Իսրայէլեան օդուժը կիրակի կէսօրէ ետք յարձակում գործեց Պէյրութի Հարաւային արուարձաններուն վրայ` հարուածելով Հարեթ Հրէյքի մէջ բնակելի շէնք մը: Յարձակումին թիրախը Հըզպալլայի սպայակոյտի պետ Ալի Թապաթապաին էր, որ մահացաւ: Յարձակումը պատճառեց 5 զոհ եւ 20 վիրաւոր:
Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Իսրայէլ Քաց յայտարարեց. «Պիտի շարունակենք Լիբանանի վերաբերեալ համաձայնութիւնը ուժով կիրարկել»:
Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի իր կարգին յայտարարեց. «Հըզպալլային պիտի չարտօնենք, որ անգամ մը եւս Իսրայէլին վտանգ ներկայացնէ, եւ Լիբանանի կառավարութենէն կը սպասեմ, որ իր յանձնառութիւնները գործադրէ»:
«Լիբանանեան կառավարութենէն կը սպասենք, որ Հըզպալլան զինաթափէ», աւելցուց ան:
«Վնասազերծեցինք Հըզպալլայի մէջ մեծ հրամանատար Հայսամ Թապաթապաին», նշեց ան:
Իսրայէլեան «Իսրայէլ Հայոմ» օրաթերթը հաղորդեց, որ Թել Աւիւ Պէյրութի մէջ իր յարձակումին մասին նախապէս տեղեակ պահած է Ուաշինկթընը` ըլլայ այդ քաղաքական կամ ապահովական-զինուորական մակարդակներու վրայ:
Իսրայէլեան աղբիւր մըն ալ իսրայէլեան «Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթին յայտնեց, որ Հարաւային արուարձաններուն վրայ յարձակումը համակարգուած է Միացեալ Նահանգներուն հետ, որոնք կ՛ընդդիմանային Պէյրութի մէջ որեւէ գործողութեան:
Ամերիկացի բարձրաստիճան պաշտօնատար մը, սակայն, ամերիկեան «Աքսիոս» կայքին յայտնեց. «Իսրայէլ մեզի Հարաւային արուարձաններուն վրայ յարձակումին մասին նախապէս տեղեակ չպահեց, այլ` տեղի ունենալէն անմիջապէս ետք»:
«Օրերէ ի վեր տեղեակ էինք, թէ Իսրայէլ Լիբանանի մէջ մագլցում կը ծրագրէ, սակայն հարուածին թայմինկին մասին տեղեակ չէինք», նշեց աղբիւրը:


