Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Լիբանանի Անկախութեան տօնին առիթով հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունին յղած իր շնորհաւորական նամակին մէջ յայտնեց, որ անհամբեր կը սպասէ Միացեալ Նահանգներու եւ Լիբանանի միջեւ գործընկերութիւնը խորացնելու, «մինչ միասնաբար ջանք կը թափենք ապագայ սերունդներուն համար աւելի պայծառ ապագայ մը կառուցելու»:
Լիբանանի նախագահական պալատին կողմէ հրապարակուած` Թրամփի ուղերձին մէջ կը նշուի. «Միացեալ Նահանգներու ժողովուրդին անունով ջերմօրէն կը շնորհաւորեմ ձեզ եւ Լիբանանի ժողովուրդը ձեր երկրի անկախութեան 82-ամեակի առիթով: Այս օրը կը նշէ Լիբանանի հարուստ պատմութիւնը, կենսունակ մշակոյթը եւ անոր ժողովուրդի անսասան ոգին»:
«Լիբանան կը գտնուի պատմական խաչմերուկի վրայ` կարելիութիւն ունենալով Լիբանանին ու անոր ժողովուրդին համար յաւելեալ կայունութիւն եւ տնտեսական բարգաւաճում ունենալու ուղղութեամբ ընթացող ուղի ուրուագծելու: Կ՛ողջունեմ կառավարութեան կողմէ տրուած քաջարի որոշումները», նշեց Սպիտակ տան ղեկավարը:


