Կիպրոսի նախագահ Նիքոս Խրիսթոտուլիտես երէկ առաւօտեան այցելութիւն տուաւ Պէյրութ: Ան Պաապտայի պալատ այցելելով հանդիպում ունեցաւ հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի հետ եւ Լիբանանի հանրօգուտ շինութեանց ու փոխադրամիջոցներու նախարար Ֆայեզ Ռասամնիի հետ ստորագրեց Լիբանանի եւ Կիպրոսի միջեւ ծովային սահմաններու սահմանագծման համաձայնութիւն մը:
Նախագահ Աուն իր կիպրացի պաշտօնակիցին հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին ողջունեց անոր Լիբանան երկրորդ այցելութիւնը` յիշեցնելով. «Առաջին այցելութիւնը նախագահ ընտրութեանս յաջորդող առաջին օրուան ընթացքին էր, ինչ որ մեր երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու խորքը եւ զայն արտայայտելու մէջ ձեր անկեղծութեան ցուցանիշն է:
«Այսօր ձեզ այստեղ ընդունիլը նշանակալից յաւելեալ իմաստ ունի: Մենք այստեղ կը գտնուինք տօնելու մեր երկիրներուն միջեւ բացառիկ տնտեսական շրջանի սահմանի սահմանագծումը: Ինչ որ Լիբանանին ու Կիպրոսին պիտի արտօնէ իրենց ծովային հարստութիւնները որոնել, նաեւ այս ոլորտին մէջ երկու երկիրներուն միջեւ գործակցութեամբ»:
Նախագահ Աուն Կիպրոսի նախագահին շնորհակալութիւն յայտնեց ներկայ փուլին հասնելու համար անոր թափած ջանքերուն համար:
Խրիսթոտուլիտես իր կարգին նշեց. «Ասիկա ռազմավարական ձեռքբերում է, որուն միջոցով կը յղենք ուժեղ պատգամ մը, թէ Կիպրոսն ու Լիբանանը, հիմնուելով միջազգային օրէնքին վրայ, կը շարունակեն վստահութիւնը ամրապնդելու, շրջանային գործակցութեան ու կայունութեան մէջ ներդրում կատարել»:
«Լիբանանի հետ ծովային սահմանագծման համաձայնութիւնը պատմական է, եւ անհամբեր կը սպասենք ապագային` նկատի ունենալով այն առիթները, որոնք կրնան ընձեռուիլ մեր երկիրներուն», նշեց ան:
«Համաձայնութիւնը կ՛ամրապնդէ Միջին Արեւելքի մէջ ուժանիւթի ոլորտին մէջ գործակցութեան հորիզոնները եւ կ՛արտօնէ, որ մեր շրջանը դէպի Եւրոպա այլընտրանքային ուժանիւթի միջանցք դառնայ», աւելցուց Խրիսթոտուլիտես:
Ան ողջունեց երկխօսութիւնը, «որ սկսանք Կիպրոսի եւ Լիբանանի միջեւ ելեկտրական կապի հաստատման շուրջ, եւ Միջազգային դրամատան պիտի դիմենք առնչակից օգտակար ուսումնասիրութեան պատրաստման համար»:
«Գիտենք մարտահրաւէրները, զորս Լիբանան կը դիմագրաւէ, եւ կ՛ողջունենք նախագահ Աունի երկիրը դէպի աւելի լաւ նոր փուլ առաջնորդելու վճռականութիւնը», յայտնեց Կիպրոսի նախագահը:
«Անհամբեր կը սպասենք բոլոր կողմերուն կողմէ ՖԻՆԻՒԼ-ի վերաբերեալ Ապահովութեան խորհուրդի որոշումներուն ամբողջական գործադրութեան, եւ կայուն ու հզօր Լիբանանը հիմն է Միջին Արեւելքի մը, որ խաղաղութիւն ու անվտանգութիւն կը վայելէ», նշեց ան:
«Լիբանանի եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ հաղորդակցութեան ամրապնդման իբրեւ կողմ մեր դերակատարութիւնը պիտի ամրապնդենք 40 օր ետք` մեր ստանձնելիք Եւրոպական խորհուրդի նախագահութեան ճամբով», աւելցուց Կիպրոսի նախագահը:


