Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թուրքիոյ Մէջ Զինուորական Յեղաշրջումի Փորձը

Յուլիս 16, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

54daf7d040f7d8f80c2f8a47e4f08b39

Երէկ գիշեր ժամը 11:00-ին Պոլսոյ մէջ տիրեց արտակարգ դրութիւն:

Հաղորդուեցան Պոլսոյ եւ Անգարայի մէջ լսուող կրակոցներու մասին, որոնց յաջորդեց Պոսֆորի կամուրջի փակման լուրը:

Այս իրավիճակին առաջին արձագանգողը եղաւ Թուրքիոյ վարչապետ Պըն Ալի Եըլտըրըմը, որ յայտնեց, թէ Թուրքիոյ մէջ կը կատարուի զինուորական գործողութիւն մը, առանց ընդհանուր հրամանատարութեան արտօնութեան` աւելցնելով, որ տեղի ունեցածը կարելի չէ յեղաշրջումի փորձ մը նկատել:

Եըլտըրըմի համաձայն, բանակին մէջ անհնազանդութեան փորձ մը կատարուած է, սակայն անիկա հակակշիռի տակ պիտի առնուի:

Աւելի ուշ Եըլտըրըմ դատապարտեց թրքական բանակի զօրամասի մը կողմէ կատարուած յեղաշրջումի փորձը`  աւելցնելով. «Զինուորական յեղաշրջումին պատասխանատուները իրենց արարքին գինը սուղ պիտի վճարեն»:

Մինչ այդ թրքական լրատուամիջոցները  հաղորդեցին, որ, ի տես Թուրքիոյ մէջ գործադրուող զինուորական յեղաշրջումի փորձին, Անգարայի սպայակոյտի կեդրոնին շուրջ ապահովական գօտի մը հաստատուեցաւ:

Անոնք աւելցուցին, որ իսլամական կրօնական ղեկավար Ֆեթհիւլլա Կիւլենի հետեւորդ սպաներ կը փորձեն Անգարայի մէջ զինուորական յեղաշրջում կատարել:

Քիչ անց Պոլսոյ «Աթաթուրք» օդակայանը շրջափակուեցաւ հրասայլերով. հաղորդուեցաւ, որ օդակայանը փակ է, իսկ թրքական օդուժը ցած մակարդակի վրայ թռիչքներ կը կատարէ Պոլսոյ վերեւ:

Պոլսոյ «Աթաթուրք» օդակայանէն կամ դէպի Թուրքիա բոլոր թռիչքները ջնջուեցան:

_90414011_034085604-1

Նոյն ատեն Թուրքիոյ մէջ Թուիթըրի եւ Դիմատետրի ծառայութիւնները կասեցուեցան:

Թրքական բանակը հաղորդագրութեամբ մը յայտարարեց, թէ ստանձնած է իշխանութիւնը, եւ ատիկա կը ծառայէ պաշտպանելու մարդկային իրաւունքները եւ պարտադրելու կարգ ու կանոն:

Մինչ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի մասին յայտարարուեցաւ, թէ ան նախագահական պալատէն դուրս բերուած եւ փոխադրուած է  ապահով վայր, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու յայտարարեց. «Մենք տէրն ենք ժողովրդավար իշխանութեան, եւ մեզ ոչ ոք կրնայ հեռացնել»:

Միւս կողմէ, թրքական բանակը իր հակակշիռին տակ առաւ պատկերասփիւռի պաշտօնական կայանը, ուրկէ յղեց իր առաջին հաղորդագրութիւնը` հաստատելով, որ ամէնէն մօտիկ ապագային թրքական նոր սահմանադրութիւն մը պիտի մշակէ: Բանակը նշեց նաեւ, որ թրքական արտաքին քաղաքականութիւնը նոյն ձեւով պիտի շարունակուի:

79e9e1895647dfb09398edb3f80596ac

Նոյն պահուն թրքական պատկերասփիւռի պետական կայանը կրակմարի դրութիւն յայտարարեց, սակայն կարճ ժամանակ ետք անիկա խզուեցաւ, որովհետեւ ժողովուրդը ընդառաջեց Էրտողանի եւ նախկին նախագահ Ապտիւլլա Կիւլի կոչին` փողոց իջնելու:

«Անատոլու» լրատու գործակալութեան համաձայն, թրքական զանազան շրջաններու մէջ կատարուեցան բողոքի ցոյցեր` զինուորական յեղաշրջումին դէմ:

Նշենք, որ Էրտողան «Սքայփ»-ով կատարուած հաղորդակցութեամբ մը ուղղած էր իր կոչը` շեշտելով, որ իրենք պիտի շրջանցեն այս պատահարը, իսկ Եըլտըրըմ ըսաւ. «Ինչ որ անհրաժեշտ է պիտի կատարենք, նոյնիսկ եթէ զոհեր ունենանք»:

Միւս կողմէ, ռուսական «Սփութնիք» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ բանակը թրքական կառավարութեան մաս կազմող անձնաւորութիւններ ձերբակալած է:

Քիչ անց յայտնուեցաւ նաեւ, որ խումբ մը սպաներ ձերբակալած են թրքական բանակի սպայակոյտի պետը, որ ձերբակալութենէն երկու ժամ ետք սպաննուեցաւ:

turkey2_71516

Բանակը, շրջափակելէ ետք նախագահական պալատն ու խորհրդարանը իր ներկայութիւնը հաստատեց Պոլսոյ բոլոր հրապարակներուն վրայ, իսկ Թաքսիմ հրապարակը դարձաւ զինուորական գօտի, ուր լսուեցան կրակոցներ:

Ուժգին պայթում մը ցնցեց Անգարան, եւ ծայր առին զինեալ բախումներ թրքական բանակին եւ բռնարարքները զսպող ոստիկանութեան միջեւ:

Ըստ Ռոյթըրզի, հրասայլեր կրակ բացին թրքական խորհրդարանի շրջակայքը, իսկ թրքական օդուժը ռմբակոծեց Անգարայի ոստիկանութեան եւ գաղտնի սպասարկութեան կեդրոնները:

Էրտողանի մասին հակասական լուրեր շրջան ըրին, անոնցմէ ոմանք յայտնեցին, որ ան փորձած է դուրս գալ Թուրքիայէն` ապաստան խնդրելով Գերմանիայէն, իսկ ուրիշներ հաղորդեցին, որ ան Թուրքիա կը գտնուի:

Շուրջ երեք ժամ տեւած խառն իրավիճակէն ետք թրքական բանակի Ա. հրամանատարը յայտնեց, թէ զինուորական յեղաշրջումը կատարող կողմը փոքր ջոկատ մըն է, իսկ քիչ անց զինուորական յեղաշրջումին ղեկավարը անձնատուր եղաւ թրքական ապահովութեան ուժերուն:

Թրքական կործանիչ մը Անգարայի մէջ վար առաւ զինուորական յեղաշրջումին մաս կազմող ուղղաթիռ մը:

Թուրքիոյ վարչապետը յայտնեց, որ բանակի հրամանատարութիւնը բոլոր զինուորներուն հրահանգած է վերադառնալ զօրանոց եւ քաղաքացիներէն խնդրած` իջնել փողոց:

Իրաքի պատկերասփիւռի պետական կայանը հաղորդեց, որ թրքական բանակը Իրաք գտնուող իր ուժերուն հրահանգած է հեռանալ Իրաքէն:

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը մտահոգութիւն յայտնեց Թուրքիոյ մէջ ստեղծուած տագնապին գծով, իսկ աւելի ուշ հաղորդեց, որ կը փակէ Թուրքիոյ հետ իր սահմանային բոլոր անցքերը` ցնոր տնօրինում:

Ֆրանսա, Ռուսիա, Միացեալ Նահանգներ, Բրիտանիա, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ, Եգիպտոս եւ այլ պետութիւններ կոչ ուղղեցին Թուրքիոյ մէջ գտնուող իրենց քաղաքացիներուն` զգուշ ըլլալու եւ մնալու իրենց բնակարաններուն մէջ:

Մ. Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերի մաղթեց, որ Թուրքիոյ մէջ խաղաղութիւն եւ կայունութիւն տիրէ:

Նախորդը

Նիսի Մէջ Ահաբեկչական Գործողութիւն Կատարած Եւ Մեծաթիւ Զոհեր Պատճառած Անձը Թունուզցի Մըն Է

Յաջորդը

Ըստ Իտալական Մամուլին. Եուվենթուս 75 Միլիոն Եւրօ Առաջարկած Է Հիկուայինի Համար

RelatedPosts

Յիշարժան Օր Մը Հայութեան Համար.  Հայոց Ցեղասպանութեան Նահատակ Իգնատիոս Արք. Մալոյեան Սրբադասուեցաւ Հոգեպարար Ու Պատմական Արարողութեամբ
Գլխաւոր լուրեր

Յիշարժան Օր Մը Հայութեան Համար. Հայոց Ցեղասպանութեան Նահատակ Իգնատիոս Արք. Մալոյեան Սրբադասուեցաւ Հոգեպարար Ու Պատմական Արարողութեամբ

Հոկտեմբեր 20, 2025
Հանդիպում` «Հայկական Սփիւռքի Մարտահրաւէրները Եւ Հայրենիքը» Նիւթով
Գլխաւոր լուրեր

Հանդիպում` «Հայկական Սփիւռքի Մարտահրաւէրները Եւ Հայրենիքը» Նիւթով

Հոկտեմբեր 20, 2025
Բազմամարդ Հանրահաւաք` Ի Զօրակցութիւն Սամուէլ Կարապետեանին Եւ Ձերբակալուած Բարձրաստիճան Հոգեւորականներուն
Գլխաւոր լուրեր

Բազմամարդ Հանրահաւաք` Ի Զօրակցութիւն Սամուէլ Կարապետեանին Եւ Ձերբակալուած Բարձրաստիճան Հոգեւորականներուն

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?