Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի Պէյրութի Հարաւային արուարձաններուն վրայ իսրայէլեան վերջին յարձակումը մեկնաբանելով շեշտեց. «Հարեթ Հրէյքի թիրախաւորման մէջ ամէնէն վտանգաւորը այն է, որ Հարաւային արուարձաններն ու Պէյրութը վերստին վերածուեցան իսրայէլեան թիրախներու, եւ ասիկա չափազանց վտանգաւոր զարգացում է, որ ցոյց կու տայ, թէ թշնամիի որեւէ սանձարձակութեան եւ Լիբանանը թիրախաւորելու շարունակելուն լոյսին տակ, մայրաքաղաքն ու անոր արուարձանները պաշտպանելու իսկական երաշխիքներ չկան»: Ան այս մասին յայտարարեց «Ժումհուրիա» օրաթերթին հետ զրոյցի ընթացքին:
«Նոր յարձակումին բնոյթը յառաջիկայ փուլին իսրայէլեան մագլցումի կշռոյթի բարձրացման եւ ընդլայնման ցուցանիշ է, առանց որ ատոր դիմաց լուրջ միջամտութիւն մը ըլլայ «Մեքանիզմ»-ի յանձնախումբին կողմէ, որ զբաղած է լիբանանեան բանակը հսկելով եւ աչք կը փակէ բռնագրաւման բանակին թշնամական արարքներու դադրեցման համաձայնութեան խախտումներուն նկատմամբ», նշեց ան:
«Թշնամին կ՛օգտուի ներքին փխրուն կացութենէն` իր արարքները շարունակելու եւ լիբանանեան տարակարծութիւնները շահագործելու իր շահերուն համար», զգուշացուց Պըրրի` զարմանք յայտնելով Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի` Հարաւային արուարձաններուն վրայ վերջին յարձակումին վերաբերեալ մեկնաբանութեան նկատմամբ, «երբ մենք առաւելագոյն չափով կարիքը ունինք միասնականութեան, որովհետեւ ներքին միասնականութիւնը իսրայէլեան վտանգին դէմ կարեւորագոյն եւ ամէնէն հզօր զէնքն է»:
«Լիբանանի եւ արտերկրի մէջ կան մարդիկ, որոնք բանակէն զայրացած են, որովհետեւ իր ժողովուրդին հետ բախումի ներքաշուիլը մերժելով ճիշդ որոշում տուաւ, եւ գաղտնիք չէ, որ ոմանք բանակին ու անոր հրամանատարին դէմ հրահրում կը կատարեն ազգային այս առողջ ընտրանքին պատճառով», յայտնեց խորհրդարանի նախագահը:


