Երէկ առաւօտեան խումբ մը զինուած անձինք մտած են Հայաստանի Հանրապետութեան ոստիկանութեան պարեկապահակային ծառայութեան գունդի տարածք եւ բռնութեան սպառնալիքով պահեցին այնտեղ գտնուող անձերը: Այս մասին նշուած է Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան (ԱԱԾ) յայտարարութեան մէջ:
Միաժամանակ զինեալներուն կողմնակիցները լրատուամիջոցներով եւ ընկերային ցանցերով պարբերաբար ապատեղեկատուութիւն տարածեցին զինեալ ապստամբութեան սկսելու, շէնքեր եւ շինութիւններ գրաւելու մասին: Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը պաշտօնապէս յայտարարեց, որ տարածուող տեղեկատուութիւնը բացարձակապէս չի համապատասխաներ իրականութեան:
Ըստ ԱԱԾ-ի, պետական իշխանութեան մարմինները կը գործեն բնականոն կարգով, իսկ իրաւապահ մարմինները յաւուր պատշաճի կ՛իրականացնեն օրէնքով իրենց վերապահուած հասարակական կարգի պահպանութեան եւ պետական անվտանգութեան ապահովման գործառոյթները: Զինուած անձերուն հետ տեղի ունեցան բանակցութիւններ` Հայաստանի իշխանութիւններուն անոնց խաղաղ յանձնուիլը կազմակերպելու համար:
«Կը վստահեցնենք, որ ինչպէս այս, այնպէս ալ որեւէ այլ անօրինական գործողութիւն անյապաղ պիտի խափանուի իրաւապահ մարմիններուն կողմէ, իսկ այդ գործողութիւնները կատարած անձինք պիտի չէզոքացուին եւ պատասխանատուութիւն պիտի կրեն Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնսդրութեամբ սահմանուած կարգով», ըսուած է Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան հաղորդագրութեան մէջ:
Երկրորդ հաղորդագրութեամբ, Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը փոխանցած է. «Խումբ մը զինուած անձինք պատանդ վերցուցած են ոստիկանութեան սահմանափակ թիւով ծառայողներ` անոնց ազատ արձակման դիմաց պահանջելով ազատ արձակել մօտ մէկ ամիս առաջ խումբ մը անձերու կողմէ ապօրինի կերպով զէնք եւ ռազմամթերք ձեռք բերելը, փոխադրելը եւ պահելը կազմակերպելու մեղադրանքով ձերբակալուած Ժիրայր Սէֆիլեանը: Մէկ ոստիկան զոհուած է, երկու` վիրաւորուած: Ապօրինաբար արգելափակուած տարածքին մէջ գտնուող զինուած անձերուն յանցաւոր գործողութիւններու կասեցման ու խափանման առնչուող քայլերու ծիրին մէջ յատուկ նշանակութեան ստորաբաժանումներու կողմէ ազատ արձակուած է երկու պատանդ:
«Հայաստանի Հանրապետութեան իրաւապահ մարմինները ամբողջութեամբ կը վերահսկեն իրավիճակին եւ կը ձեռնարկեն բոլոր անհրաժեշտ միջոցներու` հանգուցալուծման հասնելու համար: Միաժամանակ Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը կոչ կ՛ուղղէ լրատուամիջոցներուն` տեղեկատուութիւն տարածելու ընթացքին օգտագործելու միայն պաշտօնական աղբիւրներէ ստացուած տուեալները, որովհետեւ հակառակ պարագային սփռուող ապատեղեկատուութիւնը պիտի նպաստէ ձեռնարկուած յանցաւոր գործողութիւններու իրականացման, վտանգ պիտի հանդիսանայ մարդոց կեանքին եւ առողջութեան», ըսուած է յայտարարութեան մէջ: