Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զինեալներուն Հետ Բանակցութիւնները Կը Շարունակուին` Կացութեան Խաղաղ Լուծումը Ապահովելու Նպատակով

July 19, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Boghossian_71816

17 յուլիսի առաւօտեան Հայաստանի Հանրապետութեան ոստիկանութեան պարեկապահակային ծառայութեան գունդի տարածք մուտք գործած, բռնութեամբ պատանդ պահող եւ Ժիրայր Սեֆիլեանի ազատ արձակումը պահանջող զինեալներուն հետ բանակցութիւնները կը շարունակուին: 18 յուլիսին լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին այս մասին յայտարարած է Հայաստանի փոխոստիկանապետ Յունան Պօղոսեանը` աւելցնելով, որ իրաւապահներուն կողմէ հարցին լուծման միտող նախաձեռնութիւնները ընթացքի մէջ են:

Ան յայտնած է, որ իրաւապահ համակարգին պահանջները կը մնան նոյնը` ազատ արձակել բոլոր պատանդները, դադրեցնել իրավիճակին սրումը եւ կացութեան ապակայունացումը` աւելցնելով, որ իրենք իրաւասու են ձեռնարկելու օրէնքով թոյլատրելի քայլերու: Ոստիկանապետը չի մասնակցիր բանակցութիւններուն, դէպքին սկսած վայրկեանէն ան համապատասխան վայրին մէջ է եւ կը ղեկավարէ բոլոր գործողութիւնները:  Բանակցութիւնները կը վարէ միջնորդ սպայ մը, որ կը բանակցի ոստիկանութեան պարեկապահակային ծառայութեան գունդի տարածքին մէջ գտնուող համապատասխան անձին հետ:

«Փոխզիջումներ կատարելու տարբերակը պէտք է ըլլայ երկուստեք. եթէ անոնք ցուցաբերեն փոխզիջման պատրաստակամութիւն, համարժէք պատասխան պիտի ստանան մեր կողմէ», նշած է Պօղոսեան` տեղեկացնելով, որ Ժիրայր Սեֆիլեանը բանակցութիւններուն մէջ ներգրաւելու հարցը չի քննարկուիր:

Յունան Պօղոսեանի համաձայն, 17 յուլիսին հանրապետութեան տարբեր քաղաքներու մէջ ոստիկանութեան բաժիններ բերման ենթարկուած բոլոր անհատները ազատ արձակուած են: Քանի մը անձեր ենթարկուած են վարչական պատասխանատուութեան, ուրիշներ` կանչուած հարցաքննութեան: «Անոնք, որոնք կը խախտեն հասարակական կարգը, բերման կ՛ենթարկուին,  օրէնքը յարգողները վախնալու ոչ մէկ պատճառ ունին», ընդգծած է ոստիկանութեան պետի տեղակալը:

18 յուլիսին Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան կողմէ հրապարակուած յայտարարութեան մէջ նշուած էր, որ ապօրինաբար արգելափակուած տարածքին մէջ գտնուող զինուած անձերուն յանցաւոր գործողութիւններու կասեցման ու խափանման առնչուող քայլերու ծիրին մէջ յատուկ նշանակութեան ստորաբաժանումներու կողմէ 17-18 յուլիսի լուսցող գիշերը ազատ արձակուած է երկու պատանդ` պարեկապահակային ծառայութեան աշխատակից մը եւ շտապ օգնութեան ինքնաշարժին վարորդը: Աւելի ուշ կարելի եղաւ ապահովել պատանդներէն մէկուն ազատ արձակումը:

«Այդուհանդերձ, զինուած խումբը կը հրաժարի ազատ արձակել բռնութեամբ պահուող այլ անձեր, որոնց կարգին` ոստիկանութեան բարձրաստիճան պաշտօնեաներ, վար դնել զէնքերը եւ յանձնուիլ իշխանութիւններուն: Կատարուած յարձակման իբրեւ հետեւանք ապօրինի կերպով ազատազրկուած անձերուն կեանքը եւ առողջութիւնը կը շարունակէ վտանգուած մնալ: Արդէն իսկ քանի մը յանցանք կատարած եւ իրենց տրամադրութեան տակ մեծ քանակութեան զէնք ու զինամթերք ունեցող ահաբեկիչները ակնյայտ եւ անմիջական վտանգ կը ներկայացնեն ո՛չ միայն պատանդներուն, այլ նաեւ հանրութեան համար: Հայաստանի իրաւապահ մարմինները կը ձեռնարկեն կարելի  եւ հասանելի բոլոր միջոցներուն` իրավիճակին խաղաղ լուծում տալու համար, սակայն ստեղծուած պայմաններուն մէջ ատիկա կրնայ բաւարար չըլլալ: Ուստի անգամ մը եւս կը յորդորենք զինուած խումբի անդամները` ձեռնպահ մնալու նոր զոհերու եւ այլ ծանր հետեւանքներու յանգեցնող յանցաւոր գործողութիւններէն եւ դադրեցնելու զինուած դիմադրութիւնը: Ատոր համար դեռ կայ ժամանակ եւ կարելիութիւն», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Նոյն օրը երեկոյեան Երեւանի Ազատութեան հրապարակին վրայ հաւաքուած քաղաքացիներուն եւ ոստիկաններուն միջեւ պարբերաբար քաշքշուք տեղի ունեցած է: Յայտարարուած հանրային քննարկման մասնակցելու համար հաւաքուածներէն ոմանք առաջարկած են ուղղուիլ Էրեբունի` պարեկապահակային ծառայութեան գունդի տարածք, եւ երբ անոնք կը փորձէին շարժիլ հիւսիսային պողոտային ուղղութեամբ, ոստիկանները փակած են ճամբան: Էրեբունի երթալու կոչ ուղղողները ձերբակալուած են:

Փոխոստիկանապետ Յունան Պօղոսեան Հիւսիսային պողոտայի մէկ հատուածը հասած քաղաքացիները յորդորած է հրաժարիլ իրենց այդ քայլէն, քանի որ հոն բանակցութիւններ կը կատարուին արդէն:

Հաւաքուածները, անսալով Պօղոսեանի կոչին, վերադարձած են Ազատութեան հրապարակ, ուր իրավիճակը հանդարտած է:

 

 

Նախորդը

Քրեմլին. «Կը Փափաքինք Մեր Դրացիները Տեսնել Կայուն Եւ Կանխատեսելի»

Յաջորդը

Կիրօ Մանոյեան. «Անհրաժեշտ Է Զգօն Ու Միակամ Ըլլանք, Մեր Հիմնական Թիրախները Նոյնը Պէտք Է Ըլլան»

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.