ապա մեր...

Թոնի Պլերը` Կազայի  Ժամանակաւոր Կառավարի՞չ

Թոնի Պլերը` Կազայի Ժամանակաւոր Կառավարի՞չ

Սպիտակ տունը առաջարկեց ծրագիր մը, որ կը ներառէ Բրիտանիոյ նախկին վարչապետ Թոնի Պլերի Կազայի մէջ ժամանակաւոր կառավարիչի պաշտօնի ստանձնումը եւ վերահսկումը մարմինի մը, որ ծանօթ է Կազայի փոխանցման միջազգային իշխանութիւն անունով: Այս մասին հաղորդեց «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ»` մէջբերելով ամերիկացի պաշտօնատար մը: Ամերիկեան օրաթերթը հաղորդեց. «Պատերազմին յաջորդող փուլին վերաբերեալ Սպիտակ տան ծրագիրը կը ներառէ արաբական ղեկավարութեամբ ապահովական ուժի կազմութիւնը»: «Նեթանիահու ծրագիրով...

Ռուպիօ. «Յանձնառու Ենք Իր Բազմազանութիւնը  Յարգող, Իրանի Եւ Հըզպալլայի Ազդեցութենէն  Ազատ Լիբանանեան Հզօր Պետութեան Մը  Գոյութեան Երաշխաւորման»

Ռուպիօ. «Յանձնառու Ենք Իր Բազմազանութիւնը Յարգող, Իրանի Եւ Հըզպալլայի Ազդեցութենէն Ազատ Լիբանանեան Հզօր Պետութեան Մը Գոյութեան Երաշխաւորման»

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիօ Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդի անդամ պետութիւններու արտաքին գործոց նախարարներուն հետ ժողովի ընթացքին յայտնեց. «Լաւապէս կը գիտակցինք, թէ Կազայի մէջ կացութիւնը, Իսրայէլի եւ Կազայի միջեւ կացութիւնը այստեղ գտնուող բոլորին համար գլխաւոր մտահոգութիւն է: Մենք կ՛ուզենք, որ այս տագնապը վերջ գտնէ: Կ՛ուզենք, որ անմիջապէս վերջ գտնէ, ինչպէս Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ երէկ ըսաւ. կ՛ուզենք, որ...

Բագրատունի Սէուտական Արաբիոյ 95-րդ  Ազգային Տօնին Առիթով Շնորհաւորեց  Դեսպան Պուխարին

Բագրատունի Սէուտական Արաբիոյ 95-րդ Ազգային Տօնին Առիթով Շնորհաւորեց Դեսպան Պուխարին

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի, ՀՅԴ Բիւրոյին եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքին անունով Սէուտական Արաբիոյ 95-րդ ազգային տօնին առիթով շնորհաւորեց Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարին, թագաւորութեան ու սէուտցի եղբայրական ժողովուրդին մաղթելով յաւելեալ յառաջդիմութիւն ու բարգաւաճում: «Այսօր, Սէուտական Արաբիոյ մէջ եղբայրներուն հետ կը կիսենք հայրենիքի բերկրանքը եւ մեր աչքերուն առջեւ կը բերենք...

Ուիթքոֆ. «Յոյսով Եմ, Եւ Թերեւս Վստահ Եմ,  Որ Յառաջիկայ Օրերուն Կազայի Հարցին  Վերաբերեալ Ելքի Մը Մասին Կը Յայտարարուի»

Ուիթքոֆ. «Յոյսով Եմ, Եւ Թերեւս Վստահ Եմ, Որ Յառաջիկայ Օրերուն Կազայի Հարցին Վերաբերեալ Ելքի Մը Մասին Կը Յայտարարուի»

Միջին Արեւելքի հարցով Միացեալ Նահանգներու նախագահի յատուկ պատուիրակ Սթիւ Ուիթքոֆ նշեց. «Յոյսով եմ, եւ թերեւս վստահ, որ յառաջիկայ օրերուն Կազայի հարցին մէջ ելքի մը մասին կը յայտարարուի»: Ուիթքոֆ յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի Միջին Արեւելքի եւ Կազայի մէջ խաղաղութեան 21 կէտերէ բաղկացած ծրագիրը կարգ մը ղեկավարներու ներկայացուեցաւ: Պատասխանելով Իրանի հետ դիւանագիտական հոլովոյթի մասին հարցումի մը` ան ըսաւ. «Մենք...

«Սուրիոյ Հետ Բանակցութիւնները  Կը Շարունակուին»  Կ՛ըսէ Նեթանիահուի Գրասենեակը

«Սուրիոյ Հետ Բանակցութիւնները Կը Շարունակուին» Կ՛ըսէ Նեթանիահուի Գրասենեակը

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի գրասենեակը հաղորդեց. «Սուրիոյ հետ բանակցութիւնները կը շարունակուին, եւ մեր նպատակը Իսրայէլի շահերը երաշխաւորելն է»: «Բանակցութիւններուն մէջ մեր շահերը կը ներառեն Սուրիոյ հարաւ-արեւմուտքի ապազինումը եւ տիւրզիներու անվտանգութեան պահպանումը», նշեց գրասենեակը: Սուրիոյ հարցով ամերիկացի պատուիրակ Թամըս Պարրաք նախքան այդ յայտնած էր. «Սուրիան եւ Իսրայէլը եզրին կը գտնուին գոյացնելու հանդարտեցման համաձայնութիւն մը, որուն հիմամբ Իսրայէլ իր յարձակումները կը դադրեցնէ,...

Page 71 of 795 1 … 70 71 72 … 795

Արխիւներ