
Անդրադառնալով ոստիկանութեան պարեկապահակային ծառայութեան գունդի տարածք բռնութեամբ ներխուժելու դէպքին, «Երկիր»-ին հետ զրոյցի մը ընթացքին ՀՅԴ Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Աղուան Վարդանեան ըսաւ. «Այդ մարդիկը երկրին մէջ անհրաժեշտ փոփոխութիւններ իրականացնելու ամէնէն սխալ եւ դատապարտելի ձեւը ընտրած են: Ծայրայեղական մտածողութիւնը, ընդհակառակն, կը նուազեցնէ որակական փոփոխութիւններու կարելիութիւնը: Զէնքով, բռնութեամբ, պատանդներով, ահաբեկչութեամբ հարցերը պիտի չլուծուին:
«Վստահ եմ, որ անոնք հանրային լայն աջակցութիւն չեն կրնար ունենալ: Վատ է նաեւ այն, որ այսօր արդէն միջազգային լրատուամիջոցներու մէջ թրքական յեղաշրջման փորձը պիտի փոխարինուի հայաստանեան դէպքերով: Մնացածը իրաւապահներուն ընելիքն է, որ մինչեւ այժմ, իմ կարծիքով, լաւ չեն կատարած», յայտնած է Վարդանեան:


