Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. Անկախութիւն` Լիբանանեան Արտադրութեամբ Որոշումներով Միայն (Լիբանանի Անկախութեան 82-Ամեակ)

November 22, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Անկախութեան յղացքի գաղափարական պարզաբանումները կը համատեղեն գերիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան հասկացողութիւնները: Անկախութիւնը միայն իրաւական ելակէտով միջազգային ընտանիքին կողմէ իբրեւ առանձին պետական միաւոր ընկալում չէ: Ըստ էութեան ինքնուրոյն որոշումներ կայացնելու, արտաքին քաղաքականութիւն ճշդելու եւ ներքին առումով հասարակութիւնը միեւնոյն ինքնուրոյնութեամբ ղեկավարելու իրողութիւն է:

Այս բոլորը տեսութիւն են անշուշտ ներկայ աշխարհակարգին մէջ: Անկախ որոշումներ կայացնելու չափերը կը փոխուին երկրէ-երկիր, աշխարհագրական միջավայրէ-միջավայր: Որոշ տեղեր, առ երեւոյթ աւելի անկախ կը թուին պետութիւններ, այլ տեղեր ուղղակի ենթակայ այլոց որոշումներուն:

Անկախութիւնը իմաստ կը ստանայ, երբ նախ եւ առաջ անկախ երկրի պետութեան համապատասխան հաստատութիւնները` օրէնսդիր, գործադիր, ոչ թէ արտաքին որոշումներով կ՛ընտրուին, այլ ժողովրդավար հիմունքներով եւ համապատասխան ընտրակարգերով կը դառնան նախագահ, կը նշանակուին վարչապետ եւ կը կազմուին կառավարութիւններ: Անկախութիւնը նաեւ ներքին որոշումներուն կը վերաբերի բացարձակօրէն:

Անկախութիւնը իմաստ կը ստանայ, երբ երկրին զինեալ ուժերը կը յաջողին անսասան պահել երկրին սահմանները եւ ընդհանրապէս կանխարգիլել տարածքային ամբողջականութեան դէմ թշնամիին ոտնձգութիւնները: Տարածքային ամբողջականութիւնը նաեւ օդային եւ ջրային տարածքներուն կը վերաբերի անշուշտ, ցամաքայինին առընթեր:

Անկախութիւնը կը նշանակէ նաեւ այն, որ այո՛, զէնքի մենաշնորհը պիտի ունենայ միայն բանակը: Այդ մենաշնորհումը նպատակ ունի անթափանցելի պահել սահմանները եւ անհպելի` տարածքային ամբողջականութիւնը: Այդ մենաշնորհումը պայման է, որ ուղեկցուի բռնագրաւողին եւ յարձակողին ստանձնած պարտաւորութիւններու կատարումով:

Անկախութիւնը գերիշխան որոշումի իրաւունքի պահպանման կարողականութիւնն է: Լիբանանեան արտադրութեամբ որոշումներ, որոնք պիտի համոզեն քաղաքացին, որ Լիբանանը խաղաթուղթի կարգավիճակէն կը վերափոխուի գործօնի: Գործօն ոչ միայն ներլիբանանեան համայնքներու միջեւ հաւասարակշռուած համակարգը ամրակայելու, այլեւ արտաքին հաւասարակշռուած քաղաքականութիւն կիրարկելու: Ոչ թէ պարտադրուող խաղաղութեան թուղթեր ստորագրելու եւ միակողմանի զիջելու, այլ նաեւ իր բոլոր իրաւունքները վերականգնելով արժանապատիւ դիրքեր գրաւելու:

Անկախութեան իմաստաւորումը կ՛ենթադրէ նաեւ միջազգայնօրէն ճանչցուած իր տարածքներու իրաւունքներու հիման վրայ միայն սահմանազատումներ կատարել: Կ՛ենթադրէ օդային տարածքային ամբողջականութեան որեւէ խախտումի խիստ կանխարգիլում: Կ՛ենթադրէ ծովային տարածքներէն ուժանիւթի որոնման, պեղման եւ արտահանման ամէն կարելիութեան լիարժէք օգտագործում:

Այս բոլորը տեսութեան սահմաններէն դուրս չեն ելլեր, եթէ հեռակառավարման դրութիւնը շարունակէ աշխատիլ Լիբանանի նկատմամբ: Հեռակառավարումի շարժառիթներն ու նպատակները ոչ թէ Լիբանանի անկախութեան պահպանումն են, այլ արտաքին ուժերու շահերու վրայ հիմնուած առեւտուրները:

Լիբանանը կրնայ նոր շրջափուլ թեւակոխել, եթէ վերը նշուած իրողական անկախութեան համար յաջողի ապահովել դէպի գերիշխանութեան հաստատման եւ տարածքային ամբողջականութեան բացարձակ պահպանումի համար երաշխիքները: Ամէնէն առաջ, ինքնուրոյն որոշում կայացնելու իրաւունքի իրականացումը:

Նախորդը

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայ Աւետարանական Քոլեճ

Յաջորդը

Աղեղնաբառ Թիւ 224-ի Լուծում

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում  Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս  Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»

October 26, 2026
Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք  Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»
Գլխաւոր լուրեր

Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»

October 26, 2026
Թրիփոլի Այցելելով.  Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով,  Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի,  Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի  Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրիփոլի Այցելելով. Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով, Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի, Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.