Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Աուն. «Պետութիւնը Պատրաստ Է ՄԱԿ-ի Ամերիկեան Կամ Միջազգային Միացեալ Հովանաւորութեամբ Բանակցելու»

Նոյեմբեր 22, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն երէկ երեկոյեան ժամը 8:00-ին հարաւային Լիբանանէն յղեց Անկախութեան տօնին առիթով ուղերձ մը, որուն մէջ նշեց. «Անկախութեան երթը կը սկսի պետութեան ներկայութեամբ, ոչ թէ անոր բացակայութեամբ, անոր գերիշխանութեամբ, ոչ թէ երկուութեամբ, եւ Լիբանանի հողի իւրաքանչիւր թիզի ազատագրումով»:

Ան անկեղծանալու կոչ ուղղելով նշեց, որ Լիբանանի ծնունդի պահը բացարձակ միաձայնութեան պահ չէր, որովհետեւ ոմանք Լիբանանէն աւելի փոքր եղող պետութեան մասին կը մտածէին` մեկնելով սեփական իւրայատկութեան նկատմամբ կամ հաւաքական ինքնութեան նկատմամբ մտավախութենէն: «Սակայն երկու միաժամանակեայ հիմնական բաներ պատահեցան, առաջինը` լիբանանցիները իրարու հետ աւելի ապրեցան եւ յայտնաբերեցին, որ իրարու աւելի կը նմանին, քան որեւէ օտարի: Երկրորդ` գիտակցեցանք, որ միասնաբար ապրելու գինը նուազ է, քան օտարին մեր հաւատարմութեան կամ որեւէ արեւելեան կամ արեւմտեան պատրանքի մեր միանալը»:

«Մեր անկախութեան կառավարման մէջ սխալեցանք», նշեց նախագահը` աւելցնելով. «Այսօր մեր անկախութիւնը վերանորոգելու մարտահրաւէրին դիմաց կը գտնուինք, մինչ կ՛ապրինք զիրար հակասող տպաւորութիւններու մէջ, որոնք հեռու են իրականութենէն եւ կը հակասեն անկախութեան խորքին»:

«Անկեղծ խօսինք: Այսօր Լիբանանի մէջ շրջանին մէջ արձանագրուող զարգացումներուն նկատմամբ կասկածամիտ եղող ոմանց մօտ գոյութիւն ունի այն տպաւորութիւնը, թէ ոչինչ փոխուած է, ո՛չ մեր մօտ, ո՛չ մեր շուրջ, ո՛չ Պաղեստինի, ո՛չ Սուրիոյ, ո՛չ ալ աշխարհի վրայ: Ատիկա մեծամտութիւն կամ ժխտողականութիւն է` ինքզինք համոզելու համար, թէ կրնայ շարունակել այնպէս, ինչպէս 40 տարիէ ի վեր պետութեան ու անոր հողին վրայ գերիշխանութեան հասկացողութեան աղաւաղում գոյութիւն ունէր:

«Ես ձեզի կ՛ըսեմ, թէ այս վարմունքը իրողութեան հակառակ է, նախ եւ առաջ լիբանանեան կամքին, նախքան շրջանային ու միջազգային պայմաններուն հակասող ըլլալը:

«Միւս կողմէ, կրնայ լիբանանցիներէն ոմանց մօտ հակառակ տպաւորութիւն ըլլալ, թէ տեղի ունեցած երկրաշարժը Լիբանանի մէջ ամբողջ խմբաւորում մը բնաջնջեց, կարծէք լիբանանեան համայնք մը ամբողջութեամբ վերացուեցաւ կամ չքացաւ, կամ կարծէք Ազգային ուխտի եւ պետութեան հաշիւներուն մէջ այլեւս գոյութիւն չունի:

«Ձեզի կ՛ըսեմ, ատիկա այլ մեծամտութիւն մըն է, այլ ժխտողականութիւն մը, որ առաջինէն նուազ վտանգաւոր չէ: Մինչ մենք իբրեւ պետութիւն, եւ ես անձնապէս` իբրեւ այս պետութեան նախագահ կը կեդրոնանանք հայրենիքի եւ ամբողջ ժողովուրդի շահին վրայ, ոչ թէ կողմի մը, կուսակցութեան մը կամ համայնքի մը շահին վրայ»:

«Մենք կանգնած ենք այստեղ` հարաւային Լիբանանի հողին վրայ` ըսելու անոնց, որոնք կը մերժեն ընդունիլ տեղի ունեցածը, կը մերժեն ընդունիլ, թէ ժամանակները փոխուած են, հանգամանքները փոխուած են, Լիբանանը յոգնած է պետութեան բացակայութենէն, որ լիբանանցիները կորսնցուցած են հաւատքը մինի-պետութիւններու նախագիծերու նկատմամբ, որ աշխարհը գրեթէ յոգնած է մեզմէ, եւ որ մենք այլեւս չենք կրնար ապրիլ պետութեան բացակայութեան պայմաններուն մէջ:

«Այստեղ խնդիրը միայն զէնքի մենաշնորհումը եւ խաղաղութեան ու պատերազմի որոշումը չէ, հակառակ անոր որ անոնք շատ անհրաժեշտ են եւ իսկապէս անխուսափելի, այլ աւելին կը պահանջուի` լիբանանցիներու հաւատարմութիւնը սահմանափակել իրենց հայրենիքին, իրենց սահմանադրական եւ իրաւական պատկանելիութիւնը իրենց պետութեան, որպէսզի ատկէ ետք վերականգնենք պետութեան մշակոյթը` իբրեւ կեանքի գործելաոճ եւ վարմունք մեր կեանքի իւրաքանչիւր մանրամասնութեան մէջ եւ մեր հողի իւրաքանչիւր թիզին վրայ», շեշտեց Աուն:

Նախագահը բացատրեց. «Այլեւս անընդունելի է ոտնձգութիւն կատարել հանրային իրաւունքներու, հանրային սեփականութեան, հանրային միջոցներու կամ հանրային տարածքի նկատմամբ: Այս ամէնէն ոչ մէկը ընդունելի է` ո՛չ բացառութեան անունով, ո՛չ անցեալի, ներկայի կամ ապագայի պատրուակով, ո՛չ իշխանութեան փայլով կամ ատոր չափազանցութեամբ, ո՛չ ալ իբրեւ մէկ այլ խումբի կամ շրջանի արձագանգ վատառողջ իրականութեան:

«Այս ամէնը դարձած է անընդունելի իւրաքանչիւր լիբանանցի քաղաքացիի եւ լիբանանեան հողի վրայ բնակող որեւէ բնակիչի համար: Եւ քանի որ ես ասիկա անկեղծօրէն կ՛ըսեմ` մեկնելով ազգային մեծ պատասխանատուութեան դիրքէն, ես այստեղ կանգնած եմ ըսելու «ոչ» նման ժխտողական վիճակին»:

«Ո՛չ, ճիշդ չէ, ո՛չ ալ ընդունելի է այնպէս վարուիլ, թէ լիբանանեան խմբաւորում մը վերացած է, չքացած է կամ պարտուած: Անոնք լիբանանցիներ են, անոնք մեր ժողովուրդն են, երկրի զաւակները, անոնք մեզի հետ կը մնան, եւ մենք կը մնանք անոնց հետ: Ատկէ այլ բան չենք ընդունիր, ո՛չ ալ իրենք կ՛ընդունին: Անոնք զոհաբերում կատարեցին, ջանք թափեցին, արիւն թափեցին եւ նահատակուեցան: Եւ այժմ պէտք է բոլորս իրենց հետ եւ բոլոր լիբանանցիներուն հետ վերադառնանք հայրենիքի գիրկը, պետութեան բացառիկ տանիքի տակ, պետութիւն մը, որ այլ տանիք չունի` առանց մեկնաբանութիւններու կամ բացառութիւններու», ընդգծեց հանրապետութեան նախագահը:

«Պիտի պաշտպանենք Լիբանանը եւ պահպանենք անոր անկախութիւնը, եւ սկսինք անոր ապագայ վերականգնումին», ըսաւ ան:

«Լիբանանեան հարցի երթը առանձին կը կատարենք, մեր սեփական անկախ որոշումով, եւ ատիկա կը նշանակէ մեր հողերու իւրաքանչիւր քառակուսի մեթրէն իսրայէլեան հեռացում եւ մեր գերիներու վերադարձ», յայտնեց Աուն:

«Նոր Սուրիոյ հետ մեր յարաբերութիւնները ճիշդ ուղղութեամբ կը զարգանան, եւ մեր տնտեսութիւնը կ՛առողջանայ», նշեց ան:

«Պետութիւնը պատրաստ է ՄԱԿ-ի, ամերիկեան կամ միջազգային միացեալ հովանաւորութեամբ բանակցելու որեւէ համաձայնութեան շուրջ, որ կ՛ապահովէ յարձակումներուն վերջնական դադրեցման տարազ», յայտնեց հանրապետութեան նախագահը:

«Կ՛ընգծենք, որ լիբանանեան զինեալ ուժերը պատրաստ են ստանձնելու բռնագրաւուած կէտերը, անմիջապէս որ խախտումները դադրին, եւ իսրայէլեան բանակը հեռանայ», յայտարարեց Աուն:

Նախորդը

Նախագահ Աուն Եւ Զօր. Հայքալ Սուրի Մէջ «Պենուա Պարաքաթ» Զօրանոց Այցելեցին

Յաջորդը

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Սրբազան Իրաւունք Է»

RelatedPosts

Խմբագրական.  Անկախութիւն` Լիբանանեան Արտադրութեամբ  Որոշումներով Միայն (Լիբանանի Անկախութեան 82-Ամեակ)
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Անկախութիւն` Լիբանանեան Արտադրութեամբ Որոշումներով Միայն (Լիբանանի Անկախութեան 82-Ամեակ)

Նոյեմբեր 22, 2025
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի  Պատուիրակութիւնը Այցելեց  Հայ Աւետարանական Քոլեճ
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայ Աւետարանական Քոլեճ

Նոյեմբեր 22, 2025
Նախագահ Աուն Եւ Զօր. Հայքալ Սուրի Մէջ  «Պենուա Պարաքաթ» Զօրանոց Այցելեցին
Լիբանանեան

Նախագահ Աուն Եւ Զօր. Հայքալ Սուրի Մէջ «Պենուա Պարաքաթ» Զօրանոց Այցելեցին

Նոյեմբեր 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?