Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Սփիւռք» Ամառնային Դպրոցի Երեք Դասընթացքներու Փակում

July 16, 2016
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԺԱՔ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

closing_71516

Երէկ` ուրբաթ, 15 յուլիսի յետմիջօրէին Երեւանի պետական համալսարանի Մշակոյթի կեդրոնի դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ «Սփիւռք» ամառնային դպրոցի փակման հանդիսութիւնը գլխաւոր երեք ուղղութիւններով` Լրագրողներու վերապատրաստում, Ազգային երգի ու պարի վարպետութիւն եւ Երիտասարդ առաջնորդներու ու համայնքային ղեկավարներու պատրաստում: Դպրոցի միւս երկու ուղղութիւններով` Ուսուցիչներու  վերապատրաստում եւ Հայերէնի արագացուած դասընթացքները պիտի շարունակուին մինչեւ ամսուան վերջ:

Closing2_71516

Ներկայ էին Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան եւ Երեւանի պետական համալսարանի նախագահ փրոֆ. Արամ Սիմոնեան: Մատուցուեցաւ գեղարուեստական ճոխ յայտագիր` Ազգային երգ ու պարի վարպետութեան դասընթացքին մասնակիցներուն կողմէ: Խօսք առաւ նախարար Հրանուշ Յակոբեան, որ շեշտեց, թէ դասընթացքներուն աւարտով եւ մասնակիցներուն իրենց համայնքները վերադարձով նոր էջ մը պէտք է բացուի հայրենիք- սփիւռք յարաբերութիւններու մակարդակով: Նախարար Յակոբեան մասնաւորապէս մաղթեց, որ «Սփիւռք» ամառնային դպրոցին մասնակիցները իրենց համայնքներուն մէջ ըլլան հայրենիքի ու սփիւռքի նախարարութեան մէկական դեսպանները` աշխարհասփիւռ հայութեան ներուժը դէպի հայրենիք ուղղորդելու առումով:

Այնուհետեւ հանդիսաւորապէս տեղի ունեցաւ «Սփիւռք» ամառնային դպրոցի մասնակիցներուն հաստատագիրներու բաշխումը վերոյիշեալ երեք ուղղութիւններով, ձեռամբ` նախարար Հրանուշ Յակոբեանի եւ համալսարանի նախագահ փրոֆ. Արամ Սիմոնեանի: Յայտնենք, որ իրենց հաստատագիրները ստացողներու շարքին էին` Լրագրողներու վերապատրաստութեան դասընթացքին մասնակից` «Ազդակ» օրաթերթը ներկայացնող Ժաք Յակոբեան եւ Սիլվա Գարավարդանեան:

Յառաջիկային կ՛անդրադառնանք սփիւռքը հայրենիքին կապող այս յոյժ կարեւոր ծրագիրի այլ երեսներուն:

ԵՐԵՒԱՆ

Նախորդը

Հաղորդագրութիւն

Յաջորդը

Նշմար. Ահաբեկչութեան Դէմ Եւ Ոգիի Պահպանման Պայքար

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ

February 3, 2026
Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.