Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը 15 յուլիսին ցաւակցագիր յղած է Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտին` 14 յուլիսի գիշերը Նիս քաղաքին մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչութեան համար իր վիշտը յայտնելով:
«Խստօրէն կը դատապարտենք մարդկային կեանքի դէմ ուղղուած նմանօրինակ անմարդկային ոճրագործութիւնը եւ, յանուն Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ եկեղեցւոյ, մեր զօրակցութիւնն ու վշտակցութիւնը կը յայտնենք ձեզի, զոհուածներուն ընտանիքներուն ու հարազատներուն եւ Ֆրանսայի բարեկամ ժողովուրդին», նշուած է ցաւակցագիրին մէջ:
Աղօթք բարձրացնելով անմեղ զոհերուն հոգիներուն հանգստութեան համար` Ամենայն հայոց կաթողիկոսը հայցած է Բարձրեալն Աստուծմէ` մխիթարութիւն պարգեւել մահացածներուն հարազատներուն, իսկ ահաբեկչութենէն տուժածներուն շուտափոյթ ապաքինում:
Ուրբաթ 15 յուլիս 2016-ի առաւօտեան, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը մօտէն հետեւելէ ետք Ֆրնսայի Նիս քաղաքին մէջ կատարուած ահաբեկչական արարքին, ցաւակցական ու զօրակցական նամակ մը յղեց Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտին: «Խոր ցաւով ու ընդվզումով իմացանք Նիս քաղաքին մէջ 14 յուլիսին` Ֆրանսայի անկախութեան օրը, անմեղ ժողովուրդին դէմ կատարուած ահաբեկչութեան մասին», ըսաւ վեհափառ հայրապետը եւ շարունակելով յայտնեց` «Խստօրէն կը դատապարտենք այս ահաբեկչական արարքը»:
Անդրադառնալով ահաբեկչութեան, վեհափառ հայրապետը յիշեցուց, որ ահաբեկչութիւնը «ո՛չ կրօն, ո՛չ ազգութիւն եւ ո՛չ սահման կը ճանչնայ: Համամարդկային չարիք է ահաբեկչութիւնը: Հետեւաբար, կրօններ, ազգեր ու պետութիւններ կոչուած են զայն միասնաբար արմատախիլ ընել մարդկային ընկերութենէն»:
Իր նամակի վերջաւորութեան, Արամ Ա. կաթողիկոս յայտնեց, թէ կ’աղօթէ զոհերու հոգիներուն համար եւ շուտափոյթ ապաքինում կը մաղթէ վերաւորներուն, ինչպէս նաեւ մեր եկեղեցւոյ ու ժողովուրդին զօրակցութիւնը փոխանցեց Ֆրանսայի ժողովուրդին ու պետութեան: