ԺԱԳ ՅԱԿՈԲԵԱՆ
5-րդ տարին ըլլալով այս տարի սփիւռքի նախարարութեան եւ Երեւանի պետական համալսարանին միջեւ համագործակցութեան ծիրին մէջ տեղի կ՛ունենայ «Սփիւռք» ամառնային դպրոցը: Անցնող 5 տարիներուն «Ազդակ» իր աշխուժ մասնակցութիւնը բերաւ այս ծրագիրին` իր երիտասարդ աշխատակիցներուն միջոցով: Ժամանակի հեռաւորութենէն նայելով, անոնք յետադարձ հայեացքով կը վերյիշեն «Սփիւռք» ամառնային դպրոցին մէջ իրենց անցուցած պահերը` իրենց տեսակէտները արտայայտելով դպրոցին մասին:
Հրայր Եսայեան «Ազդակ»-ի արդէն հայրենաբնակ աշխատակիցն է, հայագիտութիւն կ՛ուսանի Երեւանի պետական համալսարանին մէջ: Եսայեանի կարծիքով` ընդհանուր առմամբ «Սփիւռք» ամառնային դպրոցը դրական փորձառութիւն եղած է իրեն համար` իր թերութիւններով հանդերձ: «Քանի մը հանդիպում բաւական շահեկան գտայ: Օրինակ` Արծրուն Յովհաննիսեանին, Վերա Սիսեռեանին հետ հանդիպումները: Այցելութիւններն ալ բան մը աւելցուցին տեղեկութիւններուս վրայ: Նոր մարդոց ծանօթութիւնը հարստացուց զիս», կ՛ըսէ Հրայր Եսայեան` իրեն հետ իմ կատարած առցանց զրոյցին ընթացքին:
«Իրանէն, Սուրիայէն, Ուքրանիայէն եւ Ռուսիայէն բարեկամներ ունիմ այսօր` շնորհիւ «Սփիւռք» ամառնային դպրոցին: Իրարմէ շատ բաներ սորվեցանք: ԱՊՀ-ի երկիրներէն մասնակիցներուն թիւով գերիշխող ըլլալը` այս ծրագիրին մէջ, յստակ էր: Սփիւռք ըսելով մենք առաւելաբար դասական սփիւռք, արեւմտահայ սփիւռք կը հասկնանք: Ինչեւէ, հիասթափելով հանդերձ այս կէտէն, ռուսական աշխարհի հայերը եւ Մերձաւոր Արեւելքի հայերս իրարմէ շատ բաներ սորվեցանք` շնորհիւ այս ծրագիրին: Ազգային ժողով այցելելն ալ մեծ բախտաւորութիւն էր», կ՛ըսէ հայրենաբնակ երիտասարդ ուսանողը:
Բաւական իւրայատուկ էր «Ազդակ»-ի կողմէ դպրոցի առաջին մասնակիցին` Արազ Գոճայեանի տեսակէտը: Արազը մարդաբանութեան ուսանող է Պէյրութի ամերիկեան համալսարանին մէջ: Անկէ բացի, ան նաեւ հայագիտութիւն ուսանած է Հայկազեան համալսարանին մէջ:
Արազ Գոճայեան կ՛ըսէ. «Կարծեմ հիմնականօրէն ընկերներս մնացին ինծի այս ծրագիրէն: Այն խումբին, որուն ծանօթացայ, անշուշտ ոչ բոլորին հետ, բայց երիտասարդ լրագրողներու հետ մտերիմներ դարձանք, եւ մինչեւ այսօր, երբ իրենց բնակած երկիրը երթանք, գիտենք, որ տուն-տեղ ունինք այդտեղ, այսինքն` երբ ես Ջաւախք գացի, Միասնիկին եւ Աղունիքին քով գացի, կամ երբ Նարեկն ու Նարինէն Լիբանան եկան, չզլացայ ցոյց տալու իմ սփիւռքս, Պուրճ Համուտս եւ այլն: Եւ ասիկա մեծագոյն հարստութիւնն է, զոր ծրագիր մը կրնայ պարգեւել մէկու մը: Ասիկա` ընկերային գետնի վրայ»:
«Արհեստավարժական գետնի վրայ տպաւորիչ էին մեր տուած այցելութիւնները Հայաստանի հանրային հեռուստաընկերութիւն, «Նոյեան Տապան» լրատուական գործակալութիւն, Երեւանի պետական համալսարանի նախագահին, ատկէ բացի անոնց հետ մեր ունեցած քննարկումները շատ շահաբեր էին, գոնէ ինծի համար` իբրեւ երիտասարդ լրագրող, որ տակաւին մատղաշ էի այն ժամանակ: Այլ տեղեր ալ գացինք, մէկ-մէկ չեմ յիշեր: Նաեւ շահեկան էին դասախօսներուն ճամբով փոխանցուած գիտելիքները: Պտոյտները եւս աղուոր էին: Անգամ մը Տաթեւ գացինք, եւ տիկին Նուէր Նալբանդեանը մեզի համար լաւաշ հաց, լոլիկ, վարունգ եւ պանիր բերեր էր իր տունէն, որպէսզի ճամբան ուտենք: Հաւանաբար սփիւռքի նախարարութիւնը պիւտճէ չունէր մեզի համար, ատոր համար ալ Տաթեւ տանող մարդատարը ճամբուն կողքին կանգ առաւ ու խոտերուն վրայ պանիր-լաւաշ կերանք® Լաւ օրեր էին ամէն պարագայի», կը նշէ Արազ Գոճայեան:
«Ազդակ»-ի կողմէ «Սփիւռք» ամառնային դպրոցին մասնակցած երրորդ երիտասարդ լրագրողը, որ հետս առցանց զրոյց ունեցաւ իր տպաւորութիւններուն մասին, Նարէ Գալեմքէրեանն էր: Նարէն թարգմանութիւն ուսանած է: Մէջբերումներ կը կատարեմ դպրոցին մասին երիտասարդ լրագրողին տպաւորութիւններէն: Նարէ Գալեմքէրեան կը գրէ. «Վստահ եմ, որ ամէն հայու համար անսահման ուրախութիւն է առիթը ունենալ այցելելու իր հարազատ հայրենիքը, շնչելու դրախտավայրի բուրմունքը, հարազատ աչքերով վայելելու Արարատի վեհութիւնը եւ խմելու քաղցրահամ ջուրը: Ես այդ զգացումները ապրեցայ, երբ ինծի փոխանցուեցաւ, թէ պիտի մասնակցիմ «Սփիւռք» ամառնային դպրոցի լրագրողներու վերապատրաստութեան դասընթացքին:
«Ես բախտաւորութիւնը ունեցայ մասնակից դառնալու Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան եւ Երեւանի պետական համալսարանին կազմակերպած սփիւռքի լրագրողներու վերապատրաստման դասընթացքին, որ տարբեր իմաստներով դրական ազդեցութիւն ունեցաւ վրաս: «Առաջին հերթին գնահատելի էր լրագրողներուն մատուցուած դասախօսութիւններու նիւթերուն ընտրութիւնը` հայ-թրքական յարաբերութիւնները ներկայ հանգրուանին, հայ-ազրպէյճանական յարաբերութիւններ եւ Ցեղասպանագիտութիւն: Այս նիւթերը ներկայացնող վաւերական անձնաւորութիւններն ալ մեծ ներդրում ունեցան այս դասընթացքին յաջողութեան մէջ: Այս դասախօսութիւններուն շարքը մեր կողմէ հաճոյքով ընկալուեցաւ, ո՛չ միայն որովհետեւ ընտրուած թեմաները հետաքրքրական ու օգտաշատ էին, այլ նաեւ հայրենիքի մէջ անոնք տարբեր եւ քաղցր համ տուին մեզի համար:
«Դասախօսութիւնները պարզապէս զեկուցումներ չէին, այլ նաեւ քննարկումներ եւ կարծիքներու փոխանակում` դասախօսին եւ լրագրողներուն միջեւ, որոնք սփիւռքի տարբեր գաղութներուն մէջ ծնած ու հասակ նետած ըլլալով` իրենց հետ բերած էին կենցաղային սովորութիւններ, մտածումներ, մշակութային յատկութիւններ: Հաճելի եւ հետաքրքրական էր ծանօթանալ ու բաժնեկցիլ տարբեր երկիրներէ ժամանած հայ լրագրողներուն գաղափարներուն եւ մտածումներուն` տարբեր նիւթերու վերաբերեալ: Մեծամասնութեան մօտ տիրական կերպով նկատելի էր հայրենասիրութեան, ազգային ինքնութեան եւ պատկանելիութեան զգացումը», կը նշէ Նարէ Գալեմքէրեան:
Իսկ ահաւասիկ «Սփիւռք» ամառնային դասընթացքի 2013 թուականի մասնակից, «Ազդակ»-ի «Հայրենի կեանք» էջը պատրաստող Մարինա Համամճեան իր տպաւորութիւններուն ընդմէջէն կը ներկայացնէ իր ակնկալիքները «Սփիւռք» ամառնային դպրոցէն: Ակնկալիքներ, որոնք դպրոցի ստեղծման 5-ամեակին մասամբ իրականացած են: Ան կը գրէ. «Յառաջիկային համար նախընտրելի պիտի ըլլայ, որ լրագրողներուս ծրագիրը ըլլար ամբողջութեամբ անջատ եւ աւելի մասնագիտական ու գործնական: Կայ այլ անհրաժեշտ պարագայ մը` համակարգիչի եւ համացանցի պակասը, որ մեծ դժուարութիւն կը ստեղծէր մեր լրատուամիջոցներուն հետ կապի մէջ մտնելու իմաստով: Շատ աւելի ամբողջական եւ գործնական պիտի ըլլար, եթէ կարենայինք այցելել զանազան լրատուամիջոցներ, խորհրդարան, հանդիպէինք վարչապետին եւ կարենայինք լուսաբանուիլ մեզ յուզող եւ հետաքրքրող հարցերով` իբրեւ լրագրողներ: Որքան որ օգտուեցանք այս ծրագիրէն, այնքան ալ կային ակնկալութիւններ, որոնց իրականացման պարագային մեր դասընթացքը պիտի ըլլար աւելի ամբողջական, մեր փորձառութիւնը պիտի ըլլար աւելի հարուստ, բայց եւ այնպէս այս ծրագիրով մեր ստացածն ու ապրածը մեծ դեր ու իմաստ պիտի ունենան մեզի համար թէ՛ իբրեւ հայ մարդ, եւ թէ իբրեւ լրագրող»:
5 տարիներ անցած են արդէն սփիւռքը հայրենիքին կապող այս մեծ ծրագիրին սկզբնաւորութենէն, եւ այս առիթով պարզապէս արժէր յետադարձ հայեացք մը նետել անցած ճամբուն վրայ` նոյնինքն անոր մասնակիցներուն միջոցով: Սակայն բացի այս բոլոր կարծիքներէն, պէտք է նաեւ անձնական տպաւորութիւնս արձանագրեմ «Սփիւռք» ամառնային դպրոցին մասին: Ինչ որ գետնին վրայ յստակօրէն կ՛երեւի այն է, որ 5-րդ տարուան ընթացքին այս ծրագիրը որակական նոր բարձունք մը նուաճած է, մասնաւորապէս լրագրողներու վերապատրաստման ծրագիրի մակարդակին վրայ: Դասերը դարձած են աւելի մասնագիտացած, պայմանաւորուած այն հանգամանքով, որ անոնք տեղի կ՛ունենան Երեւանի պետական համալսարանի Հայագիտական հետազօտութիւններու հիմնարկին մէջ, որուն փոխտնօրէնը` պատմական գիտութիւններու թեկնածու Մհեր Յովհաննիսեան, կը ղեկավարէ դպրոցին կազմակերպչական եւ կրթական ամբողջ ընթացքը: Համոզուած եմ անձնապէս, որ այս ծրագիրը իր իւրայատուկ ներդրումը պիտի ունենայ հայրենիք-սփիւռք հետագայ գործակցութեան մէջ:
ԵՐԵՒԱՆ
12 յուլիս 2016