Գլխաւոր լուրեր

Պաքուի Դատարանին Մէջ «Հայաստանի Կողմէ Վարձկաններ Ներգրաւելու Փաստաթուղթեր» Հրապարակուած Են

Պաքուի Դատարանին Մէջ «Հայաստանի Կողմէ Վարձկաններ Ներգրաւելու Փաստաթուղթեր» Հրապարակուած Են

Պաքուի դատարանին մէջ «Հայաստանի կողմէ վարձկաններ ներգրաւելու փաստաթուղթեր» հրապարակուած են Պաքուի դատարանը հայերու դէմ գործի քննութեան շրջանակին մէջ «փաստաթուղթեր» հրապարակած է իբրեւ թէ Հայաստանի կողմէ վարձկաններ ներգրաւելու վերաբերեալ: 24 հոկտեմբեր 2020 թուագրեալ թուղթերէն մէկը, ըստ ազրպէյճանական աղբիւրներու, այն մասին է, որ հայկական կողմը փորձած է արտասահմանցիներ ներգրաւել, կառավարութիւնն ու սփիւռքի կազմակերպութիւնները հայկական համայնքներու անդամներուն յորդորած են անյապաղ միանալու ռազմական գործողութիւններուն: Ազրպէյճանական կողմը զանոնք իբրեւ «զինեալ ահաբեկիչներ» կը ներկայացնէ: Պաքուի հայ գերիներուն նկատմամբ դատավարութիւնները փաստացի բաց չեն. անոնց միջազգային իրաւապաշտպաններ, փաստաբաններ եւ լրագրողներ ներկայ չեն, տեսագրութիւնները կը պատրաստէ միայն պետական «Ազերթաճ»-ը, որուն հաղորդած տեղեկութիւնները ճշդելու կարելիութիւն չկայ:

Ակնարկ.  Ֆրանսայի Կառավարութեան Ճգնաժամի Ետին

Ակնարկ. Ֆրանսայի Կառավարութեան Ճգնաժամի Ետին

Ներֆրանսական իրադարձութիւնները կը խօսին անել վիճակի մասին: Նոյնիսկ խորհրդարանի լուծարումը նախագահին կողմէ եւ նոր ընտրութիւններու կայացումը երաշխիք չեն, որ այնպիսի կառավարութիւն մը կազմուի, որ կարենայ ստանալ խորհրդարանի վստահութեան քուէն: Ներկայ պահուն կը նուազին այն կարելիութիւնները, որոնք կրնան առարկայանալ  այս պայմաններուն մէջ: Խորհրդարանի լուծարում կամ նախագահի հրաժարական: Արանքին, կայ երրորդ կարելիութիւն: Ենթադրեալ համաձայնութիւն դասական ուժերու միջեւ: Հրաժարեալ վարչապետը պատրաստակամութիւն յայտնած է...

Օքամփօ. «ՄԱԿ-ի Աշխատանքային Խումբը  Պէտք Է Անվաւեր Ճանչնայ Ռուբէն Վարդանեանի Վերաբերեալ Իր Կարծիքը` Նախագահողի Ազրպէյճանի Հետ Ունեցած Կապերուն Պատճառով»

Օքամփօ. «ՄԱԿ-ի Աշխատանքային Խումբը Պէտք Է Անվաւեր Ճանչնայ Ռուբէն Վարդանեանի Վերաբերեալ Իր Կարծիքը` Նախագահողի Ազրպէյճանի Հետ Ունեցած Կապերուն Պատճառով»

Միջազգային քրէական դատարանի առաջին դատախազ Լուիս Մորենօ Օքամփօ փորձագիտական կարծիք հրապարակած է ՄԱԿ-ի Անձերու կամայական կալանաւորման հարցերով աշխատանքային խումբի` 17 փետրուար 2025 թուականի թիւ 46/2024 եզրակացութեան վերաբերեալ` բացայայտելով շահերու  բախման այն իրական պատկերը, որ լուրջ կասկածի տակ կը դնէ խումբի եզրակացութեան անաչառութիւնը: Խումբը եզրակացուցած էր, թէ Ռուբէն Վարդանեանի Ազրպէյճանի կողմէ կալանաւորումը կամայական չէր: Օքամփօ իր փորձագիտական կարծիքին մէջ փաստարկուած կը...

Հայաստան-Ազրպէյճան Յարաբերութիւններու Կարգաւորումը Նշուած Է Քառնիի Եւ Թրամփի Բանակցութիւններուն Ընթացքին

Հայաստան-Ազրպէյճան Յարաբերութիւններու Կարգաւորումը Նշուած Է Քառնիի Եւ Թրամփի Բանակցութիւններուն Ընթացքին

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Սպիտակ տան մէջ Քանատայի վարչապետ Մարք Քառնիի հետ նոր հանդիպումի ընթացքին արծարծած է Քանատայի` Միացեալ Նահանգներուն միանալու կարելիութիւնը: Այս մասին կը հաղորդէ ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը: Քառնի յայտնած է, որ Թրամփ ապահոված է «տնտեսութեան փոխակերպումը, ՕԹԱՆ-ի գործընկերներու ռազմական ծախսերու աննախադէպ պարտաւորութիւնները», Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի, ինչպէս նաեւ Հնդկաստանի եւ Փաքիստանի միջեւ կարգաւորումը: Բացի ատկէ, «շատ առումներով կարեւորագոյնն...

Սիսի. «Թրամփը Կը Հրաւիրեմ Եգիպտոս` Ներկայ Գտնուելու Ստորագրութեանը Կազայի Պատերազմին Վերջ Տալու Համաձայնութեան, Եթէ Համաձայնութիւնը Գոյանայ»

Սիսի. «Թրամփը Կը Հրաւիրեմ Եգիպտոս` Ներկայ Գտնուելու Ստորագրութեանը Կազայի Պատերազմին Վերջ Տալու Համաձայնութեան, Եթէ Համաձայնութիւնը Գոյանայ»

Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփը հրաւիրեց Եգիպտոս` ներկայ գտնուելու Կազայի պատերազմին վերջ տալու համաձայնութեան ստորագրման, եթէ անիկա գոյանայ: «Պէտք է առիթը օգտագործել եւ նախանձախնդիր ըլլալ Կազայի պատերազմին վերջ տալու Շարմ Շէյխի բանակցութիւններու յաջողութեան», նշեց Սիսի: Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Ալլա Մուսա «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանին հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Բոլորը ժրաջան աշխատանք կը տանին պատերազմի դադրեցման...

Նախագահ Աուն Ողջունեց Բանակի Ամրապնդման Համար Եւրոպական Միութեան Տրամադրած Աջակցութիւնը

Նախագահ Աուն Ողջունեց Բանակի Ամրապնդման Համար Եւրոպական Միութեան Տրամադրած Աջակցութիւնը

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Ժոզեֆ Աուն երէկ կէսօրէ առաջ Պաապտայի պալատին մէջ ընդունեց Եւրոպական Միութեան արտաքին ծառայութեան խաղաղութեան, անվտանգութեան ու պաշտպանութեան ծառայութեան ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ Շարլ Ֆրին: Նախագահը հանդիպումի ընթացքին յայտնեց, որ Լիբանան կ՛ողջունէ Եւրոպական Միութեան լիբանանեան բանակին եւ ապահովական ուժերուն լիբանանեան բոլոր հողերուն վրայ իրենց իշխանութիւնը տարածման ամրապնդման համար տրամադրած աջակցութիւնը: Ան կոչ ուղղեց, որ Եւրոպական Միութիւնը մասնակցի յառաջիկայ մայիսին...

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայ Աւետարանական Շամլեան-Թաթիկեան Վարժարան

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայ Աւետարանական Շամլեան-Թաթիկեան Վարժարան

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն նախաձեռնած է լիբանանահայ գաղութին մէջ գործող տարբեր հաստատութիւններու այցելութիւններու` նպատակ ունենալով մօտէն ծանօթանալ անոնց տարած գործունէութեան, տրամադրած ծառայութիւններուն եւ դիմագրաւած դժուարութիւններուն: Այս ծիրին մէջ, երեքշաբթի, 7 հոկտեմբեր 2025-ին, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Ալպեր Պալապանեանի, այցելեց Հայ աւետարանական Շամլեան-Թաթիկեան վարժարան եւ հանդիպում մը ունեցաւ վարժարանի տնօրէն Գայեանէ Մսըրլեանի եւՄերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան կեդրոնական մարմինի ատենապետ վերապատուելի Րաֆֆի Մսըրլեանի հետ: Պատուիրակութեան մաս կազմեցին նաեւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամներ` նախկին նախարար Աւետիս Կիտանեան եւ Արամ...

Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի Ցաւակցական Գրառումը` Նախկին Նախարար Զօր. Փանոս Մանճեանի Մահուան Առիթով

Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի Ցաւակցական Գրառումը` Նախկին Նախարար Զօր. Փանոս Մանճեանի Մահուան Առիթով

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու, Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի երէկ նախկին նախարար զօր. Փանոս Մանճեանի մահուան առիթով Դիմատետրի իր էջին վրայ կատարեց հետեւեալ գրառումը. «Հայկական երեսփոխանական պլոքին անունով մեծ ցաւով կը գուժենք մահը նախկին նախարար զօր. Փանոս Մանճեանի. անոր, որ լիբանանեան բանակի կառոյցին, լիբանանեան քաղաքական կեանքին եւ հայ հասարակութեան մէջ իր պարկեշտութեամբ եւ հասարակաց շահին համար իր...

Թրամփ. «Համաս Չափազանց Կարեւոր Հարցերու Համաձայնեցաւ, Եւ Իրան Մեզի Ուժեղ Ցուցանիշ Տուաւ, Թէ Կազայի Մէջ Համաձայնութիւն Կ՛ուզէ»

Թրամփ. «Համաս Չափազանց Կարեւոր Հարցերու Համաձայնեցաւ, Եւ Իրան Մեզի Ուժեղ Ցուցանիշ Տուաւ, Թէ Կազայի Մէջ Համաձայնութիւն Կ՛ուզէ»

Մինչ Եգիպտոս Կազայի պատերազմին վերջ տալու համար Իսրայէլի եւ պաղեստինեան Համաս շարժումին միջեւ անուղղակի բանակցութիւններ կը հիւրընկալէ, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտնեց, որ Համաս «չափազանց կարեւոր հարցերու համաձայն գտնուեցաւ»: Պատասխանելով Եգիպտոսի մէջ բանակցութիւններու ընթացքին մասին հարցումի մը` Թրամփ ըսաւ. «Կը կարծեմ, որ հարցերը լաւ կ՛ընթանան, եւ կը կարծեմ, որ Համաս չափազանց կարեւոր հարցերու համաձայն գտնուեցաւ»: Սպիտակ տան ղեկավարը նաեւ...

Հալէպի Շէյխ Մաքսուտ Եւ Աշրաֆիէ Թաղամասերուն Մերձակայքին Մէջ Սուրիական Անվտանգութեան Ուժերու Եւ Քիւրտերու Միջեւ Բուռն Բախումներ

Հալէպի Շէյխ Մաքսուտ Եւ Աշրաֆիէ Թաղամասերուն Մերձակայքին Մէջ Սուրիական Անվտանգութեան Ուժերու Եւ Քիւրտերու Միջեւ Բուռն Բախումներ

Երկուշաբթի գիշեր Հալէպ քաղաքի Շէյխ Մաքսուտ եւ Աշրաֆիէ թաղամասերու մերձակայքին մէջ Սուրիոյ ապահովական ուժերուն եւ քրտական ղեկավարութեամբ Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերուն միջեւ բուռն բախումներ տեղի ունեցան: ՍԱՆԱ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ քրտական ղեկավարութեամբ ուժերը երկուշաբթի գիշեր Շէյխ Մաքսուտ թաղամասին մերձակայքին մէջ գտնուող անցարգելները թիրախաւորած են, այդ պատճառով ալ ներքին ապահովութեան ուժերէն արձանագրուած է զոհ մը եւ 4 վիրաւորներ: Հալէպէն զինուորական աղբիւր...

Հայաստանն Ու Միացեալ Նահանգները Պիտի Հիմնադրեն Միացեալ Ընկերակցութիւն` Թրիփփ Նախագիծի Իրագործման Համար

Հայաստանն Ու Միացեալ Նահանգները Պիտի Հիմնադրեն Միացեալ Ընկերակցութիւն` Թրիփփ Նախագիծի Իրագործման Համար

Հայաստանն ու Միացեալ Նահանգները կը պատրաստուին ստեղծելու միացեալ ընկերակցութիւն` ԹՐԻՓՓ նախաձեռնութիւնը կեանքի կոչելու նպատակով: Այս մասին յայտարարած է Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան: Անոր համաձայն, նորաստեղծ ընկերակցութիւնը պիտի դառնայ «Թրամփի երթուղի»-ի կառուցման եւ շահագործման հիմնական կողմը, ինչպէս նաեւ պիտի կարողանայ ներգրաւել երրորդ կողմեր` երկաթուղային, խողովակաշարային եւ ելեկտրահաղորդման համակարգերու կառուցման ու սպասարկման աշխատանքներուն մէջ: «Մենք արդէն սկսած ենք քննարկումները...

ՀՅԴ Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարան Եւ «Գարակէօզեան» Հաստատութիւն

ՀՅԴ Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարան Եւ «Գարակէօզեան» Հաստատութիւն

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն նախաձեռնած է լիբանանահայ գաղութին մէջ գործող տարբեր հաստատութիւններու այցելութիւններու` նպատակ ունենալով մօտէն ծանօթանալ անոնց տարած գործունէութեան, տրամադրած ծառայութիւններուն եւ դիմագրաւած դժուարութիւններուն: Արդարեւ, Կեդրոնական կոմիտէն ներկայացնող պատուիրակութիւններ յառաջիկայ օրերուն եւ շաբաթներուն պիտի այցելեն գաղութին մէջ նշեալ հաստատութիւնները եւ հանդիպում ունենան անոնց տնօրէնութիւններուն, խնամակալութիւններուն եւ պաշտօնէութեան հետ: Այս ծիրին մէջ, երկուշաբթի, 6 հոկտեմբեր 2025-ին, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի...

Թրամփ. «Համասի Հետ Բանակցութիւնները Չափազանց Յաջող Էին Եւ Արագօրէն Յառաջ Կ՛ընթանան»

Թրամփ. «Համասի Հետ Բանակցութիւնները Չափազանց Յաջող Էին Եւ Արագօրէն Յառաջ Կ՛ընթանան»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարեց. «Կազայի պատերազմին վերջ տալու շուրջ բանակցութիւնները յաջող են եւ արագօրէն յառաջ կ՛ընթանան»: «Շաբաթավերջի ընթացքին Համասի եւ աշխարհի վրայ պետութիւններու հետ գերիներու ազատ արձակման եւ Կազայի պատերազմին վերջ տալու վերաբերեալ չափազանց դրական քննարկումներ կատարուեցան», նշեց Թրամփ: «Համասի հետ բանակցութիւնները չափազանց յաջող էին եւ արագօրէն յառաջ կ՛ընթանան», ըսաւ Սպիտակ տան ղեկավարը: «Թեքնիք յանձնախումբերը այսօր Եգիպտոսի մէջ...

Թեհրան. «Կը Զօրակցինք Պաղեստինցիներուն Որդեգրած Որեւէ Որոշումի, Որ Ցեղասպանութեան Դադրեցման Եւ Իսրայէլեան Ուժերու Կազայէն Հեռացման Կը Յանգեցնէ»

Թեհրան. «Կը Զօրակցինք Պաղեստինցիներուն Որդեգրած Որեւէ Որոշումի, Որ Ցեղասպանութեան Դադրեցման Եւ Իսրայէլեան Ուժերու Կազայէն Հեռացման Կը Յանգեցնէ»

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յիշեցուց «1948 թուականի ցեղասպանութեան կանխարգիլման եւ պատժման ՄԱԿ-ի համաձայնագիրին հիմամբ միջազգային ընտանիքին իրաւական ու բարոյական պարտաւորութիւնը ընդդէմ Կազայի մէջ շարունակուող ցեղասպանութեան, ինչպէս նաեւ անջատաբար իւրաքանչիւր պետութեան պատասխանատուութիւնը` զօրակցելու պաղեստինցի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքի իրականացման համար արդար ու օրինական պայքարին»: «Իրան աջակցեցաւ որեւէ նախաձեռնութեան, որ կը յանգեցնէ Կազայի մէջ ցեղային մաքրագործման, պատերազմական ոճիրներու ու մարդկութեան...

Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Կ՛ողջունէ Թրամփի Յանձնառութիւնը Արցախի Նկատմամբ

Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Կ՛ողջունէ Թրամփի Յանձնառութիւնը Արցախի Նկատմամբ

Քոնկրեսի հայկական խմբակցութեան ամիսներու շարունակական ճնշման եւ անդադար ամերիկահայութեան պաշտպանութեան ի պատասխան` Թրամփ-Վենսի վարչակազմը անցեալ շաբաթ աննախադէպ քայլով յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգները աշխուժօրէն կը խրախուսեն ինչպէս Երեւանը, այնպէս ալ Պաքուն ապահովելու «ազգութեամբ հայերու վերադարձը Լեռնային Ղարաբաղ», կը հաղորդէ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը: 25 սեպտեմբեր 2025-ի նամակին մէջ, որ կը ձեւակերպէ այս նոր յայտարարուած Թրամփ-Վենսի քաղաքականութիւնը եւ որ ստորագրուած է արտաքին...

Նախարարաց Խորհուրդը Որոշեց «Ռիսալաթ»-ի Աշխատանքը Մինչեւ Հետաքննութեան Աւարտը Առկախել

Նախարարաց Խորհուրդը Որոշեց «Ռիսալաթ»-ի Աշխատանքը Մինչեւ Հետաքննութեան Աւարտը Առկախել

Նախարարաց խորհուրդը երէկ Պաապտայի պալատին մէջ գումարեց իր նիստը, որուն աւարտին տեղեկատուութեան նախարար, կառավարութեան բանբեր Փոլ Մըրքոս յայտնեց, որ նախագահ Ժոզեֆ Աուն ժողովի ընթացքին անդրադարձած է կենցաղային թղթածրարներուն եւ հանրօգուտ շինութիւններու նախարարութենէն խնդրած է իր ջանքը թափել խուսափելու համար առաջին անձրեւի հետեւանքով ամէն տարի պատահածէն, իսկ զբօսաշրջութեան նախարարութենէն խնդրած է պատրաստուիլ տօնական օրերուն: Նախարարը նշեց, որ նախագահ Աունի Նիւ Եորք...

Ակնարկ.   Կրճատուած Գործողութիւններ

Ակնարկ. Կրճատուած Գործողութիւններ

Կազայի համաձայնութեան մասին իրերայաջորդ երեք լուրեր հետագայ ընթացքին մասին որոշ պատկերացումներ կը սկսին փոխանցել: Իսրայէլի վարչապետի գրասենեակը նախ հաղորդեց, որ կը պատրաստուի անմիջապէս գործադրել Թրամփի ծրագիրը: Ապա բանակը ցուցմունք ստացաւ  կրճատելու Կազայի մէջ յարձակողական գործողութիւնները: Մինչ Համասի ղեկավարական շրջանակներէն հնչեց այն միտքը, որ Համաս Թրամփի ծրագիրին համաձայնութիւն տուած է, սակայն անոր գործադրութիւնը բանակցութիւններ կ՛ենթադրէ: Իսրայէլին վերագրուած լուրերու բաժինին մէջ կայ...

Համաս Ընդունեց Կազայի Վերաբերեալ Թրամփի Ծրագիրը

Համաս Ընդունեց Կազայի Վերաբերեալ Թրամփի Ծրագիրը

Համաս յայտարարեց, որ յարձակումն ու Կազայի բնակչութեան դէմ ցեղասպանական պատերազմը դադրեցնելու նախանձախնդրութենէն, ազգային պատասխանատուութենէն եւ պաղեստինցի ժողովուրդի սկզբունքներուն, իրաւունքներուն եւ գերագոյն շահերուն նկատմամբ պատասխանատուութենէն մղուած խորհրդակցութիւններ կատարած է պաղեստինեան տարբեր խմբաւորումներու, միջնորդ ու բարեկամ երկիրներու հետ` Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի Կազայի վերաբերեալ ծրագիրին նկատմամբ պատասխանատու դիրքորոշում գոյացնելու համար: Պաղեստինեան շարժումը նշեց, որ խոր ուսումնասիրութենէ ետք տուած է իր որոշումը...

Սուրիոյ Մէջ Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

Սուրիոյ Մէջ Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

Երէկ Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցան սուրիական նախկին վարչակարգի տապալումէն ետք առաջին խորհրդարանական ընտրութիւնները։ «Ժազիրա» կը հաղորդէ, որ նշանակալից թեկնածուներէն էին երեսը շղարշով փակած տիկին մը, ինչ որ նախապէս անկարելի էր, ինչպէս նաեւ սուրիացի հրեայ մը՝ Հանրի Համրան, որ 1990-ական թուականներուն Սուրիայէն հեռացած վերջին ռաբիին զաւակն է։ Ան այդպիսով շուրջ 70 տարիէ ի վեր առաջին հրեայ թեկնածուն է։ Սուրիոյ նախագահ ԱՀմետ...

Շէյխ Քասեմ Ընտրութիւններուն Մէջ Արդար Ներկայացուցչութեան Կոչ Ուղղեց

Շէյխ Քասեմ Ընտրութիւններուն Մէջ Արդար Ներկայացուցչութեան Կոչ Ուղղեց

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար շէյխ Նայիմ Քասեմ Հըզպալլայի ղեկավարներէն շէյխ Նեպիլ Քաուքի եւ Սուհէյլ Հիւսէյնի ահաբեկման միամեակին առիթով շաբաթ օր պատկերասփռուած ուղերձի ընթացքին շեշտեց. «Իսրայէլ աշխատանք կը տանի Մեծն Իսրայէլի ծրագիրին վրայ, Ամերիկան անոր ամբողջովին կ՛աջակցի, եւ որեւէ նահանջ մարտավարական է` սպասելով աւելի լաւ պայմաններու»: «Այն, ինչ որ Կազայի մէջ կը տեսնենք, Մեծն Իսրայէլի ծրագիրին ծիրին մէջ է», ըսաւ ան` աւելցնելով,...

Page 69 of 795 1 … 68 69 70 … 795

Արխիւներ