
Երէկ կէսօրին Այն Թինէ հիւրընկալեց Ազգային երկխօսութեան նիստը, որ այս անգամ եռօրեայ տեւողութիւն պիտի ունենայ:
Նիստին նախագահեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի, իսկ անոր մասնակցեցան վարչապետ Թամմամ Սալամ, ընկերակցութեամբ` ընկերային հարցերու նախարար Ռաշիտ Տըրպասի, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, ընկերակցութեամբ` ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Արթիւր Նազարեանի, երեսփոխան Միշել Մըր, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ, ընկերակցութեամբ` երեսփոխան Ղազի Արիտիի, Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլան, ընկերակցութեամբ` Հասան Համատէի, Ղովմի կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ասաատ Հարտան, ընկերակցութեամբ` Ալի Քանսոյի, խորհրդարանի փոխնախագահ Ֆարիտ Մքարի, նախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթի, ընկերակցութեամբ` երեսփոխան Ահմետ Քարամէի, երեսփոխան Հիքմաթ Տիպ, Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ, ընկերակցութեամբ` նախկին նախարար Եուսեֆ Սաատէի, հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար Պութրոս Հարպ, ընկերակցութեամբ` Ժաուատ Պուլոսի, Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ, ընկերակցութեամբ` երեսփոխան Ալի Ֆայեատի, նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա, ընկերակցութեամբ` երեսփոխան Աթեֆ Մաժտալանիի, Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ, ընկերակցութեամբ` երեսփոխան Էլի Մարունիի, իսկ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն Ազգային երկխօսութեան նիստին ներկայացուեցաւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար Ժըպրան Պասիլի կողմէ:
Լիբանանի դիմագրաւած քաղաքական տագնապը եւ գլխաւորաբար նախագահական ընտրութեան թղթածրարը քննարկելու համար գումարուած այս նիստը, որ պիտի շարունակուի մինչեւ հինգշաբթի օր, հիմնականին մէջ պիտի փորձէ վերջ տալ նախագահական թափուր աթոռի կացութեան, ինչպէս նաեւ յանգիլ ընտրական նոր օրէնքի մը մշակումին:
Նիստէն մեկնումի պահուն Արսլան յայտնեց, որ երկխօսութեան նիստին մթնոլորտը խաղաղ եղած է` աւելցնելով, որ եթէ ընտրական օրէնքին իմաստով կարելի չըլլայ համաձայնութիւն գոյացնել, ապա պիտի վերադառնան զերօ կէտին:
Ան մաղթեց, որ յառաջիկայ երկու օրերուն կարելի ըլլայ համաձայնութեան մը գոյացումը` աւելցնելով, որ քաղաքական բոլոր կողմերը յանձնառու կը մնան Թաէֆի համաձայնագիրին:
Իր կարգին, Պասիլ յայտնեց, որ իրենց համար կտրականապէս մերժելի են ընտրական այն օրէնքները, որոնք յստակ չեն եւ մէկ չափանիշի վրայ չեն հիմնուած:
«Մենք կ՛ուզենք արդար ներկայացուցչութիւն ապահովող ընտրական օրէնք մը եւ ոչ թէ քաղաքական ուժերու շահերուն յարմարող օրէնք մը», ըսաւ ան:
Տըրպաս յայտնեց, որ եռօրեայ երկխօսութեան նիստերէն ետք անհրաժեշտ է անպայման դրական արդիւնքներով դուրս գալ:
Ֆայեատ նշեց, որ հակառակ կատարուած լուրջ քննարկումներուն, Ազգային երկխօսութեան նիստը նորութիւն մը չէ կրցած արձանագրել` նկատի ունենալով, որ անոր մասնակցող քաղաքական ուժերէն իւրաքանչիւրը կառչած մնացած է իր տեսակէտին` ինչ կը վերաբերի ընտրական օրէնքին:
Նշենք, որ Ժոմպլաթ եւ Ֆրենժիէ մեկնեցան նախքան նիստին աւարտը: Ժոմպլաթ յայտնեց, որ կան արգելքներ եւ խոչընդոտներ, որոնք լուծման կարիքը ունի, սակայն երկխօսութիւնը պէտք է շարունակուի: Իսկ Ֆրենժիէ նախընտրեց լուռ մնալ:
Երկխօսութեան նիստը պիտի շարունակուի այսօր կէսօրին, նոյն վայրին մէջ:


