Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նիսի Մէջ Ահաբեկչական Գործողութիւն Կատարած Եւ Մեծաթիւ Զոհեր Պատճառած Անձը Թունուզցի Մըն Է

Յուլիս 16, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

nice1_71516

Հինգշաբթի` 14 յուլիս 2016-ը իր ցաւալիութեամբ անջնջելի պիտի ըլլայ Ֆրանսայի պատմութեան մէջ:

Արդարեւ, այդ օր կէս գիշերին ճերմակ մեծ բեռնակառք մը խուժեց հազարաւոր մարդոց վրայ, որոնք Նիսի «Փրոմընատ տեզ Անկլէ»-ի հրապարակին վրայ հաւաքուած էին դիտելու համար Ֆրանսայի ազգային տօնին առիթով կատարուող հրավառութիւնը:

Ըստ կարգ մը լրատուական տեղեկութիւններու, բեռնակառքը աջ ու ձախ կրակելով յառաջացաւ` խուժելով հաւաքուած մարդոց վրայ:

nice3_71516

Ոստիկանութիւնը սպաննեց բեռնակառքին վարորդը, որ, ըստ բրիտանական «Միրըր»-ի, Մուհամետ Լահուայէջ Պուհլելն է: Թէեւ ԱՖՓ հաղորդեց, որ բեռնակառքին մէջ գտնուած է ֆրանսացի-թունուզցի 31-ամեայ երիտասարդի մը անձնագիրը, սակայն հետագային ֆրանսական լրատուամիջոցներ նշեցին, որ ան Ֆրանսայի քաղաքացի չէ, այլ կեցութեան թուղթ ունեցող թունուզցի մը:

Արձանագրուած զոհերուն թիւը առնուազն 84 է, որոնց շարքին` մանուկներ: Կան բազմաթիւ վիրաւորներ: Լենվալ մանուկներու հիւանդանոցէն Լորանս Մարի «Ռոյթըրզ»-ին յայտնեց, որ բազմաթիւ մանուկներ կ՛ենթարկուին վիրահատութեան: Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր կարգին նշեց, որ զոհերուն շարքին են Հայաստանի Հանրապետութեան երկու քաղաքացիներ:

Դէպքէն ետք Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ` վարչապետ Մանուէլ Վալսի հետ ուղղուեցաւ Նիս, ուր այցելեց ահաբեկչական գործողութենէն վիրաւորուածներուն, ինչպէս նաեւ զրուցեց բժիշկներուն հետ` վիրաւորներուն վիճակին ու կարիքներուն մասին տեղեկութիւններ ստանալով:

hollande_nice_71516

Նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ արշալոյսէն առաջ յղած պատկերասփռուած ուղերձին մէջ յայտնեց, որ դէպքը ահաբեկչական յարձակում մըն էր: Ան նշեց, որ տակաւին յստակ չէ, թէ վարորդը օգնականներ ունէ՞ր, թէ՞ ոչ` աւելցնելով. «Ամբողջ Ֆրանսան իսլամական ահաբեկչութեան սպառնալիքին տակ է»:

Ֆրանսայի նախագահը ըսաւ, որ 10 հազար զինուոր եւ պահեստի զինուորներ զօրակոչի ենթարկուած են ու երկրին շարք մը վայրերու մէջ տեղակայուած` շեշտելով. «Պիտի հարուածենք անոնք, որոնք մեզ մեր հողերուն վրայ թիրախ կը դարձնեն»:

Հոլլանտ նաեւ յայտարարեց, որ երկրին մէջ արտակարգ դրութիւնը երեք ամիսով կ՛երկարաձգուի` նշելով, որ Նիսի յարձակումէն ետք Ֆրանսան պիտի ամրապնդէ Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ իր միջամտութիւնը:

Այս առիթով Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա հեռաձայնային զրոյց մը ունեցաւ նախագահ Հոլլանտի հետ:

Hollande2_71516

Նիսի մէջ գործուած ահաբեկչական անարգ ոճիրին անդրադառնալով` Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա նշեց, որ իրենք ճիգ պիտի չխնայեն պայքարելու ատելութեան համոզումին դէմ, որովհետեւ անիկա կը քանդէ իսլամականութիւնը:

«Մենք ահաբեկչութեան դէմ յաղթանակ պիտի արձանագրենք` կառչած մնալով բազմազանութեան եւ ազատութիւններուն», ըսաւ Օպամա` աւելցնելով, որ Նիսի դէպքէն ետք կատարուած յայտարարութիւնները` իսլամականները թիրախ դարձնելու վերաբերող, պժգալի են:

Օպամա ընդգծեց, որ Մ. Նահանգներ յանձնառու կը մնան ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու եւ կ՛աշխատին ի խնդիր ապահովութեան, խաղաղութեան եւ մարդկային արժանապատուութեան հաստատումին:

«Նիսի վայրագութիւնը մեզի պիտի չարգիլէ ՏԱՀԵՇ-ը տապալելու նպատակով մեր պատերազմը շարունակելու», շեշտեց Օպամա:

c0734d9cd96f442a92f1810c0d3644ff_18nice2_71516Մինչ այդ Սպիտակ Տունը յայտարարած էր, որ Նիսի մէջ տեղի ունեցածը կը նկատէ ահաբեկչական գործողութիւն` հաստատելով, որ նախագահ Օպամա Ֆրանսայի նախագահին առաջարկած է ամերիկեան ապահովական օժանդակութիւն տրամադրել Նիսի յարձակումէն ետք: Սպիտակ Տունը նաեւ հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահը հրամայած է կառավարական շէնքին դրօշակները կիսով բարձրացնել` իբրեւ սուգ Նիսի զոհերուն:

Իր կարգին Ֆրանսայի վարչապետ Մանուէլ Վալս շեշտեց, որ ֆրանսա կարող է տապալել ահաբեկչութիւնը, յայտնելով, որ Նիսի թափանցումը կատարողը ծայրայեղականներու հետ կապեր ունեցող ահաբեկիչ մըն է:

Վալս շեշտեց, որ ապահովական ոչ մէկ բացթողում արձանագրուած է, հաստատելով, որ միջազգային դաշինքը զինուորական իր կարողութիւնները պիտի հզօրացնէ` պատերազմելու համար ահաբեկչական ՏԱՀԵՇ-ի դէմ:

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգեց Նիսի զոհերուն յիշատակը:

Ապա խորհուրդը գումարեց նիստ մը, որ յատկացուած էր Իրաքի մէջ տիրող իրավիճակի քննարկումին:

Նշենք, որ Ապահովութեան խորհուրդի անդամ 15 երկիրները խստիւ դատապարտեցին Նիսի յարձակումը եւ ցաւակցութիւն յայտնեցին 84 զոհերուն հարազատներուն եւ Ֆրանսայի կառավարութեան, ինչպէս նաեւ շուտափոյթ ապաքինում մաղթեցին վիրաւորներուն:

Միւս կողմէ, ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն դատապարտեց Նիսը հարուածած ահաբեկչական յարձակումը, զայն որակելով սպանդ: «ՄԱԿ-ը նեցուկ կը կանգնի Ֆրանսայի կառավարութեան եւ ֆրանսացիներուն, որոնք ահաբեկչական սպառնալիք կը դիմագրաւեն», ըսաւ ան:

Քի Մուն ընդգծեց, որ հարկ է շրջանային եւ միջազգային ջանքերը աշխուժացնել` դիմակալելու համար ահաբեկչութիւնն ու ծայրայեղականութիւնը: «Նիսի սպանդը գործող բոլոր պատասխանատուները պէտք է դատական իշխանութիւններուն ներկայանան եւ անմիջապէս դատավարութեան ենթարկուին», ըսաւ ան:

Այս առիթով Ֆրանսայի մէջ եռօրեայ սուգ յայտարարուեցաւ:

Նշենք, որ ֆրանսական լրատուամիջոցներ երէկ հաղորդեցին, որ ֆրանսական ոստիկանութիւնը Նիսի օդակայանին մէջ լքուած պայուսակի մը պատճառով դատարկած է օդակայանը եւ զայն խուզարկած: Նախքան այդ, սակրաւորները խուզարկած էին Նիսի մէջ կասկածելի բեռնակառք մը, ինչպէս նաեւ կասկածելի թղթածրար մը պայթեցուցած:

 

Նախորդը

Նախագահ Սերժ Սարգսեան Ցաւակցական Հեռագիր Յղեց Ֆրանսայի Նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտին

Յաջորդը

Թուրքիոյ Մէջ Զինուորական Յեղաշրջումի Փորձը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?